Ուրեմն ալ ինչո՞ւ գրել մահուան սահմանուած այս լեզուով,
Ինչո՞ւ ձօնել մեր սուղ ժամերն այս հին լեզուին հիւծախտաւոր,
Երբ վաղը ալ չի գտնուիր ո´չ զինք խօսող ո´չ կարդացող...
Ի՞նչ հոգ, որ դար ու կէս առաջ հիւծախտաւոր քերթող մը մեծ1
Սրտակեղեք իր բառերով՝ ցաւը պատմեց ապշած լիճին,
Որո՞ւ հոգը, թէ մէկ ուրիշ թոքախտաւոր պարման քերթող2
Անանձնական ուրախութիւն հայցեց այս մահամերձ լեզուով,
Որպէսզի ինք զայն լաստ ըրած՝ նաւորդն ըլլար վառ լոյսերու,
Եւ նահատակ բանաստեղծ մըն ալ անոր լուսախոբ բառերով
Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր արշալոյսները արօրեց,
Տիտան3 մըն ալ վարդահեղեղ արշալոյսներ կանխատեսեց,
Դեռ՝ մերօրեայ, լուսածին մեծ բանաստեղծ մը իր լուսագիր
Գիրքն սկսէր՝ լոյս բառերով՝ «Հեղեղ մը լոյս ծնանիմ։»
Այս լոյս լեզուն, որ դարէ դար խաւարումը արհամարհեց,
Արդեօ՞ք պիտի արհամարհէ ՄԱԿ-ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վճիռն ալ,
Եւ բառերով իր բարբարոս4 շարունակէ լուսաստեղծել
Հեզաճկուն բառապարեր տակաւին անհամար դարեր,
Թէ՞, այլեւս մեծասքանչով5 չսքանչացող հայուն ի տես՝
Սիրտէն խոցուած՝ կուչ պիտի գայ ինքն իր վրայ եւ ծուարի
Լուսահաւաք պատմագրութեան մէկ էջին մէջ, որ ճրագէ
Իր մահովն իսկ գիտաշխարհը հնահաւաք լեզուաբանին...
Արա Մանուկեան (Մխսեան)
*
1. «Ինչո՞ւ ապշած ես, լըճակ,
Ու չեն խայտար քու ալեակք...»
Պետրոս Դուրեան
2. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ որսկան.
Զայն լաստ ըրած՝ ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:»
Միսաք Մեծարենց
3. «Ոհ, այն ատեն, այս օրուան
Մեր մեռելները բոլոր
Միահամուռ ոստումով
Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,
Ու անհամբեր հեռո՜ւն, հեռո՜ւն ակնապիշ
Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին
Արշալոյսի, Արշալոյսի մը` որուն
(Հաւատացէք ինձ Մայրեր),
Ես ոտնաձայնը կ՛առնեմ…»
Դանիէլ Վարուժան
4. «Մեր լեզուն ճկուն է ու բարբարոս,
Առնական է, կոպիտ, բայց միեւնոյն պահին
Պայծառ է նա, որպէս մշտաբորբոք փարոս,
Վառուած հրով անշէջ դարերում հին։-»
Եղիշէ Չարենց
5. «Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու,
Ո´վ հեշտ բարբառ մայրական,
Քաղցրահնչիւն բառերուդ
Նման արդեօք այլ տեղ կա՞ն...»
Ն. Մեզապուրեան

No comments:
Post a Comment