V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, October 5, 2024

Ո՞վ է ուսուցիչը

Զուարթ Աբէլեան

Այս հատուածը ընդօրինակաղ եմ Տէկ. Զուարթ Աբէլեանին «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» գիրքէն։

Ուսուցչուհին՝ Տէկ. Զուարթ Աբէլեան, իր Շամլեան-Թաթիկեան
Հայ Աւետարանական վարժարանին աշակերտ-աշակերուհիներուն հետ։

Ուսուցչութեան փիլիսոփայութիւնը կը խտանայ աշակերտ անհատին հետ դրական մտածողութեամբ գործակցիլ գիտնալուն մէջ։ Աշակերտ եւ ուսուցիչ զիրար կ՚ամբողջացնեն. Եթէ չկայ աշակերտ, չկայ նաեւ ուսուցիչ։

Աշակերտ անհատը ընդհանրապէս անթափանց մնալու հակում ունի. Խիստ թաքուն։ իր չարութիւնները ընդհանրապէս կը ծառայեն զինք անծանօթ պահելու իր ուսուցիչէն։ Այս պարագան, մերթ, ուսուցիչը անկարող կը դարձնէ ուսուցչութեան արուեստը կիրարկելով՝մշակելու աշակերտ անհատէն ապագայ տիպար հայը, օրինապահ քաղաքացին, իմաստուն առաջնորդը, առաքինի կինը, մեծ գիւտարարը կամ պարկեշտ արհեստաւորը։

Մերթ ուսուցիչը ենթարկուելու է աշակերտինի քմահաճութեան որպէսզի առիթներ ստեղծէ թափանցելու անոր աշխարհին։ Ընդհանրապէս չար չէ աշակերտը՝ այլ չարացած է զինք ճանչնալու անատակ եղողներուն դէմ, ըլլան անոնք ծնողք, ուսուցիչ թէ դասընկեր։ Աշակերտը, ըլլայ ան ընդունակ կամ անընդունակ, կ՚ուզէ իր տեղը ունենալ ուսուցիչին ուշադրութեան մէջ։ Փաստօրէն, յետագային, աշակերտները աւելի պատուած են իրենց ուսուցիչը, քան ուսուցիչները՝ իրենց աշակերտները։

Ուսուցիչը անմատչելի ըլլալու չէ աշակերտին, այսուհետեւ, ան ստեղծելու է այն մտնոլորտը որ աշակերտը իրեն մօտենայ յարգանքի, ակնածանքի ու սիրոյ ուղիէն ընթանալով։

Խիստ խուզարկող է աշակերտ անհանտը։ Ան կը դիտէ, կը պեղէ։ Մեծագոյն դատաւորն է ան։ Շուտ կը ճանչնայ, արագ կը վճռէ։ Ուսուցիչը խիստ զգոյշ ըլլալու է իր կենցաղին, արտայայտութեան մէջ. ունենալու է խնամուած արտաքին, պարզ ու գրաւիչ՝ փոքրերուն մօտ։ Իսկ հասուն աշակերտին մօտ հետզհետէ մշակելու է «Մարդը» արտաքինէն չդատելու «Ծերենցեան» հոգեբանութիւնը։ Եւ վէրջապէս աշակերտը սպասելու է ուսուցիչին ժամանման, ոչ թէ երջանիկ զգալու է որ անոր բացակայութեամբ։

Շատ դժուար արուեստ է ուսուցչութիւնը։ Որպէս պատահական ասպարէզ անոր մօտեցող ուսուցիչը ձախողած է ուշ կամ կանուխ։ Յաջողած ուսուցիչը համբերած է, տառապած է այդ կալուածի առթած ցաւերով. Ինքզինք դիտած է աշակերտին ակնոցէն. ինքնամշակում ըրած է. ինքնաքննադատութիւն ըրած է. իր կենցաղին ու մտածելակերպին մէջ բարեփոփումներ կատարած է։ Ջանացած է ըլլալ զուսպ, անաչառ, անկողմնակալ, ուղիղ, վստահելի  եւ գանտնապահ։

Եւ վէրջապէս իրաւ ուսուցիչը (Օշականեան իմացումով) կերտուած է իր եւ աշակերտին համագործակցական մշակումով։

«Նոր Կենաք» Շաբաթաթերթ

Մարտ 7, 1996

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment