V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, November 13, 2025

Վերջին յղումը եւ կոչը՝ Միասնաբար փրկենք հայերէնը

Վահէ Յ Աբէլեան 


Արմենակ Եղիայեանը, իր գրութիւններուն հետեւողներուն իր վերջին յղումը կատարեց Երեքշաբթի 11 Նոյեմբեր, 2025-ին։

 Այդ յղումը իր  շաբաթամէջի «Միասնաբար փրկենք Հայերէնը» շարքին, 50-րդ էր։ Յաջորդը պիտի ըլլար իր Կիրակի օրուայ յղումը որ պիտի ըլլար Ոճաբանութեան նոր շարք մը։  Նախ քան այդ շարքը սկսիլը, Կիրակի օր՝ Նոյենբեր 9, 2025-ին, հետեւեալը յղած էր իր ընթերցողներուն որոնք անձնապէս կը ստանային իր յղումները՝, «Սիրելի՛ բարեկամներ, Ոճաբանական նոր գլուխ մը սկսելէ առաջ՝ փափաքեցայ ձեր կիրակին արժեւորե Երուխանէն մէկ ուրիշ   գոհարով մը, որ «Գերագաոյն ներում»-ն է: Համոզուած եմ, որ շատ պիտի գնահատէք զայն: Բարի վայելում։»

Չկրցաւ սկսիլ այդ շարքը։ Քանի մը օր ետք՝ 12 Նոյեմբեր 2025-ին, իր տան մէջ յանկարծամահ եղաւ եւ առ յաւէտ հետը տարաւ իր զարմանալիօրէն պայծառ միտքը։

Տակաւին շատ պիտի գրուի իր մասին, ափոսալով իր կորուստը։ Նոյնիսկ մամուլի աշխատակիցներ ալ այդ պիտի ընեն այդ, որոնցմէ ոմանք ֆէյսպուքի վրայ գանգատած էին, իրենց յաղորդակցութիւններուն Արմենակին ըրած լեզուական քննադատութիւններուն համար։

Իր վերջին յղումը հասաւ 11 Նոյեմբերին, այսինք՝ 11.11-ին, երեկոյեան գրեթէ ժամը 11-ին՝ յետ միջօրէ 10:41-ին, ճշկրիտ ըլլալու համար։

Տասնմեկերորդ ժամ արտայայտութիւնը ընդունուած է որպէս վերջին կոչը, կամ ալ վերջին հնարաւոր պահը նախ քան ուշ ըլլալը։ Թերեւս ալ նախախնամութեան մէկ դասաւորումը եղաւ որ Արեւմտահայերենի պաշտպան տիտան Արմենակ Եղիյեանին յղումը իր հետեւորդներու հաս տասնմեկերորդ ամսուան, տասնմեկերորդ օրուան, գրեթէ տասնմեկերորդ   ժամուն։ 

Կը կցեմ Արմենակ Եղիայեանին «Միասնաբար փրկենք Հայերէնը» շարքին վերջինը։

***

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (50)

1. Արգելափակել

Այս փոձանքը մեր գլուխը փաթթողը արեւելահայերը եղան՝ իրենց սխալ ու ապիկար կիրարկութեամբ:

Ստորեւ սփիւռքահայ կիրարկութիւն մը.

***Ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Թըրման ...պահանջեց  արգելափակել ամերիկեան աջակցութիւնը Անքարային եւ Պաքուին, նկատի առնելով Հայաստանի շրջափակումը եւ Պաքուի մերարգելափակուած  հայ գերիներուն հարցը («Արարատ», 18/9/2025, էջ 4): 

Այս երկու կիրարկութիւններէն երկրորդը ճիշդ է, քանի արգելափակել կը նշանակէ մէկը բանտարկել  փակ եւ ըստ ամենայնի վատառողջ  միջավայրի  մէջ, ինչ որ պարագան է Պաքուի հայ գերեալներուն:

19-IMG_256րդ դարուն Պոլսոյ պատրիարքները նման խուցեր ունէին իրենց պատրիարքարանի յարակից տարածութեան մէջ, ուր կ’արգելափակէին հայ խենթերը:  Չէին գոհանար միայն արգելափակելով, այլեւ կը կապէին զանոնք յատուկ սիւներու եւ օրական քանի մը անգամ... կը ծեծէին, որպէսզի «խելքը գլուխնին գար»: Մինչդեռ այդ սիւներէն աւելի ճիշդ կ’ըլլար կապել օրուան խելացի պատրիարքներըը եւ նման բուժում առաջարկող իմաստակ բժիշկները եւ կուշտուկուռ ծեծել  զանոնք: 

            Այս էր ունեցածնիս:

                                                                               *   *   *

Կոպիտ սխալ է առաջին կիրրակութիւնը՝ արգելափակել աջակցութիւնը: Աջակցութիւնը վերացական հասկացութիւն մըն է, եւ իբր այդպիսին ո՛չ կ’արգելափակուի, ո՛չ կը բանտարկուի, ոչ ալ... կը բռնուի, որ տանիս ծակ մը խոթես զայն:

Աջակութիւնը կը դադրեցուի, կը խնայուի, կը կտրուի, վերջ կը գտնէ...

                                                    *   *   *

Ճիշդ կիրարկութիւն մըն է հետեւեալը.

***Ժամեր շարունակ արգելափակուած  մնացին  ինքնաշարժներուն մէջ:

Պարզ է՝ ռմբակոծումէ խուսափելու, պաշտպանուելու  համար:                                                           

2. Սփիւռքահայ մամուլ

«Մարմարա» (14/3/2025)

***Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթներ ունեցան:

            ---Նախարարները միասնաբար կտրեցին ժապաւէնը եւ ելոյթ ունեցան:

            ***Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածի մը:

            ---Երկուքն ալ զոհ գացած էին երթեւեկի արկածի մը:

            ---Երկուքն ալ զոհուած էին երթեւեկի արկածով մը:

            «Հասկ» (2024, թիւ 11-12)

***Շարք  մը ծրագիրներ կարելի չեղան  իրականացնել (էջ 676):

            ---Շարք մը ծրագրեր կարելի չեղաւ իրականացնել:

                                                              *   *   *

            Շատ յատկանշական է այս սխալը, ուր  ծրագրեր-ը մտածուած կամ ընկալուած է իբրեւ ենթական  նախադասութեան էական բային, որ այստեղ տուած է չեղան՝ յոգնակի. ծրագրերը կարելի չեղան:

            Սխալ մտածողութիւն է այս:

            Նախադասութեան ենթական իրականացնել անորոշ դերբայն է:

            Նախադասութիւնը ունի բաղադրեալ դիմաւոր բայ, որ է՝ կարելի չեղաւ:

Հարցում՝

            --Ի՞նչը կարելի չեղաւ:

            --Իրականացնել կարելի չեղաւ: 

            Իսկ ծրագրեր գոյականը ուղիղ խնդիրն է իրականացնել ենթակայ դերբային.

            Հարցում՝

            --Իրականացնել ի՞նչ:

            --(Շարք մը)  ծրագրեր:

            ***Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն  յանձինս Շահան արք. Սարգիսեանի եւ յանձինսՄայա Գրիգորեանի միջեւ (էջ 677):   

            ---Տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրութիւն  Շահան արք. Սարգիսեանի եւ    Մայա Գրիգորեանի միջեւ:            

            ***Նճէյմ  եպիսկոպոս փոխանցեց պատրիարքին մտահոգութիւնները(էջ 679):

            ---Նճէյմ եպիսկոպոս պարզեց  պատրիարքին մտահոգութիւնները:

            ---Նճէյմ եպիսկոպոս ներկայացուց պատրիարքին մտահոգութիւնները:

            ***Տոքթ.  Տաքէսեան հակիրճ կերպով ներկայացուց... ծրագիրները(անդ):

            ---Տոքթ. Տաքէսեան  հակիրճ ներկայացուց ծրագրերը:

            *** Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մօտ  Աւստրալիոյ դեսպանը (անդ):

            ---Մայրավանք այցելեց Լիբանանի մէջ    Աւստրալիոյ դեսպանը:

 

             «Սփիւռք», թիւ 120 

***Իշխանութիւններու  տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալնե-րու արդիւնքով(Խմբագրական):

            ---Իշխանութիւններու  տասնամեակներու վրայ գործած յանցաւոր սխալնե-րու հետեւանքով:

            Արդիւնքով-ը ռուսաբանութիւն է:

            Որուն փոխարէն հայերէնը կ’ըսէ՝ շնորհիւ կամ  հետեւանքով ՝  նայած, թէ արդիւնքը դրակա՞ն է, թէ՞ բացասական է:

***Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշներու (անդ):

            ---Ինքնութեան հիմնաքարերը հանդիսացող խորհրդանիշերու:

            ***Ինչպէս ցանկացած կրօնական կառոյց, Հայոց Եկեղեցին եւս ունի բազմա-թիւ խնդիրներ (անդ):

            ---Ինչպէս որեւէ կրօնական կառոյց, Հայոց եկեղեցին եւս ունի բազմաթիւ խնդիրներ:    Ցանկացած-ը ռուսաբանութիւն է :

Մրցոյթ 49

***Ո՞ր ձայնաւորին վրայ կը դնես շեշտը.

--- բոլո՛-րովին:

***Հետեւեալին ո՞ր բառին առջեւը կը դնես նաեւ շաղկապը.

---Յարգելի՛ պատուիրակներ,  մենք կոչ կ’ուղղենք ուշադրութիւն դարձնե-լու նա՛եւ Հայաստանի ներքին զարգացումներուն («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 8):

***Կրնա՞ս հետեւեալը արտայայտել՝ պահելով միայն  մէ՛կ մէջ:

---Թրամփ Ճափոնի՝ մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին մէջ արտասանած խօսքովմէջ յիշատակած էր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը («Ազդակ», 30/10/2025, էջ 1):

***Մէ՛կ բառով ըսէ հետեւեալին ընդգծուած հատուածը.

---Անոնց բանակցութիւններու առաջին փուլը ապարդիւն աւարտած էր առանց արդիւնքի ձեռքբերման («Ազդակ», 31/10/2025, էջ 8):

            ***Փորձէ սրբագրել հետեւեալ թերի կառոյցը.

            ---Հըզպալլան վերստին հրթիռներ, մասնաւորաբար[1] հակահրասայլային, եւ հրրետանիի ռումբեր կը պահեստաւորէ («Ազդակ», 1/11/2025, էջ 2): 

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ  Ապտալեան (4), Միրնա Սիւլիւքճեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (4), Լիզա Յովհաննէսեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (7):

            Մրցոյթ 50

***Կրնա՞ս սրբագրել հետեւեալ կառոյցին զանազան թերիները եւ ստանալ գոհացուցիչ  խօսք մը.

---Հօրեղբայրս շատ ժամանակ կու տար մատենագիտական եւ մամուլի ու պատմական արխիւներ պրպտելով եւ հաւաքելով («Ազդակ», 3/11/2025, էջ 5): 

            ***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Հայերը իրենց սեփական հայրենիքին, ներառեալ Արցախի մէջ եկուորներ են (Սարգիս Մահսերեճեան):

***Հայեցի վերաշարադասէ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ աւելցնելու, պակսեցնելու կամ փոփոխելու.

---Իրան Իրաքի մէջ զինեալ խումբերը պատրաստելով Իսրայէլի հետ ապագայ  դիմակայման կը պատրաստուի («Ազդակ», 5/11/2025, էջ 1):

---Իր ուժը վերականգնելու Հըզպալլայի փորձերը կրնան Իսրայէլը մղել իր  գործողութիւնները ընդլայնելու («Ազդակ», 5/11/2025, էջ 2): 

***Ընդգծուած ութ յոգնակիներէն ո՛ր մէկը կրնաս եզակի դարձնել:

---Պատուիրակութիւնը նաեւ շրջեցաւ դպրոցներուն մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնցանցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու հետ, լսելով անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները («Ազդակ», 8/11/2025, էջ 8):

            armenag@gmail.com                                                               Արմենակ Եղիայեան

 



[1] Կամ՝ ընդ որում, կամ յատկապէս: 

No comments:

Post a Comment