Վահէ Յ Աբէլեան
![]() |
| Ձախ՝ Քէորքիւնայի Հայ Աւետ. Եկեղեցին գծած. է՝ Christee Curran. Աջ՝ Շահան Շահնուր եւ Արշիլ Կորքի ինքնագծագրութիւն |
Ներկայիս, անմիջական առօրեայ ընթերցանութիւնս՝ Շահան ՇահնուրիՆահանջը Առանց Երգի վէպն է։ Հոն է որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ որմնախորշ բառին։
Ինծի համար հետաքրքրական եղած է թէ ինչո՞ւ Շահան Շահնուրը իր այդ վէպը անուանած է Նահանջ Առանց Երգի։ Իմ կարծիքովս կրնար ուրիշ վերնագիր մը տալ վէպին եւ վէպը, որ գրական գլուխ գործոծ մըն է, եւ ոճով Ռաֆիին վեպերէն շատ տարբեր, իր գրական արժեքէն բան մը նուազացուցած պիտի չըլլար։
Եթէ վիպագրութիւնը, գծագրութեան նմանցնեմ, ապա կարելի է ըսել ոդ Ռաֆի-ին վէպերը դասական գծագրութեան նման են, իսկ Շահան Շահնուրինը՝ Արշիլ Կորքիի գծագրութեան նման է։ Կը կարծեմ որ կրնաք պատկերացնել ինչ ըսել կուզեմ։
Պիտի չի զարմանամ որ Շավարշ Միսաքեան-ը, որպէս Յառաջ թերթին խմբագիրը, ուր Շահան Շահնուրին վէպը, լսած եմ որ լոյս տեսած է պարբերաբար՝ մաս առ մաս, եւ յետոյ որպէս վէպ, դեր ունեցած է վէպին անուանակոչութեանը։ Անկասկած որ վէպին Նահանջը Առանց Երգի անուանակոչութիւնը մեծապէս նպաստած է վէպին ժողովրդականութեան, եւ երկարակեցութեան։ Բայց այդ վերնագիրը սահմանափակած է գիրքին գրական գնահատանքը, Պետրոս եւ կամ Փիէր հերոսին քանի արտայայտարութիւններովը։ Այդ յատարարութիւնները, որոնք գրեթէ միշտ կը յիշատակուին երբ Նահանջը Առանց Երգի-ն մասին ակնարկ կըլլայ, շրջաբակած են գիրքը ինչպէս գծագրութեան մը շրջանակը, որոնք երբեմն շատ զարդարուն եւ գեղազարդ կըլլան եւ անբաժան եւ յամակից մաս կը կազմեն գծագրութեան եւ գծագրութեանը գնահատանքին։ Յուսամ կրցայ բացատրել ինքզինքս։ Բայց այդ ուրիշ հարց է։ Հիմայ գամ որմնախորշ բառինէ։
***
Ուրեմն, ինչպէս նշեցի առաջին պարբերութեանը մէջ, ընթերցանութեանս ընթացքին հանդիպեցայ որմնախորշ բառին։ Կը պատկերացնէի որ այդ բարդ բառը պիտի չգտնեմ Նայիրի-ին բառարաններուն մէջ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բայց, եթէ նոյնիսկ մէկը որ գիրքը չէ կարդացած, եւ չէ հանդիպած այն պատահարին ուր որմնախորշին ակնարկ կայ, կրնայ պատկերացնել որմնախորշ բառին իմաստը։ Խորշ կը նշանակէ, փոս տեղ, խոռոչ, (Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 182)։ իսկ որմ արմատ բառը կը նշանակէ պատ (նոյն բառարանը էջ 365)։ Հետեւաբար շատ դիւրութեամբ կարելի է հետեւցնել որ որմնախորշ կը նշանակէ պատին մէջ փոս մը, Անգլերէնով՝ a cavity in the wall.
Այդ բարդ բառը, զիս տարաւ Քէորքիւնայի մեր պապենական տունը որ կ՚ենթադրուի կառուցուած է 19-րդ դարու վէրջաւորութեան՝ այսինք 1800 ական թուականներուն վէրջերը՝ բայց վստահաբար Մեծ Եղեռնէն առաջ։ Այդ տան մէջ, սենեակներէն մէկուն մէջ կար որմախորշ մը ուր մեր մեծ հայրը՝ Ստեփան Պապուկը, կը պահէր Քէորքիւնա Աւետարանական եկեղեցիին ամբողջ գանձը։ Անկասկած որ այդ որմնախորշը պատահականօրէն հոն չէր եղած։ Այդ տան որմադիրը, ներքին սենեակները բաժնող կրկնապերէն, այսինքս կրկնակի շերտաւոր պատէներէն, մեկէն զեղչած էր քար մը, ունենալու համար այդ խորոչը, այդ պատին վրայ։
Այդ խորոչին մէջ էր որ մեծ հայրս, Քէորքիւնայ Եկեղեցիին գանձը կը պահէր մինչեւ որ յանձնէ խնամակալութեան։ Ինքը Քէորքիւնայի միակ եկեղեցիին մնայուն գանձապահն էր։ Գրեթէ ամէն կիրակի օր, պաշտամունքը սկսելէ առաջ, ընտանիքներու ամենէն պզտիկը կուգար եւ մեր մեծ հօրմէն, իր բեռած դրամին մանրուքը կը խնդրէր որպէսզի եկեղեցին յաճախող ընտանիքին անդամը, իր նուիրատութիւնը ընէ։ իսկ մենք , դրամի հաւաքման ընթացքին, ափսէին ձայնէն, երբ դրամը կը դրուէր ափսէին մէջ, կրնայինք գրահել դրուած դրամին քանի ղրուշ ըլլալը։
Վերադարձին, մեծ հայրս հաւաքուած դրամը յաճախ նախ իր անկողինին վրայ կը փռէր։ կը պատահէր որ հոն թղթադրամ ըլլար, ընդհանրապէս՝ եթէ ոչ բացառձակապէս, գիւղը այցելութեան եկած ընտանիքէն կամ անհատէն եղած կըլլար։ եւ ապա կիրակի օրուան պաշտամուքին հաւաքուած դրամը կը դնէր մետաղէ տուփի մը մէջ, որքան կը յիշեմ ժամանակին փոշի կաթ պարունակող կլոր տուփը մըն էր, եւ կը զետեղէր այդ որմնախորշին մէջ։







