V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, November 27, 2025

Բայց ո՞րոնք են օրինակելիները

Վահէ Հ Աբէլեան 

Որո՞նք են օրինակելիները

Զանց կ՚առնեմ անունները։ Կցած նկարս, ինծի ծանօթ մը զետեղած էր դիմատետրի էջին վրայ, բայց ենթականերուն հանրածանօթ դէմքերովը եւ բնութագրած էր զանոնք որպէս՝  «նոր սերունդի այլասերման պատասխանատունները։» Անբնական երեւոյթ մը չէ որ անձ մը ժամամակ տրամադրէ  եւ պատրաստէ ծանօթ դէմքերու՝ նման հաւաքածոյ մը եւ այդպէս բնութագրէ զանոնք։ Ամէնքս ենդադրուած չենք նմնանօրինակ աշխարհայեացք ունենալ հարցերու եւ մարդոց նկատմամբ։ Իսկ  նկարին ընկերացող տեղադրութեան ոճն ալ՝ այդ ալ հասկնալի է։ Ամէնքս նոյն ոճը չունինք։  Կը մէջբերեմ անկէ՝ 

 «Այսօր հայ ըսես, իմ աչքին կը պատկերանայ սա աղբակոյտը։ Բայց եւ կը ներկայանան, ցաւ ի սիրտ իմ շատ մը անմիջական ծանօթներս, չըսելու ընկերներս--- Որոնց շատին մօտ--  Սա աղբակոյտին բերումով թէ անկախ ՍԱ ԱՂԲԱԿՈՅՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԹԷ ԱՆԿԱԽ ՍԱ ԱՂԲԱԿՈՅՏԻՆ ՆԶՈՎԵԱԼ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՄԲ ԹԷ ՆՈՒԱԶ, Հազիւ թէ մնացած է հայութիւն:  Հազիւ թէ նկատելին է հայրենասիրութիւն....։» Եւ այսպէս......։

Յստակացնելու համար կը  տեղադրեմ «նոր սերունդի այլասերման պատասխանատու աղբակոյտը։»

Հասկնալի է որ ծանոթիս արարքը պոռթկում մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն, տարօրինակը այն էր որ առօրեայ Ֆէյսպուքեան  իրենց հաւանութիւնը տուողներուն կողքին եղաւ նաեւ հետեւեալ զօրակցական ակնարկը։ Կ՚արտադրեմ ամբողջութեամբ՝ 

 «Ուրկէ՞ կը գտնես Արարատը ուրացող, հայրենասիրութիւնը վտանգաւոր համարող ու սեփական ազգի պատմութենէն ամչցող այս սմսեղուկներու հաւաքածոյին պատկերը։»

Շփոթ մը ծագեցաւ միտքիս մէջ եւ հարց տուի այդ զօրակցական ակնարկը ընողին՝ որո՞նք են որ իրենց կենցաղով եւ վարած առօրեայով, քաղաքականութեան հեռանկարով օրինակելի հայաստանի քաղաքացիները որոնք պիտի առաջնորդեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը այնպէս մը որ անոր ներկայ ղեկաւարները  չեն առաջնորդէր զայն։ Այո,  ո՞րոնք են անոնք։

Մխթումէս ետք, պատասխանը եկաւ։  կը տեղադրեմ իր ամբողջութեանբ ՝ - «Վահէ, քու քաղաքական տրամաբանութեանդ ու կողմնորոշումիդ համաձայն չըլլալով հանդերձ կը պատասխանեմ գլխաւոր հարցումիդ, յարգելով հայրենիքի հանդէպ ունեցած մտատանջութիւնդ, տագնապդ: Հայրենասէր անձեր փնտռելու ճապաղումդ քեզի պահէ: Գլխսւոր հարցումդ այն է, թէ իմ պատկերացումով ո՞ վ է հայրենասէրը: Ահա պատասխսնս. սեփական հայրենիքի մէջ հայրենասէր է այն քաղաքացին, որ հաւատարիմ կը մնայ երկրի սահմանադրութեան եւ ամէն կերպ կը ջանայ ենթարկուիլ անոր հրահսնգներուն ու ոգիին ու կը գործադրէ զանոնք: Այս պահսնջքը աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ իշխանաւորներու համար, որոնք հաւատարմութեան երդում ալ կու տան: Հիմա, դուն մտածէ եւ պատասխան տուր ինքղինքիդ, թէ ներկայ իշխանաւորները կը գործե՞ ն արդեօք  երկրի սահմանադրութեան տսռինու ոգիին հաւատարմուփեամբ: Ես պատսսխան սպասողը չեմ, դուն ինքզինքիդ պատասխանէ միայն:»

Բայց այդ իմ հարցումիս պատասխանը չէր, այլ խուսափողական ակնարկ մըմ էր,  Ազնաւուրին «Կը սպասեմ» երգին նման, ուր գծագրիչ մը կը գծէ կնոջ մը նկարը եւ կը սպասէ անոր։  Եգը  կ՚աւարտէ, Google-ի, թարգմանութեամբ, այսպէս՝   «Ես սպասում եմ քեզ, Իմ անհայտ երազանք. Ի՞նչ է քո անունը, Ի՞նչ է քո նպատակը։ Իմը Սերն է։»  Պատասխանն ալ յար եւ նմամ էր անոր։ Քանի մը որ անծանօթ բացակայի մտապատկերը կար հոն, որ կեանք պիտի առնէ եւ պիտի ըլլայ, նոր սերունդը այլասերումէ փրկողներէն ։ 

Այո, կար ժամանակ իմ պատանեկութեանս, Արարատի կիրճին մէջ շղթայուած Արտաւազդ-ն էր որ կաղապարած էր միտքս, որ օր մը ան դուրս պիտի ելլէր կալանքէն եւ ազատագրէր Հայաստանը։ Բայց ես այն ատեն, Սուրբ Գիրգին ըսածով՝ «տղայ էի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի։ Բայց երբ այր եղայ տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի,։» եւ հիմայ, իրական շնչող մարդոց հետ կուզեմ առընչուիլ, իրական Հայաստանին մէջ եւ անոր համար։

Լաւ կըլլայ որ մեր բանիմացները, ներկայացնեն, անոնց որոնց կը դատեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կառավարելու դժուարին գործը ընող  օրինակելի հայաստանի քաղաքացիները։ Գէթ, շինիչ գործ մը ըրած կըլլան։ 

Հետեւաբար, այո, որո՞նք են օրինակելիները։

1 comment:

  1. ՎԱՀԷ՛՛ ԽԵԼՔԸ ԳԼՈՒԽԸ ՏՈՂԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ: Դուն դեռ եւս խելացի տղայ կը նկատուես՛ բայց նոյն այդ վերոյիշեալ
    աղբակոյտին զոհ:

    ReplyDelete