Վահէ Յ Աբէլեան
![]() |
| Արմենակին թափուր մնացած առօրեայ գործածութեան իր տան բազմոցը |
1962 թուականը անջնչելի մնաց մտապատկերիս մէջ։ Սուրբ Նշան միջնակարգ ազգային վարժարանին շրջանաւարութեանս տարին էր։ Հոն իր որ դպրոց սկսած էի յաճախել։ Այդ տարին ունեցանք նոր ուսուցիչներ որոնց մասին գրած եմ (տես ագոյցը)։ Անոնցմէ էր Արմենակ Եղիայեանը։ Անկէ ետք առիթ չունեցայ աշակերտելու իրեն, Եւ մեր կապը բնականաբար աւելի չզարգացաւ։
Բայց, քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, առցանց սկսայ հետեւիլ հայերէն լեզուն զարգացնող եւ բիւրեղացնող իր գրառումներուն, ինչպէս նաեւ իր յուշագրութիւններուն որոնցմէ ոմանք Անգլերէնի թարգմանեցի։ Այսպէս, բարեկամացանք։ Արմենակին հետ բարեկամութիւնս տառացիօրէն Ֆէյսպուքեան չէր։ Արմենակը չունէր ֆէյսպուքի էջ մը։ Իմ առօրեայ կապս email-ով էր եւ երբեմն ալ հեռաձայնով, ինչպէս նաեւ ընկերոջս Գրիգոր Գրաճեանին միջոցաւ որուն հետ Արմենակը սերտ բարեկամութիւն մը հաստատած էր։ Այսպէս մեր կապը սկսաւ ամրանար եւ իմ բարեկամութիւնս վաւերացուց աշակերտի իմ տպաւորութիւններս, որ Արմենակ Եղիայեանը՝ խելացի, խիզախ, գիտնականի մը միտքը ունեցող անձ մըն է։
Դժբախտաբար, սակայն անցեալ չորեքշաբթի օր, Ամերիկայի արեւելեան ափի ժամով, իրիկուան ժամը տասնմէկին շուրջ, ընկեր եւ բարեկամ՝ Գրիգոր Գրաճեանէն ստացայ կարճ գրառում մը, ուր կը գուժէր սիրելի ուսուցիչիս մահուան բօթը:
Կը կցեմ Գրիգոր Գրաճեանէն ստացած գոյժը՝
«Այլեւս՝ անուշ ժպիտը դէմքին, հիասքանչ արտաայայտութիւնը պիտի չլսենք։
- Ամա՜ան, տե՛ս ծառը ի՞նչ հիանալի ծաղկեր է։
- Ծովուն եւ երկնքի կապոյտը, որքա՜ն համահունչ են։
- Այդ ի՜նչ աղուոր գրութիւն է։
Միեւնոյն «ամա՜ան»-ը պիտի օգտագործեր իր ընվզումը յայտնելու, երբ ընթերցէր Հայաստանի Պետութիւն եւ Պետականութիւն թիրախաւորող կամ հայութեան վնաս պատճառող գրութիւն մը՝ «ամա՜ան, այդ ի՜նչ զազրելի եւ ստոր գրութիւն է այդ ի՜նչ գծուծ հեղինակ։
Մինչեւ վերջին սրտին զարկը - անտեսելով իր անձն ու առողջութիւնըւ-սիրտը բաբախեց Հայաստանի, Հայութեան, Հայոց լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան ի սպաս։ Եւ հանկարծ, կայծակնային արագութեամբ, կարծէս տիրեց լռութիւն։
Բոլորին սիրելի, յարգելի, անզուգական եւ իսկական ՄԱՐԴԸ՝ Արմենակը չկայ։»
Բնականաբար հետեւեցայ Արմենակին յուղարկաւորութեանը Հայկական առօրեայ ասոյթը կ՚ըսէ՝ «գնայ մեռիր, եկուր սիրեմ»։ Իմ տպաւորութեամբս այդպէս չեղաւ Արմենակին յուղակրաւորութիւնը։ Չեմ գիտեր ինչու համար, պատկերացուցած էի որ Արմենակին յուղարկաւորոթիւնը պիտի ըլլար հայրապետական պատգամով մը, եթէ ոչ կոնդակով մը։ Այդպէս չեղաւ։ Իսկ օրուան հայ թերթերուն առաջին էջը, պատկերացուցած էի որ պատուած պիտի ըլլար սեւով, գուժելու անզուգական Արմենակին մահը։ Այդպէս ալ չեղաւ։ Բայց Արմենակն ալ կաղապարուելիք մարդ մը չէր, կուսակցականացած արեւմտահայ մամուլին համար։
Թափուր մնաց արեւմտահայ լեզուագիտութեան հանրային աթոռը, ինչպէս նաեւ իր տան բազմոցը ուր սովորաբար նստած եղած էր։ Թափուր մնացին իր ընտանիքին անդամներուն եւ իր բարեկամներուն սիրտերը։
Յ.Գ. Կցուած նկարները կը պարտիմ Գրիգոր Գրաճեանին
![]() |
| Արմենակ Եղիայեան (ձախին)՝ անմիջական անցեալէն ընկերներ՝ Գրիգոր Գրաճեան, Արա Յակոբեան |
Link: They were teachers of mine: Armenag Yeghiayan:




No comments:
Post a Comment