V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, October 3, 2024

Ձեր նամակները ուրախացուցին զիս

“Սիրելի Վահէ, մտիր «Սփիւռք»ի այս թիւը – 13 ՕԳՈՍՏՈՍԻ 1967 Թ. ՏԱՐԻ ԹԻՒ 33 - կարդայ էջ 3-ի վրայ Արամ Հայկազի նամակը: - http://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Spyurk/1967/1967%2833%29.pdf  - Սասուն Սիմոնեան, 2.10.2024

Շամլեան-Թաթիկեան դպրոցին հաւաքական նկար մը
Աջին Տիկ. Զուարթ Աբէլեան, պրն, տնորէն Սարգիսեանին հետ
Շնորհակալութեամբ Varoujan Jacob  Bedros

Նամակը

Պէյրութի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի 6րդ Դասարանի ուսանողներուն եւ ուսանողուհիներուն։

Սիրելի բալիկներ

Առջի օր նամակատան ցրուիչը ծանր ծրար մը բերաւ ինծի։ Նայեցայ ղրկողին հասցէն։ Տիկ. Զ. Աբէլեան. հաւանաբար գրքոյկ մըն է ըսի մէջինը՝ քանի որ յաճախ աշխարհի չորս կողմերէն, կը ստանամ գըրքոյկներ՝ ու մեծածաւալ հատորներ երբեմն ալ։ Մեծ եղաւ զարմանքս երբ մէջը գտայ բազմաթիւ նամակներ, թերեւս տասը հատ։ Կարդացի հետաքրքրութեամբ ու յուզումով։ Բալիկներ, ես ձեզի ի՞նչ ըրած էի որ զիս լացուցիք։ Սխալ չհասկնաք. Արցուքները երկու տեսակ են, թէ՛ ցաւի արցունք կայ եւ թէ՛ ուրախութեան։ Երբ քիչ մըն ալ մեծնաք ու դպրոցէն դուրս գալով կեանքի յորձանքին մէջ մտնէք, անձնական փորձառութեամբ պիտի ստուգէք այդ բանը։ Ես կը մաղթեմ որ ձեր ուրախութեան արձունքը ըլլայ շատ եւ միւսը՝ նուազ։ Ալ ըսելու հարկ կա՞յ որ ձեր նամակները ուրախացուցին զիս։ Ուրախացայ բազմաթիւ պատճառներով, ուրախացայ որ հայու զգացումը զորեղ է ձեր մէջ, ուրախացայ որ յարգանք ունիք ձեր ուսուցչուհիին հանդէպ. Ուրախացայ որ իմ գրութիւններս հաճելի եւ հետաքրքրական կը գտնէք. Ըսել է թէ գրքերս սերունդ մը եւս պիտի ապրին՝ փոխանակ գրադարաններու փոշիներուն մէջ խեղդուելու։ Որովհետեւ, բալիկներ, իրաւ կ՚ըսեմ, կան գրքեր, որոնք, իրենց տէրերու, այսինքն անոնց գրողներու մահէն առաջ մեռած են. Չե՛ն կարդացուիր։

Յուզուեցայ որ նաեւ Համաստեղի մասին ձեր յայտնած զգացումներուն տեղեկանալով։ Իր մահէն առաջ, երեք օր, Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ միասին էինք ու ինչե՛ր, ինչե՛ր խօսեցանք։ Որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլար ինծի պէս, եթէ ողջ ըլլար ու ձեր՝ իր ու իր գրականութեան մասին գրածները փոխանակէի իրեն։  Այս բոլորին մէջ մխիթարանականը այն է որ իր նմանները չեն մեռնիր, կը բացակային, բայց իրենց վաստակով, իրենց գործերով կ՚ապրին. բաւ է որ Ձեր նման հայորդիներ հաւատարին մնան ցեղի ձայնին։

Օր մը շատ երջանիկ պիտի ըլլամ եթէ անձնապէս հանդիպիմ ձեզի որ ձեռքս դրած ձեր գլխին, օրհնեմ ձեզ՝ թէեւ կրօնաւոր չեմ։ Օրհնեմ ձեզ՝ որովհետեւ վաղուան մեր փառքերուն եւ յաղթանակներուն կերտիչները պիտի ըլլաք։ Մի մոռնաք թէ դուք մեր ցեղին «վաղն» էք, ապագան, ու ձեր ձեռքն է ազգին ճակատագիրը։ Քանի՜դար է, քանի՜ ոսոխ մեր կրնակը գետին բերել աշխատեցան, բայց իրենք անհետացան պատմութեան մէջ միայն անուն մը ձգելով. Մինչ մենք կանք՝ եւ վաղը նորէն պիտի ըլլանք։ Գիտէ՞ք ինչու։ Որովհետեւ մշակոյթ ունինք, ունեցած ենք։

Անգամ մը դարեր առաջ, երբ Հայաստանը բարբարոսներու արշաւանքին էր ենթարկուած ու ժողովուրդը կը փախէր ահաբեկ, գիտէ՞ք ինչ առին միասին -Մուշի Առաքելոց վանքին քանդակազարդ դուռը՝ ու ՃԱՌԸՆՏԻՐ կոչուող մագաղաթեայ դռան մեծութեամբ հատոր մը։ Ու որովհետեւ քառասուն եզան կաշիի չափ ծանր էր, կիսեցին ու կէսը թաղեցին՝ որ թշնամիին ձեռքը չանցնի. եւ միւս կէսը շալկելով փախցուցին ու ազատեցին. վէրջը միւս կէսն ալ գտան ու այսօր ան Հայաստանի Ս. Մեսրոպ անուան մատենադարանն է։ Քանի որ խօսքը եկաւ սուրբ բառերու շուրջ, այդ թոնով ալ շարունակենք։ Դուք գիտէք թէ Սբ. Գիրքը գրուած է յունարէն ու Սբ. Մեսրոպ հայ գրելու գիւտը ընելէն վերջն էր իր ան՝ ու իր աշակերտները զայն հայերէն թարգմանեցին։ Հրաշալին այն է որ մենք ամենէն առաջիններէն մէկը եղանք զայն թագմանողներուն մէջ։ Մտիք ըրէք։

Սփիւռք» – 13 ՕԳՈՍՏՈՍԻ 1967 Թ. ՏԱՐԻ ԹԻՒ 33, էջ 3,
 Արամ Հայկազի նկարը

Մենք Սբ. Գիրքը թարգմանեցինք 434 ին, Քրիստոսի ծնունդէն մօտ 4 դար վերջ։

Ալաւները 870ին, մեզմէ 436 տարի եսք։

Անգլիացիները 1382ին, մեզմէ 948 տարի ետք։

Գերմանները 1534ին, 1100 տարի ետք։

Ուրիշներ ինչ կուզեն թող ըսեն, մենք իրաւունք ունինք մեր մշակոյթով հպարտ ըլլալու։ Մշակոյթն է որ ազգերը կ՚ընէ յաւիտենական ու մեծ։ Ու մենք մեծ ենք մշակոյթով։ Ու որպէսզի մնանք միշտ մեծ, բալիկներ դուք պէտք է լաւ սորվիք ու լաւ սիրէք ձեր ազգն ու հայրենիքը։ Երբ վերլուծէք թէ ի՞նչ է ազգը կամ ի՞նչ է հայրենիքը, պիտի տեսնէք որ զանոնք սիրելը այնքան դժուար բան չէ։ Ազգը ընտանիքին ընդլայնումն է ու հայրենիքը ընտանիքի անդամներուն բնակավայրը, տունը։ Ո՞վ չուզեր իր ընտանիքին ու անոր շահերուն ծառայել։ Ուրեմն դուք աթ առաջադրեցէք լաւ սորվիլ ու ծառայել ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ։

Ջերմ սիրով կը համբուրեմ բոլորդ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Մայիս 11, 1967

Նիւ Եորք




 

 

 

No comments:

Post a Comment