V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, October 22, 2024

Կեանքի փուլերը՝ որոնք կամաց-կամաց կը վերածուին հանգրուաններու

Գրիգոր Գրաճեան

Ա.               Ծնած առաջին մէկ վայրկեանէն ապշած, շուարած, եւ կողմնորոշուելու դժուարութեան մէջ ես: Որո՞նք են շուրջիններդ, ժպտացող դէմքեր, գուրգուրոտ նայուածքներ, խնդուք եւ ծիծաղ:  Ինչե՜ր եւ ինչե՜ր կը լսես, - աղմուկ, տարբեր լեզուներով քեզի համար անհասկնալի խօսակցութիւն: Մթնոլորտային պայմաններ եւ երեւոյթներ՝ տաք, պաղ, Արեւ, Լուսին, անձրեւ, ձիւն: Հոտերու տեսակներ՝ ոմանք հաճելի ( մասնաւորաբար նախասիրած ճաշդ), ուրիշներ՝ անախորժ, երբ շորիկդ կը փոխեն:

Բ.               10 տարեկանիդ աշխարհը ճանչցած (կլլած) կը թուիս ըլլալ: Վարվրուն եւ ամէնագէտ ես: Քու տարեկիցներէդ դուրս եւ վեր ամէն մարդ ծեր կը համարես:

Գ.               20 տարեկանիդ ինքնավստահ ես, ապագայի հեռանկարներ եւ երազ ունիս: Անկախանալու փափաքդ մէջդ հասած է բարձրագոյն մակարդակի:

Դ.               30 տարեկանիդ արդէն աշխատանքի ասպարէզիդ մէջ ես, եկամուտ ունիս եւ կեանքդ տնօրինելու իրաւունքին տիրացած ես:

Ե.               40 տարեկանիդ արդէն ամուսնացած, զաւկի (զաւակներու) տէր, դուն եւ կինդ ձեռք-ձեռքի տուած ընտանիքի հոգսերով կլանուած, զաւակներու հոգատարութեամբ նուիրուած, մինչեւ իսկ երբեմն քու անձդ մոռցած հեւքոտ կեանք մը կը վարես:

Զ.               50 տարեկանիդ միջին կեանքի (midlife) շարջանիդ մէջ ես: Մարմինդ կը սկսի դաւաճանել քեզի եւ առողջութեանդ մասին մտահոգութիւններ ունիս: Կողակիցիդ հետ յարաբերութիւնը առօրեայի, - երբեմն տաղտկալի, կարգ մը պարագաներուն անհանդուրժող, - վերածուած է: Նոր արկածախնդրութիւններու փնտռտուքի մէջ ես եւ խաբկանք մը կ՛ապրիս, որ տակաւին քսան տարեկան ես (հայելիին շատ չես ուզեր նայիլ, որովհետեւ, ըստ ենթագիտակցութեանդ՝ սխալ բան ցոյց կու տայ):

Է.                60 տարեկանիդ, գործէդ դադրելու վտանգի եւ վախի ենթակայ ես, հակառակ որ յաջող եւ ազդեցիկ էիր աշխատանքիդ մէջ: Առօրեայի մէջ տուայտուող անձի մը վիճակին կը մատնուիս: Մի փորձեր կառչիլ պաշտօնէութեանդ շրջանի արձանագրած յաջողութիւններուդ եւ ունեցած ազդեցութիւններուդ վրայ: Ընդունիր, որ կորսնցուցած, - կամ կորսնցնելու վրայ, - ես reflex-ներդ, արագ եւ ճիշդ որոշում առնելու ունակութիւնդ:

Ը.               70 տարիքիդ ընկերութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի հեռանալ քեզմէ: Ընկերներուդ եւ պաշտօնակիցներուդ թիւը կը սկսի նուազիլ: Նոյնիսկ աշխատատեղիիդ պաշտօնեաները չեն ճանչնար քեզ: Տարբեր մօտեցում մի ակնկալեր՝ նորեկներ եկած են գրաւելու հին պաշտօնէութեան դիրքերը:

Թ.               80 տարեկանիդ ընտանիքիդ անդամները կը սկսին քեզմէ հեռանալ կամ որոշ հեռաւորութիւն պահել: Ընդունիր, որ առանձինդ պիտի ապրիս. լաւագոյն պարագային կեանքդ պիտի շարունակես կողակիցիդ հետ: Զաւակներ եւ թոռներ կրնան այցելել քեզի՝ եթէ յիշեն կամ ժամանակ ունենան: Երբեմն կը տարակուսիս, թէ իրենց այցելութեան նպատակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ՝ սիրոյ արտայայտութի՞ւն, թէ ժառանգի ակնկալութիւն: Աւելին մի սպասեր. անոնք ալ ունին իրենց կեանքը, հետաքրքրութիւնները եւ հեւքը:

Ժ.               90 տարեկանիդ աշխարհը կ՛ուզէ ձեռբազատուիլ քեզմէ ( արդէն բաւական երկար ժամանակէ ի վեր այս մոլորակին վրայ գոյութիւն ունեցած ես): Շատեր արդէն անվերադարձ ձգած են այս աշխարհը, մի տխրիր ոչ ալ սգայ. այս է կեանքի իրականութիւնը: Ամէն մարդ պիտի հետեւի այս ընթացքին: 

Գոհ եղիր, որ ապրած ես երկա՜ր, քու ուզած ձեւովդ, տեսած ես քու ժամանակիդ պատահած ամէն բան, դարձած ես հասուն եւ խելահաս եւ հասունցած պտուղի նման կ՛երթաս միանալու Ամենակալին՝ քեզ Ստեղծողին:

Գրիգոր Գրաճեան

 

 

 

No comments:

Post a Comment