Վահէ Յ Աբէլեան
![]() |
| Հայրս աջին, Այնճարի մեր բնակարանին պարտէզին մէջ ձախին Պրն Յակոաբ Աշքարեան |
Այո, Այնճարը իմ պատկերացուցած Հայաստանի Թավուշ Մարզի Կիրանց գիւղին կամ գիւղաքաղաքին նման տեղ մըն է եւ մենք որպէս ծնողական ընտանիք բնակարան մը ունեցանք հոն՝ Այնճար, որմէ կը պահեմ յիշատակելի կարճ շրջան մը։ Այս պլակս պիտի սկսիմ հետեւալ ներածականով։
Մեզի ծանօթ Անճար գիւղաքաղաքը կը գտնուի Լիբանանի Պեքաայի հովիտին մէջ։ Գրեթէ բացառձակապէս Հայերով բնակուած է, որոնց թիւը Wikipedia կը պատկերացնէ որ շուրջ 2400 հոգի է։ իսկ տարածութիւնը շուրջ 20 քառակուսի քիլոմեթր է։
Անճարին դիմացը կը գտնուի Մաժտալ Այնճար գիւղաքաղաքը։ Անոր բնակչութեան թիւը, կրկին ըստ Wikipedia-ի, Այնճարի բնակչութեան մօտաւորապէս տասը անգամ է, շուրջ 25,000։ Իսկ տարածութիւնը 25 եւ քիչ մը աւելի քառակուսի քիլոմեթր է։
1970-ական թուականներուն ՚ծնողքս Այնճար բնակարան մը գնեց, այնպէս ինչպէս Ֆրանսական կառավարութիւնը պատրաստած էր Մուսա Տաղի գաղթականներուն՝ մէկ սենեակ եւ մէկ առանձնատուն արտաքնոց, տան յատկացուած պարտէզովը։ Բնակարանը կը գտնուէր բնակարաներուն վերջին շարքին վրայ, որմէ ետք բնակարաններ չկային, այլ կար դաշտային տարածութիւնը որ կը հասնէր Այնճարի բլուրի ստորոտը։ Իսկ այդ բլուրին ետեւէն կը սկսէր Սուրեական հողամասը, գէթ այդպէս լսած էի։
Բնակարանին աջ կողմը, որոշ տարածութիւնէ մը ետք, կ՚անցնի դէպի Դամասկոս տանող մայրուղին եւ այդ ճամբան կը բաժնէր Այնճարը՝ Մաժտալ Այնճար այլազք գիւղէն։ կ՚ըսուէր որ Մաժտալ Այնճարի մէջ ոչ մէկ հայ ընտանիք կ՚ապրէր եւ շատ հաւանաբար այդպէս ալ էր։
Հետաքրքրական այն էր որ եբր բնակարան մը փնտրտուքի մէջ էինք ընտանիոք, մեր մտքէն երբեք չանցաւ, դիմացը, Մաժտալ Այմճար ալ երթալ եւ հոն ալ նայիլ բնակարանի մը, թերեւս աւելի պատշաճ եւ աւելի մատչելի բնակարան մը կրնար գտնուէր հոն։ Այնճարին եւ անոր դիմացը գտնուող Մաժտալ Այնճարին միջեւ կար անանցնելի մէծ անջրպէտ մը, կամ խրամատ մը։ Այնճար ծնած եւ մեծած իմ ընկերներս ալ ըսած են որ իրենց համար Մաժտալ Այնճարը բացառձակապէս օտար տեղ մըն էր ուր իրինք Այնճար կեցութեան շրջանին ոչ իսկ մէկ անգամ այցելած էին։ Զարմանալին այն էր որ ես, աւելի շատ հանգիստ կը զգայի պատկերացնել ինքզինքս ապրիլ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, քան ՚թէ Մաժտալ Այնճարին մէջ։ Թերեւս այդ հոգեբանութիւնը փոխուած է ներկայիս։
Բայց Այնճարը եւ Մաժտալ Այնճարի մէջեւ կը տիրէր խաղաղութիւն եւ անդորր եւ հանգիստ վիճակ մը։ Նոյն կացութիւնը կը տիրէ նաեւ ներկայիս, ըստ ինծի հասաց տեղեկութիւններուն։
Բայց ինչո՞ւ համար Կիրանցի հետ այս նմանութիւնը, կ՚ընեմ։
![]() |
| Յիշատակելի նկարներ Այնճարի մեր բնակարանէն |
Ես ջատագով եմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թավշեայ յեղափովութեան։ Մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք յեղափոխականներ, բայց ոչ յեղափոխութիւն։ Թավշեայ յեղափոխութիւնը եզակի է իր տեսակին մէջ, ոչ թէ միայն որպէս հայկական յեղափոխութիւն, այլ պարզապէս որպէս յեղափոխութիւն։ Իմ համոզումս արդարանելու կարիքը չեմ զգար։ Նմանապէս ջատագով եմ Նիկոլ Փաշինյանի կառավարութեան կողմէ առնուած Խաղուղութեան Խաչմերուկ քաղաքականութեանը։ Կրնաք ըսել որ ընկերային ցանցերու մէջ ընդհանրացած ածանցումով՝ ես «Նիկոլական» եմ։ Եւ որպէս հակազդեցութիւն բարեկամ մը որ Աճճարէն է կամ Մուսա Տաղցի – Այնճարցի - է, հետեւեալը ակնարկը ըրաւ ինծի՝ տառացիօրէն, ընդօրինակած եմ, «Ծո եկուր հոս ապրիր, ՂՐԿԵՄ ՔԵԶ ԿԻՐԱՆՑ, ՄՆԱՅ ՄԻԱԱԱՅՆ 2 Շաբաթ, եւ ապա ԱՆԿԵՂԾ պատասխան տուր, ՀԵՐՈՒՆԵՐԸ ՆՍՏԱԾ` ՀԱԹ ՉԱՔԼԵԹԸ ՁԵՌՔԻԴ, շաաաատ հեշտէ ԱՆՊԱԽ ԶԱՆՊԱԽ դուրս տալը, ԴՈՒՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՆԻԿՕԼԻ ԶՈՄՊԻ ԵՍ,👎👎👎👎👎👎👎👎👎👎»
Նիկոլական ըլլալս լսած էի, բայց Նիկօլին զոմպի ըլլալը, նորութիւն էր։
Ճամըմ, վազ անցնինք այս ածականներէն։ Այո, ես Հայաստան չեմ ապրիր։ Սակայն, տարրական տրամաբանութեամբ՝ Եթէ հիմայ Կիրանց չեն կրնար ապրիլ, հապա եթէ թշնամութիւն ըլլա՞յ։ Այն ատեն կը պատկերացնեմ որ Կիրանցի հարեւան տրածքին վրայ ալ պիտի չի կրնան ապրիլ եւ թերեւս հասնին Երեւան ուր Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 30% կ՚ապրի։ Իսկ Երեւանի տարածութիւնը աւելի նուազ է քան Հայաստնաի տարածութեան 1%.
Քաղաքկան տարակարծութիւնները այդ տարողուղութեամբ պէտք չէ որ մթագնեն մեր միտքերը եւ այսպէս ածանցենք այլախոհերը։
Մեր Անճարի տան վերջին այցելութիւնս եղաւ Ապրիլ 13, 1975-ին։ Կը յիշեմ թուականը քանի որ վերադարձին Պէյրութի մուտքին խճողումի հանդիպեցայ։ Զինեալ փաղաքաւորները երթեւեկ կը դասաւորէին։ Եբր մէկուն հարցուցի ի՞նչ պատահած է՝ ըսաւ որ փաղանքաւորները եւ Պաղեստինցի զինեալներ փախում ունեցան։ Այդ օրը ընդունուած է որպէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութեան օրը։
Անճարի քաղաքապետութիւնը մեր տունը տրամադրեց Սուրիացի՝ Ղազի Քանաան անունով զինուորականին որ Անճարէն, կառաւարեց Սուրիոյ, Լիբանանի կալանաւորումը։ Այդ Սուրեացի զինուորական ապահով գտած էր բնակիլ Անճար, որ խաղաղ եւ ապահով կեանքի ընթացք մը տնօրինեց իր բնակիչներուն։ Ներկայիս այդ տունը մեզի չի պատկանիր։ Չեմ յիշեր ծնողքս ինչպէս տնօրինեց անոր ճակատագիրը քանի որ իրենք ալ հեռաձան Լիբանանէն միատեղուելու համար Ամերիկայի մէջ ուր մահացան։
Ինչպէս ըսի, ենդական Այնճարցի էր, իսկ ես Քեսացի եմ։ Քեսապն ալ կիրանց մըն է։ Նայեցէք ներփակ երկու նկարներուն։ Այո, միայն Հայաստանի մէջ չէ, հապա սփիւռքի մէջ ալ է, ուր հայեր կապրին սահմանամերձ շրջաններու մէջ շնորհիւ իրենց լայնախոհութեան։

Beirut-Damascus highway that separates Anjar from Majdal Anjar



No comments:
Post a Comment