V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, October 31, 2024

Մեր Հայրենիքին ծանօթանալը չուշացնել

Աւօ Պօղոսեանին «մեր կորուսեալ հայրենիքին» զբօսաշրջիկութեան առթիւ։

Նշած վերնագիրով  մտածեցի պատասխանել Աւօ Պօղոսեանին վերջին՝ «Որքան ուշ ծանօթացայ մեր կորուսեալ հայրենիքին…» տեղադրութեանը, Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։ Գալիք օրերուն Աւոն պիտի շարունակէ տեղադրել, «մեր կորուսեալ հայրենիքին»՝ Արեւմտահայաստանին, մասնակցած խմբային զբօսաշրջիկութեանը։ Չեմ ուզէր գործածել այցելութիւն անտեղի բառը։ Մարդ՝ մարդու կ՚այցելէ եւ ոչ թէ քարին։

Բազմիցս, նման զբօսաշրջիկութիւններու մասին լսած եմ, կամ կարդացած եմ տեղեկութիւններ։ Աւոյին տեղեկութիւնները մէկ այլ արձականգ մը պիտի ըլլայ ։ 

Յիշողութեանս մէջ մնացած են նման այցելութիւններուններուն հրապարակային ներկայացումներէն քանի մը մը պատահարներ։ նշեմ քանի մը հատը՝

Առաջինը՝ քանի մը տասնամեակներ առաջ էր, երբ Լիբանանէն լուսանկարիչ մը, որքան որ կը յիշեմ ճանցուած էր որպէս «Շիրազ», իր լուսանկարչատան գործին անունովը, այցելած էր Արեւմտահայաստանը։ Իմ պատկերացումովս ան եղաւ նման այցելութիւններ ընողներուն առաջինը։ Եւ ինչպէս ամէն առաջին փոռձառութիւն, այդ այցելութիւնը յուզեց այն օրերու Լիբանահայութիւնը երբ տակաւին պատկառելի համեմատութեամբ Արեւմտահայաստան ծնածներ կային։

Մտապատկերիս վրայ կայ նաեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Սրք. Աշճեանին, Արեւմահայաստան կազմակերպած շրջապտոյտը 1980 տասնամեակի առաջին տարիերուն։ Հանրային ելոյթը տեղի ունեցաւ Նէւ Ճըրզի Նահանգին Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցիին ներքնասրահը։ Ելոյթ ունեցան Ամերիկածին հայ երիտասարդներ որոնք մասնակցած էին այցելութեան։ Անոնցմէ մին՝  Րաֆֆի Կ. Ռիչարդի Յովհաննէսեանն էր որ պիտի դառնար Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան առաջին  արտաքին գործոց նախարարը։ 

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սարոն։ Ամերիկածին հայ երիստասարդներուն շրջապտոյտին մասնակցութիւնը հետաքրքրութիւնս ստեղծած էր, մանաւանդ Սարոյին պարագան։ Սարոյին մեծ հայրը դարձած էր իմ մտերիմ բարեկամս։ Ընկ. Մեսրոպը հարազատ ներկայացուցիչն էր այն սերունդի անդամներուն որոնք Ամերիկայ եկած էին նախ քան Մեծ Եղեռնը եւ ապա կեանք ստեղծած էին հոս՝ Ամերիկա։ երբ իր կինը մեռաւ, ես եղայ առաջինը, իր անմիջական ընտանիքէն դուրս, որուն գուժեց կնոջը մահը։ «Ամբողջ ծնողական ընտանիքս եւ հարացատներս կորսնցուցի» հեռաձայնին վրայ ըսաւ ընկ. Մեսրոպը հեկեկալով, եւ շարունակեց՝ «բայց ես հարազատի մահ չէի ապրած, ես հոն չէի։» Ուրախ էի որ այժմ, ընկ. Մեսրոպին խառնածին թոռը նման հետաքրքրութիւն ստեղծած էր։ Սարոն ամուսնացաւ հայ աղջկայ մը հետ եւ ունեցան զաւակներ։ Շատ ցաւով իմացայ վերջերս որ Սարոն ամուսնալուծուած է։ Այս կը նշեմ քանի որ երբեմնի Արեւմահայաստան զբօսաշրջիկութեան մասնակցութիւնը  հաւաստիացում մը չէ պահելու հայ ինքնութիւնը որուն հիմնական տուեալը Հայ ընտանիք մը ունենալ եւ պահելն է սփիւռքի մէջ որ պիտի պահանջէ տեղական հետեւողականութիւն։

Կը յիշեմ նաեւ երբեմնի Արեւտահայաստան շրջապտոյտի մասին գրաւոր տեղեկութիւններ եւ այլ պատահարներ։ Բայց զանց կ՚առնեմ անդրադառնալ անոնց։

 ես երբէք նման զբօսաշրջիկութեան մասնակցիլ չեմ ուզած եւ ոչ ալ փափաք ունեցած եմ։ Նախ եւ առաջ անիմաստ ծախս եւ ժամավաճառութիւն նկատած եմ։ Թերեւս Քեսապցի ըլլալս ալ իր դերը ունի տրուած ըլլալով ես պատենակօւթիւնս եւ վաղ երիտասարդութեանս ամառներս անցուցած եմ Քեսապի Քէորքիւնա  գիւղը, մեր ընտանեկան պապենական տան մէջ որ կառուցուած է 1800 թուականներուն վերջին երկու տասնամեակին եւ քալած եմ ընտանեկան հողերու վրայ որոնց ընտանեկան պատկանելիութիւնը շատ հինէն մնացած է։ 

Մեր պապենական գիւղը չեմ եղած Ամերիկա գաղթելէս ետք, 1976 թուականէն ի վեր։ Շատ բան փոխուած է։ Իմ ճանցած Քեսապը չէ մնացած։ իրատես եմ անխուսափելիին՝ օտար երկրի մը մէջ մնացած հայ ինչքին եւ կեանքին փոփոխութեան եւ տեղեկանանալու անխուսափելի իրողութեանը։ Այն տպաւորութիւնը ունիմ որ Թուրքեայ այցելողներուն մտաշխարհին մէջ մնացած տարտամ մտապատկեր մը երբեմնի Արեւմտահայաստին՝ Մուշ ու Սասունին եւ երբեմնի հայկական հողին։ եւ այդ է որ կը մղէ զիրենք ձեռնարկել պատմական Արեւմտահայաստանին, այսնինք Թուրքեա զբօսաշրջիկութեան։

Զարմանալին այն է որ հետաքրքութիւնը Պոլսոյ մէջ ապրող եւ շնչող հայութիւնը չէ, երբ այդ պէտք է որ ըլլայ, այլ հայութիւնէ դատարկուած պատմական Արեւմտահայաստանի քարին է։ Այդ շրջապտոյտներէն մեծագոյն օգտուող տեղացի Թուրք եւ Քիւրտն են իրենց բանեցուցած պանդոկներով, ճաշարաններով եւ վաճառատուներով, տակաւիմ չեմ ակնարրկել զբօսաշրջիկութեան այլ եւ այլ հաստատութիւններով։

Ժամանակ է մասնագիտութեամբ սփիւռքի զբօսաշրջիկութիւն ընող ընկերութիւն մը կազմուի որուն նպատակը ըլլայ կազմակերպել միջ գաղութային զբօսաշրջիկութիւն։ Դժբախտաբար նման զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւն չկայ պեղելու համար աւելի քան մէկ դար պատմութիւն ունեցող աշխարհաձրիւ սփիւռքահայ գաղութներու կեանքը, Եւ անոր ընծայած զբօսաշրջիկութիւնը։

Կը մէջբերեմ Աւոն զեղջելով իր տեղադրութիւնէն «պատմական Հայաստան» բառը եւ փոխանակելով ուրիշ բառ մը՝ «եղած» բառով։ Ուրեմն ՝ «ամէն կերպ պէտք է քաջալերուին դէպի (զեղջուած բառ) Հայաստան այցելութիւնները: Ամէն մարդ պէտք է այցելէ ու սեփական աչքերով տեսնէ այդ հրաշք երկիրը զոր մենք կը կ՚ոչենք երկիր դրախտավայր, առերեսուինք դառն իրականութեան հետ, գիտակցինք եղած կորուստին պատճառներուն ու դասեր քաղենք անցեալի մեր սխալներէն, քանզի անոնք միայն արտաքին պատճառներ չեն. կան՛ նաեւ մեր սխալները: Արցախեան մեր վերջին աղէտի պատճառներէն են նաեւ մեր սեփական սխալները որոնք թուելու պէտք չկայ: Ամէն մարդ գիտէ։»

կրկին մէջբերելով Աւոն՝  «մենք մեր թուաքանակով եւ թուրքերուն ռազմագիտական անհամեմատելի դիրքային առաւելութիւններով, տնտեսութեամբ ու ամէն ինչով ներառեալ գուցէ հայրենասիրութեամբ, ոչ մէկ ձեւով կրնանք չափուիլ իրենց հետ, բացի իրական խաղաղութեան ամրապնդմամբ, լաւ դաշնակիցներէ, տնտեսական հզորացմամբ ու մանաւանդ գիտական ոլորտներու զարգացմամբ որու համար կրթութիւնը առաջնահերթ է:»

Ես այդ եզրակացութեան հասած եմ առանց պատմական հաայստանի զբօսաշրջիկութեան։ Վստահ եմ որ ես բացառութիւն չեմ։ Նմանապէս այդ եզրակացութեան հանգելու համար «մեր կորուսեալ հայրենիքին» համար Թուրքեայ զբօսաշրջիկութեան կարիքը չկայ, այլ կայ կարիքը ողջ եւ ապրող Հայաստանին այցելութեան։

Յ.Գ. Աւօ Պողոսեանը հաստատուած է Հայաստան։ 

No comments:

Post a Comment