V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, July 25, 2017

Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը` Դէմքեր,Դէպքեր եւ Յուշեր


 Տիկին Զուարթ Աբելեան

 

 


Ո՞վ լսած չէ երբեք «Պուրճ Համուտ»ի մասին: Հայահոծ, հայաբնակ շրջան մը Պէյրութի հիւսիս-Արեւելեան շրջանին մէջ: Հայրենիքէն հեռու Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը: Ուրիշ խօսքով հայակերտումի հնոց մը: Հոն դարբնուեցաւ ու կերտուեցաւ հայ բանուորն ու կրօնաւորը, ուսուցիչն ու քարոզիչը: Այլ եւ այլ արհեստներու ու արուեստներու մէջ տաղանդ ցուցաբերող աշկերտն ու աշակերտը: Ուրիշ խօսքով՝ արտադրեց Պուրճ համուտը – նոյնիսկ դարձաւ անեկտոտ երիտասարդներու շրթներուն վրայ: Բացատրեմ .-

Երբ վրայ հասան Լիբանանի քաղաքական անկայուն օրերը, 70-ական թուականին, Պուրճ Համուտի տղամարդը, երիտասարդն ու տարէցը, հարկադրուեցան զէնք կրել իրենց շրջաններու պաշտպանութեան համար: Երբեմնի աշակերտը դարձաւ աշկերտը ինքնապաշտպանութեան մարզին իր ղեկավարին, լքելով ուսումնառութիւնը: Ուսման ակնարկումի պարագային երբ հարց դրուէր թէ արդեօք այս կամ այնինչ ուսանողը կրցա՞ւ իր B.A.-ն ստանալ ... պատասխանը կըլլար .- այդ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ ան B.H չստացաւ, այսինքն Պուրճ Համուտցի չեղաւ, չկրցաւ ըլլալ: Այս էր եւ է Լիբանանի Պուրճ Համուտը: 

Ես ինքս ալ համարեայ դարձայ Պուրճ Համուտցի, քառորդ դար ծառայելով Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի մէջ հաստատուած Հայ Աւետարանական – Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն ներս, որպէս հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասատու: Բազմաթիւ ծանօթութեանց կողքին ճանչցայ նաեւ քոյր Նուարդ Տէմիրճեանը: 

Պուրճ Համուտի, Նոր Մարաշ շրջանի մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը՝ եկեղեցւոյ կողքին գործօն Միութիւն մըն էր, որ հոգեւոր ու ընկերաբարոյական ձեռնարկումներով զօրաւիգ կը կանգնէր եկեղեցապատկան զանազան կարիքներուն։

Վերոյիշեալ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան գործոն ու նուիրուած անդամներէն մէկն էր Նուարդ քոյր Տէմիրճեանը: Զինք կը կոչէին Նուարդ քոյր, քանզի քրոջական հարազատութիւն կը ցուցաբերէր անխտրաբար ոեւէ մէկուն: Հոգեւոր քոյր մըն էր, միշտ պատրաստ օգնութեան ձեռք երկարելու ուր որ իր կարողութիւնը կը ներէր:

Աստուածաշնչական խօսքով, իր ծառայասիրութեամբ միշտ մղոն մը աւելի ընթացող նուիրեալ մըն էր ան: Զգալի ներկայութիւն մըն էր նաեւ Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութենէն ներս: Ոեւէ գործունէութեան մէջ կամովին ու մեծ նուիրումով օժանդակող մըն էր ան տնտեսապէս թէ բարոյապէս: Իսկապէս հոգեւոր նուիրեալ մը:

Վարժարանը եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ըլլալով, շատ անգամներ Տիկնանց Միութեան ձեռնարկներուն՝ երբ խօսելու կամ գեղարուեստական անմիջական յայտագրով մը մասնակցութիւնս բերելու պատեհութիւնը կը տրուէր ինծի, Նուարդ քոյր Տէմիրճեանը, ժպտադէմ ու հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ մը կը դիմաւորէր զիս: Օրին մէկը խիստ մեծ փափաք յայտնեց որ իր տունը երթայի միասին բաժակ մը սուրճ առնելու: Գացի:

Համեստ, շատ համեստ բնակարան մըն էր վարժարանին ու եկեղեցւոյ թաղին մէջ: Նուարդ քրոջ չորս զաւակներն ալ, մեր ճշդապահ աշակերտներէն էին: Ճշդապահութեան հարցը այս այցելութեամբ լուծուեցաւ, տրուած ըլլալով որ վարժարանին շատ մօտիկը կը բնակէին: Իսկ ինչ էր ուրեմն Նուարդ քռոջ յարատեւ գոհունակ ժպիտը դէմքին վրայ, համեստ այս բնակարանէն դուրս կը մտածէի, եւ ումպ ումպ ըմբոշխած սուրճին կողքին այլ զրոյց ալ կը կատարէինք, ընդհանրապէս իր զաւակներուն ուսումնականէն զինք հետաքրքրող հարցերու շուրջ: Համարձակութիւնս հաւաքելով հարց տուի:

-- Տիկին Տէմիրճեան, Ինչ՞ գործով կը զբաղի ձեր ամուսինը:

-- Նկարիչ է: Տեսած ըլլալու էք, կը պատասխանէ:

-- Խանութ ունի՞, ու՞ր, ինչպէ՞ս է գործը:

-- Ո'չ խանութ չունի, բայց Տէրը կ'օգնէ: Ոտքի վրայ հոս-հոն կը նկարէ, կրկնեց Նուարդ քոյր անբացատրելի երջանկութեամբ: Ես ծարայ մըն եմ իմ Աստուծոյս, խաղաղ կը յարէ Նուարդ քոյր: Այդ օրէն մենք աւելի կապուեցանք իրարու, ինչպէս հարազատ քոյրեր:

Ժամանակի ընթացքին քոյր Նուարդին ամուսինը Վռամշապուհ դարձաւ մեր վարժարանին մնայուն նկարիչը: Հանդարտաբարոյ ու անտրտունջ մարդ էր նկարիչ Վռամշապուհը:

--  Ինչպէս՞ կըլլայ որ առաւօտեան այս ժամուն վարժարանին բակը կ'ըլլաք Պրն. Վռամշապուհ կը հարցնեմ:

--  Էհ, գործերուն ականջ մի կախէր իշտէ օր մըն է կանցնի, կը պատասխանէ:

--  Երկու շաբաթ սպասէ Պրն. Վռամշապուհ: Աշակերտական ձեռնարկ մը կը պատրաստեմ, դեր վերցնող աշակերտները մեծաթիւ են: Դուն ալ եկուր նկարէ: Մուտքի դրան մօտ սեղան մը կը դնենք, դադարին հոն նստէ, նկարները աշակերտներուն ծախելու համար: Անոնց համար գեղեցիկ յիշատակ պիտի մնայ այդ նկարները: Ուստի այսպէս, յաճախակի մեր ձեռնարկները, եռանդուն կեանք ստեղծեցին վարժարանէն ներս, ուր մեծապէս օգտակար եղաւ Պրն. Վռամշապուհը:

-- Օրերդ միշտ լուսաւոր ըլլան Տիկին Աբելեան, կը կրկներ յաճախ մեր վարժարանին բարի նկարիչը, Պրն. Վռամշապուհը:

Տրուած ըլլալով որ պաշտօնակոչումի առաջին տարիէն իսկ մաս կը կազմէի հատուցման սնտուկին, որպէս կրթական մշակ, իմ ծառայութեան շրջանը իր լրումին հասաւ, Լիբանանի Կրթական Հատուցման Գրասենեակի սահմանումով: Այդ առթիւ հոգաբարձական մարմինը որոշած էր իմ քսան հինգ տարիներու ծառայութեանս առիթով զիս պարգեւատրել Հայոց Տիգրան Արքայի ոսկեայ շքանշանով:

Ներփակեալ՝ սրտի պարտք կը զգամ ըսել, որ շքադրումի ձեռնարկումի աշխատանքներուն կռուանը հանդիսացող Տիար Աբրահամ Թորոսեանին շնորհապարտ եմ: Ամէն անգամ որ առիթը ընծայուի խօսք առնելու այդ ուղղութեամբ, երախտագիտութեամբ կը յիշեմ իր անունը, ինչպէս նաեւ Տիկինը եւ զաւակները՝ Ռաֆֆին եւ Լենան, որոնք նոյնպէս մեր աշակերտներն էին: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Կիրակի առաւօտ մը Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Մեր նկարիչը այդ առիթով զիս նկարեր ու ապա նկարը մեծցուցեր, շրջանակի մէջ առնելով ու մակագրեր է ինծի նուիրելու համար:

Դժբախտաբար մեր բարի նկարիչին կեանքի թելը կտրուեցաւ անժամանակ: Իմ նկարներս որոնց մասին նոյնիսկ իր կողակից Նուարդ քոյրը տեղեակ եղած չէր, ինծի յանձնեց արցունքոտ աչքերով, երբ վշտակցութեան համար տունը այցելեցի: Մինչեւ օրս ալ գուրգուրանքով կը պահեմ այդ նկարները, միշտ յիշելով Պուրճ Համուտի մեր վարժարանին նուիրեալ նկարիչ՝ Վռամշապուհն ու իր կողակից՝ քոյր Նուարդ Տէմիրճեանները:

Հազիւ անակնկալ մահուան դառնագոյն վիշտը սպիանալու վրայ էր, երբ անսպասելիօրէն Լիբանանի քաղաքական առօրեան խանգարուեցաւ: Մեծապէս ցնցեց Լիբանանցի ժողովուրդը տնտեսապէս՝ եւ բարոյապէս: Վաղուայ անորոշութիւնը պատճառ դառձաւ ժողովուրդին մեծ մասին քաղաքաթող ըլլալուն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը տեղահան ըրաւ նաեւ քոյր Նուարդ Տէմիրճեանի ընտանիքը: Ալ զինք տեսնելու պատեհութիւնը չունեցայ: Վստահ եմ որ ան արմատահան եղած ծաղիկի մը նմանեցաւ որ, հակառակ բոլոր ջանքերուն ու ջրտուքին, չի տոկար օտար հողին ու տակաւ կը թառամի:

Երանելի են այն մեռեալները որոնք Տիրոջմով կը ննջեն. Անոնց աճիւնը իր հանգիտը կը գտնէ հողին ներքեւ, իսկ հոգին իր Տէրը փառաբանելու վայելքը կ'ունենայ յաւիտենականութեան մէջ:

Նուարդ քոյր «Բարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը կատարեց եւ հաւատքը պահեց:» (Բ. Տիմ. 4:7) Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը:

 

 

2 comments:

  1. Dear Vahe,
    Thank you for sharing this treasure... Your Mother and My Mother were Soul Sisters, Loved and respected one another with an Unconditional Love.

    Thank you once again...

    ReplyDelete
  2. This is the youngest daughter of Vramshabouh and Nevart Demirdjian...
    The Rev. Takouhi Demirdjian-Petro
    in Portland, Ontario, Canada
    www.revtakouhi.ca

    ReplyDelete