Վահէ Յ Աբէլեան
Տեղադրած գերեզմանագարին նկարը Յակոբ Չոլաքեանին ֆէյսպուք էջէն է, հետեւեալ արձանագրութեանբ՝
Բարունակ
Յով(հա)ննես (եան)
Ծն(եալ) 1855
Չմշկածա(գ)
Մեռ(աւ) 193(?)
Մուշաշէն
Յակոբ Չոլաքեանի Ֆէյսպուքէն |
Մուշաշէն գիւղին մասին առաջին անգամ կարդացի Թուրիկին «Ծիծաղ, Ազգային, Միջազգային» գիրքին մէջ, քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ։ Գիրքը հարտարակուած է Լիբանան։ Ինչպէս գիրքին անունը ցոյցը կուտայ, իմ կարդացած պատմութիւնն ալ երգիծանք մըն է որ կը սկսի հետեւալ նախադասութեամբ՝ «Համայի մօտերը, Մշեցիները Մուշաշէն անուն գիւղ մը հիմնած էին։ Ազգերու Դաշնակցութեան հայ քննիչներէն մէկը գիղը կ՚երթայ։»
ինչպէ՞ս կարելի էր այլապէս մտածել որ իսկապէս Մշեցիները, Սուրիոյ Համա քաղաքին մօտերը, եւ Ազգերու Դաշնակցութեան գործակցութեամբ, գիւղ մը հիմնած պիտի ըլլան, եւ գիւղին անունն ալ Մուշաշէն դրած պիտի ըլլան. իսկ գիւղն ալ մարախի պատճառած վնասի ենթարկուած եղած պիտի ըլլայ։ Այս ամբողջը թէական կը թուի, այնպէս չէ՞։ Գէթ ինծի համար շինծու գիւղի մը, շինծու պատմութեան նմանեցաւ։ Կարելի՞ է որ իրական ըլլար, մանաւանդ որ Թուրիկին գրածն ալ Ծիծաղ անունով գիրքի մը մէջ հրատարակուած է։
Չեմ յիշեր ինչու համար, 26 Սեպտեմբեր, 2017-ին, այդ գիրքին եւ այդ պատմութեան մասին ակնարկ մը ըրած էի Ֆէյսպուքի էջիս վրայ։ Զարմանքնս մեծ եղաւ երբ Արա Ղազարեանը, Գանատային, հետեւալը տեղեկացուց ինծի՝ «Համայի մոտակայ Մուշաշէն աւանին հիմնադրութեան երազը կը պատկանէր Լաթաքիա ապրող մշեցի Գարէգին Մկրտիչեանի, որուն ջանքերով կազմուեցաւ այս գիւղը. Դժբաղթաբար իրարյաչորդ երաշտը ու մարախները պատճար եղան բնակջութեան լքումի, Պրն. Մկրտիչեան եղաւ վերչինը տեղափոխուելով Լաթաքիա։» Շարունակելով իր այդ տեղադրութիւնը Արան կը նշէր նաեւ որ «Գարեգին Մկրտիչեանի զաւակը, Գալուստը կապրի Օթթաուա եւ ես եղած եմ իր երկուորեակներուն կնքահպայրը.իսկ գալով Թուրիկի գիրգին հետաքրքրութեամբ կը կարդայի։»
Պարզ է չէ՞. հաւաստի աղբիւրէ մը՝ Արա Ղազարեանէն, գիւղին մասին ըրած տեղեկութիւնը ճիշդ է։ իսկապէս Մուշաշէն անունով հայ գիւղ մը եղած է Սուրիոյ Համա քաղաքին մօտ։ Եւ ոչ թէ միայն այդպէս գիւղ մը եղած է, այլ Թուրիկին երգիծանքին մէջ յիշած մարախներու պատմութիւնը ճիշդ պատահար մը եղած է։Իրաւ հայ գիւղ մը, իր իրական հարցերով։
Քանի մը օր առաջ, 8 Հոկտեմբեր 2024-ին, Մուշաշէն գիւղը երեւցաւ պատմագէտ Յակոբ Չոլաքեանին Ֆէյսպուք էջին վրայ ուր ան զետեղած էր վերը տեղադրած նկարը։ Յակոբ Չոլաքեանը կը նշէ ՝ «նկարը առնուած է Համայի նահանգի Ճըպ Ռամլէ շրջանի նախկին Մուշաշէն, ներկայիս՝ ալ-Արման, գիւղի գերեզմանատունէն։ Այս հայակերտ գիւղի մասին ես յիշատակութիւններ ունիմ «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն» գործիս մէջ (Ա․ հատոր էջ 44 եւ 91): Կը յիշուիի Քրայիաթ Մուշաւան եւ Մուշաշէն անուններով։ Չշփոթել Աղեքսանդրէթի սանճագի Մուշաշէն կամ Ապտալ Հիւյիւք գիւղին հետ։ Հոս հայերը տեղաւորուած են Ազգերու լիկայի միջոցով, կը զբաղին հողագործութեամբ: 1931ին, ըստ Լաթաքիոյ թեմի առաջնորդ Եփրեմ եպս․ Տոհմունիի, «ունի 60 տուն՝ 284 անձով. եկեղեցի ու վարժարան չունին. այս մասին մերկատարած բերանացի դիմումները ցարդ մնացած են ապարդիւն, հակառակ տրուած խոստումներուն։ Գրաւոր ու բերանացի աղբիւրները քիչ բան կը հաղորդեն։ Մուշաշէնցի մը կը ճանչնայի Լաթաքիա։ Գիւղը գոյատեւած ըլլալու է մինչեւ 1950ականները։ Հոգեւոր պէտքերը գոհացուցած են այցելու քահանաները։»
Մաթիկ էպլիղաթեանն ալ Զուիցերայէն հետեւալը նշեց Մուշաշէն գիւղին մասին որպէս հաւելեալ տեղեկութիւն ՝« Շնորհակալութիւն Դոկտ. Յակոբ, այս անդրադարձին, գրարումէս քանի մը ժամ ետք: Մուշաշէնի մասին լսած եմ հանգուցեալ Միսաք Մկրտիչեանէն, որուն հայրը եղած է Մուշաշէն գիւղի Մուխթարը, ուր ընդհնրապէս Մշեցիներ կայք հաստատած են, դժբախտաբար «աշխոյժ» գաղթի պատճառով գիւղը հայաթափուած է: Այս առիթով Բերիոյ Թեմի Ազգային իշխանութեան նկատողութեան պարտիմ յանձնել, եթէ այնտեղ ազգապատկան կալուածներ տակաւին մնացած են: Այսպիսի Հայկական գիւղ մըն ալ հաստատուած է Թէլ Պրաք Ճեզիրէի շրջանը:»
Եւ ապա, Յակոբ Չոլաքեանը հետեւալ տեղադրութիւնը ըրաւ գիւղին մասին՝ «Նորայր Մանճեան Մուշաշէնի արդի վիճակին մասին սուիական լրատուական այս տեսանիւթը ինծի յղեց։ Գիւղը պաշտօնապէս կը պահէ իր ծննդոց անունը։» Անոնք որոնք հետարքրուած են կրնան կարդալ Յակոբ Չոլաքեանին Ֆէյսպուքի այդ վերոյիշեալ թուականին եղած տեղադրութիւնները։
Այսպէս այն ինչ որ կարդացած էի Թուրիկին «Ծիծաղ» գիրքին մէջ ճիշդ էր, որ Մշեցիները, Սուրեական Համա քաղաքին մօտ Մուշաշէն անունով գիւղ մը հիմնած են, որ այդ գիւղը հիմնուած եղած է Ազգերու Լիկայի միջնորդութեամբ, եւ որ այդ գիւղը մարախի գործած վնասին ենդարկուած է եւ կարճ ժամանակի մէջ պատմութեան անցած է։ Բայց տեղեկութիւնները ցոյց կուտան որ գիւղը տակաւին պաշտօնապէս այդ անունով գրանցուած մնացած է որպէս պաշտօնական արձանագրութիւն, թէեւ հոն Մշեցի կամ Հայ չէ մնացած ինչպէս հազարաւոր այլ հայ գիւղերուն մէջ ալ, որոնց անուններն ալ սրբուած են։
Գալով Թուրիկին գրած երգիծանքին՝ կրնաք կարդալ պատմութիւնը։ Էջերուն պատճէնները տեղադրած եմ ներքեւը Արա Ղազարեանին համար։
No comments:
Post a Comment