V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, December 17, 2023

Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (2) -ՓՈՒՇՄԱՆ

Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 2 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը 



Ճանչնանք մեր բառերը (2)

1. Փուշման

Աւելի քան քսան տարի առաջ էր:

Աթոռիս վրայ ունէի երիտասարդ հիւանդ մըմէկ կողմէ կը դարմանէի զինքմիւս կողմէ կը զրուցէինք.  շատ աւելի ես էի խօսողըիսկ ինք երբեմն առիթ կըգտնէր կցկտուր բառեր արտասանելուեբր յանկարծ ըսաւ.

Փուշման եղայ...

Իսկոյն սաստեցի՝ ընթացք տալով բնազդական մաքրամոլութեան մը.

Պէտք չէ փուշման ըսես... թրքերէն է...

Խօսակիցս անակնկալի եկաւյօնքերը պռստեցշեշտակի նայեցաւ ու ապա՝

Ինչպէ՞ս թրքերէն կըլլայ,− հակադարձեց անզօր,− ամբողջ կեանքսփուշման ըսած եմ ու փուշման լսած եմեւ ոչ մէկը նկատողութիւն ըրած էիսկհայերէնը ի՞նչ է:

Զղջալ էզղջացի-զղջացիր-զղջաց...

Զա՜րմանալիասանկ բա՞ռ ունի եղեր հայերէնը...

*   *   *

Եթէ մանկութեանսուր ես ու շրջապատս ալ փուշման ըլլալ կըսէինք,  ուրիշմը ինծի ընէր նման  դիտողութիւն մըապա ինքս ալ զարմացած պիտիհակադարձէիթէ հապա ի՛նչ է հայերէնըքանի պուրճհամմուտցին ուրիշ բառ չէրճանչնար:  

Մերը ամենահայախօս ընտանիքներէն  էրոր այդ օրերուն կարելի ըլլարերեւակայելչեմ յիշեր օր մօրանց  մէկ թրքերէն նախադասութիւն ուղղած ըլլալմօրսմեծ մօրս ու մանաւանդ հօրսԱյս նոյն կացութեան մէջ մօտաւորապէս  գտնուած են չորս եղբայր-քոյրերս ալ,   սակայն հակառակ ասոր՝ ունէինքթրքերէն բառամթերքի մեր կայուն օժիտըոր բոլորովին բնական ձեւով կըկիրարկէինք՝ առանց իսկապէս ծանօթ ըլլալու   անոր ծագումին:

Բաւական  ուշ էոր կամաց-կամաց սկսանք բոլորովին «հայանալ»  եւ մերբարքերուն մէջ ի շարս այլոց մտաւ զղջալ-ը  եւս:

Իսկ փուշման ըլլալ-ը...

Իմ առաջին  թիրախներս այնուհետեւ եղան հէգ արեւելահայերըերբ 1965-ինառաջին անգամ ոտք դրի Հայաստանուր  ազատօրէն եւ մեծով ու պզտիկով կըկիրարկէին  անոր քիչ մը նրբացած ձեւը՝ փոշմանել...

Մեծագոյն անակնկալըսակայնվերապահուած էր քիչ մը աւելի ուշժամանակներուերբ «Արմատական»-ն ու «Նոր հայկազեան»-ը լոյս տեսան եւսկսան  կամաց-կամաց թափանցել մեր կեանքին մէջես առաջիններէն եղայ  երկուքական օրինակ գնողըկը մտածէի՝ մէկը անդրանիկ մանչիս,  միւսն ալ՝կրտսերին  համարթէեւ աւելի ուշ հաշիւներս «խանգարուեցան», եւ այս անգամպէտք եղաւ չորսական օրինակ գնել:

Եւ այստեղ ալ զարմանքով տեսայ...  ինչե՜՜՜ր ու ինչե՜՜՜ր  տեսայ:

Ուրեմն,  ըստ Աճառեանի՝  բառս ունի պարսկական ծագում:

Կը  նշանակէ՝ զղջումստրջանքապաշաւաշխարանք

Սկզբնապէս ան հայերէն մուտք գործած է մեր առաջին մատենագիրներունհետ իսկ՝ փաշիման ձեւովԱճառեան ասով կը թուէ տասնեակ մըմատենագրական  վկայութիւններԱւելի ուշ ան սկսած է արտասանուիլփոշիման՝ հէնց  փոխատու լեզուին՝ պարսկերէնի մէջեւ այնուհետեւ մերոնքսկսած են կիրարկել այս վերջինըորով նմանապէս մէջբերուած են բազմաթիւօրինակներմինչ «Նոր հայկազեան»-ը  շատ աւելի ժուժկալ է օրինակներով:

Աւելի ուշ  բառս անցած է թրքերէնին փուշման արտասանութեամբ ուգրչութեամբԵւ պատահած է հետեւեալը.

--Արեւելահայը պահած է բառիս յարաբերաբար հարազատ ձեւը՝ փոշիման:

--Արեւմտահայը   ազդուելով թրքերէնէն որդեգրած է  փուշման:

Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը  այսօր:

Թրքերէնը իր զանազան արտայայտութիւններովայոզգալիօրէն նահանջեցմեր լեզուական բարքերէնսակայն զուգահեռաբար նահանջեց հայութիւնն ալ... Պուրճ Համմուտէնուր բոլորովին անհետացած չէ տակաւին թրքերէնըեւբացառուած չէ մերթ ընդ մերթ հանդիպելու թէ՛ փուշման-ինթէ՛ ուրիշ շատբառերուորքան ալ  հետզհետէ  նուազին զանոնք արտասանողները

2. Սպանախ եւ... շոմին

Սպանախ-ը մէկն էր այն բառերէնոր համատարած կը կիրարկուէր ՊուրճՀամուտի մէջ՝ բնորոշելու համար այնքան տարածուած բանջարեղէնըոր այդնոյն անունը կը կրէր տեղացի խանութպաններու լեզուին մէջ եւսԵւ ոչ ոքբացարձակապէս ոչ ոք կանհանգստանար այդ անուանումովմինչեւ որ... 

Հազիւ եօթ-ութ տարեկան մանուկ էիերբ ընկերներու հետ կը խաղայիփողոցըոր մեր բնական խաղավայրն էրորովհետեւ տուներուն մէջորոնցգրեթէ բոլորն ալ օժտուած էին միայն  մէ՛կ սենեակով,− որ պարտէրպատսպարել միջին հաշուով 7-8 անդամ,−   պարզապէս տեղ չունէինք խաղալու:

Այդ պահուն էրոր մեզմէ մէկը արտասանեց  մեզի համար այնքան բնականու առօրեայ սպանախ բառը

Ասոր վրայ՝ երիտասարդ մըոր  կանցնէր մեր քովէնփութաջան մօտեցաւցուցամատը ուղղած մեզիեւ խստիւդուք հասկցէք՝ սպառնալից,  ազդարարեց.

Սպանախ-ը թրքերէն էպէտք է ըսել հայերէն՝ շոմի՛ն:

Շոմին... ահա քեզի բառ մըոր առաջին անգամ կը լսէի(նք)  ու անկէ ետքշուքիս պէս հետեւեցաւ ինծի ու կը շարունակէ հետեւիլ՝ ականջիս օղ դարձածԻսկ Աճառեան կը հաստատէոր սպանախ ու շոմին հաւասարապէս... պարսկերէն են:

armenag@gmail.com                                            Արմենակ Եղիայեան

 

                                                                                                                         

 

 

 

                                                                      

 

No comments:

Post a Comment