V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, November 13, 2025

Ի պէտս զարգացելոց մանկանցն Թորգոմայ` Արմենակ Եղիայեան

Արմենակ Եղիայեան

Արմենակ Եղիայեանը մեռաւ։ Շատ կը ցաւիմ։

Արեւմտահայերէնը կորսնցուց զինք պաշտպանող տիտան մը։

Կսկիծով իմացայ մահը։ Սուրբ Նշան վարժարանը շրջանաւարտութեանս տարին, 1962 ին, թուաբանութեան ուսուցիչս եղաւ։ Վերջին քանի մը տարիներուն կապի մէջ էի հետը։ Կրցած էի, աշակերտի իմ նախքին յարաբերութիւնս հետը մեկդի դնեւ եւ բարեկամացած էի առօրեայ բարեկամութեամբ մը, ինչպէս նաեւ բարեկամացած էր Գրիգոր Քրաջեանը։ Ան էր որ գուժեց մահը ինծի, անակնկալ պատահարին իմացութիւնէն անմիջապէս ետք։ Անցեալ տարիներուն օրինակելի ճշգրտութեամբ ինծի ալ կը յղէր իր շաբաթական երկու գրարութիւնները՝ մէկը Չորիքշաբթի օր իսկ միւսը Կիրակի օր։ Այնքան ճշգրտութեամբ մը որ պատահած է ինծի որ օրս ճշդեմ իր գրութիւնը ստանալէս ետք։  Իսկ ես իր գրած պտմութիւններէն եւ յիշատակագրութիւններէն ոմանք Անգլերէնի թարգմանած եւ եւ զետեղած եմ պլակիս վրայ։

Քանի մը օր առաջ՝ Նոյեմբեր 9, 2025, գրած էր` «Սիրելի՛ բարեկամներ, Ոճաբանական նոր գլուխ մը սկսելէ առաջ՝ փափաքեցայ ձեր կիրակին արժեւորե Երուխանէն մէկ ուրիշ   գոհարով մը, որ «Գերագաոյն ներում»-ն է: Համոզուած եմ, որ շատ պիտի գնահատէք զայն: Բարի վայելում։» 

Չկրցաւ աւարտել այդ շարքը

վահէ Յ Աբէլեան

***

Օրինակ մը իր յղումներէն եւ մրցոյթներէն (10.10.2025)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (45)

(Հոկտեմբեր 8, 2025 - 10.10.2025)

1. Շանբերան[1]

 

2. Գործակցութիւն եւ...

***Շեշտը [դրուած էառեւտրական համագործակցութեան  եւ փոխադարձ գործակցութեանվրայ («Ազդակ», 12/8/2025, էջ 8):

Ոմանք չեն կրնար ձերբազատիլ հայերէնի բառերը անմիտ ու  ախտագին աւելորդաբանութիւններով  օժտելու, այսինքն՝ ծանրաբեռնելու մոլորութենէն, դուք հասկցէք՝ մոլուցքէն:

Նման մոլուցքի մը թելադրանքով է, որ կազմուած են  համագործակցութիւն բառը եւ փոխադարձ գործակցութիւն  բառակապակցութիւնը:

Համա-   նախածանցը կը նշանակէ  միասին, նոյն. օրինակ՝ «համակարծիք» կը նշանակէ նոյն կարծիքը ունեցող, համատեղ՝ նոյն տեղը ունեցող, այսինքն՝ նոյն տեղը միասնաբար գրաւած, նոյն տեղը միասնաբար գտնուող: 

Հետեւաբար՝ համագործակցութիւն պիտի նշանակէ նոյն... գործակցութիւնը ունեցող, նոյն գործը ընող: Արդ, գործակցութիւն-ը առանձին արդէն կը նշանակէ նոյն գործի կատարումը, նոյն գործին նուիրիումը: Ասոր վրայ համա- նախածանցի յաւելումը այլեւս ոչ զարդ է, ոչ զարդարանք, այլ անմիտ կրկնաբանութիւն մը:

Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի զազրելի կրկնաբանութիւն մըն է փոխադարձ գործակցութիւնբառակապակցութիւնը: 

Քանի որ հոն ուր գործակցութիւն կայ, ինքնաբերաբար կայ նաեւ փոխադարձութիւն, որովհետեւ գործակցութիւնը չի կրնար ինքնագլուխ ըլլալ, ան անպայման  ներդաշնակ պիտի ըլլայ երկու իրարու հետ գործողներու:

Առնենք օրինակի համար կօշիկ արտադրող վարպետ մը եւ անոր աշկերտը:

Պարզ է, որ ասոնք  երկուքը պիտի աշխատին նոյն կօշիկին զանազան մասերը արարելու, ստեղծելու ուղղութեամբ. վարպետը պիտի ընէ բան մը կամ բաներ,  աշկերտը իր կողմէ պիտի ընէ ուրիշ բան մը կամ ուրիշ բաներ, որոնց բոլորին գումարը պիտի յանգի կօշիկի ամբողջացումին, կօշիկի ու կօշիկներու արտադրութեան:

Այսպիսին է ամէն գործակցութիւն  եւ  բոլոր...  գործակցութիւնները: 

Գործակցելու ուրիշ ձեւ չկայ:

Ուստի փոխադարձ ածականը  մտային  ապուշ ու անիմաստ բեռ մըն է:

3. Ենթակայ/բայ համաձայնութիւն

Ըսել կ’ուզեմ... անհամաձայնութիւն:

Կարդանք հետեւեալ օրինակը, որ իր տեսակին մէջ բաւական իւրայատուկ է.

***«Իրական Հայաստանի» քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեն-սունակութիւնը կը շարունակեն մնալ հարցականի տակ («Ազդակ», 13/8/2025, էջ 3):

Ուր՝ 

Եզակի ենթակային՝ կենսունակութիւնը, տրուած է յոգնակի ստորոգիչ կամ դիմաւոր բայ՝ կը շարունակեն:

Ինչպէ՞ս, պիտի առարկէք իրաւամբ, կարելի է այսքան դիւրաւ սխալիլ:

                                                       *   *   *

Լուսահոգի Շաւարշ Նարդունի կը սիրէր ըսել. «Ամէն սխալ կը հիմնուի տրամաբանութեան մը վրայ»: Եւ ամէն սխալող ունի իր «տրամաբանութիւնը»:

Նոյնիսկ... «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը:

Արդ, ո՞ւր է այս սխալին տրամաբանութիւնը:

Անուշադիր գրողը «մտածած է», որ խնդրոյ առարկայ են մէկէ աւելի շարունակողներ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բնոյթի, սակայն, ասոնք գոյական չեն, ենթակայ չեն, այլ, ածականներ են, որոնք կը բնութագրեն մէկ ու միասնական գոյական-ենթական, որ է կենսունակութիւնը եզակի բառը:

Այսլ խօսքով՝ ենթական ինքը՝ կենսունակութիւնը, կը մնայ եզակի:

Եւ կը պահանջէ եզակի ստորոգիչ՝ կը շարունակէ: 

Կենսունակութիւնը կը շարունակէ...

Մրցոյթ 44.

            ***Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր հետեւեալը.

---Ինտրան մնաց հայ գրականութեան մէկ առանձնայատուկ ու  բացառիկ   ձայնը  մը:

            ***Վերաշարադասէ հետեւեալը.

            ---Ան բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ՝ խուսափելու (համար) ապահովական հետագայ սրումէն: 

            ***Ո՞ր  դերանուն կը դնես կէտերուն տեղը՝  իր   թէ՞ անոր:

            ---Կը գնահատենք լիբանանեան կառավարութեան պետութեան գերիշխա-նութիւնը տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու ջանքերը («Ազդակ», 29/9/2025, էջ 1):

            ***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիէր հետեւեալ նախադասութիւնը.

            ---Որևէ գործնական նախաձեռնութիւններ մէջտեղ չէր բերած երեսուն տա-րուայ ընթացքին:

            ***Հետեւեալին բառային եւ շարադասական ի՞նչ բարեփոխում կը բերես:

            ---Վարչապետը իր սուր կեցուածքովներով  հաւաքին աւելի մեծ խթան տուաւ  հանդիսացաւ  հաւաքին: 

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Արթուր Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Վահէ Աբէլեան (8),Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (10), Միրնա Սիւլիւքճեան (3):

            Մրցոյթ 45.

            ***Դուն ինչպէ՞ս  կը գրէիր հետեւեալ նախադասութիւնը.

---Թերթի այդ թիւին մէջ ընդգծելի է գրող տիկին Սի­մոնեանի ծրագրի մը բացայայտումը («Նոր Յառաջ», 2/10/2025, էջ 5):

***Դարմանէ՛ հետեւեալին  անհամասեռութիւնը.

---Նախագիծը կը վերաբերի... յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հեր­քու­մին, ար­դա­րա-­ցու­մին կամ ա­նոնց վտան­գա­ւոր ըլ­լա­լը նսե­մաց­նե­լուն («Ազատ օր», 2/10/2025, էջ 2):

***Կէտերը փոխարինել հետեւեալներէն մէկով՝ առողջական, առողջարար, առողջապահական :

---Թարմ բանջարեղէնը ............. յատկութիւններ ունի: 

***Փորձէ  հայեցի շարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոփոխելու.

---Թրամփի ծրագիրի որեւէ բարեփոխում զայն մերժել կը նշանակէ: 

***Երկու բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:

---Տեղացած է երկու ամսուան  համարժէք անձրեւ՝ խուճապահար վիճակի մատնելով բնակչութիւնը («Արարատ», 2/10/2025, էջ 1):

armenag@gmail.com                                            Արմենակ Եղիայեան

---Նախագիծը կը վերաբերի... յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հեր­քու­մին, ար­դա­րա-­ցու­մին կամ ա­նոնց վտան­գա­ւոր ըլ­լա­լը նսե­մաց­նե­լուն («Ազատ օր», 2/10/2025, էջ 2):

---Նախագիծը կը վերաբերի... յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու արդարացումին, նսեմացումին,  հեր­քու­մին, ար­դա­րա-­ցու­մին,եւ անոնց վտանգը նսե­մաց­նե­լուն («Ազատ օր», 2/10/2025, էջ 2):

 

 

 

 

 



[1] Նաեւ՝ ցռկածաղիկ, եզնացռուկ, առիւծաբերան. նկատել, որ այս երեք անուննհերուն մէջ ներկայ է լատիներէն rhinos “ցռուկդունչ  կամ  բերան արմատի թելադրանքը:

No comments:

Post a Comment