Այս պատահական խոհերը ստացած եմ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։ Զանոնք կը վերատադրեմ այստեղ։ վահէ Յ Աբէլեան
![]() |
| Գրիգոր Գրաճեան, Ախթամար Կղզիին վրայ |
Կեանքի ճանապարհ՝
Ահաւասիկ Վ. Թէքէեանէն իմաստալից բանաստեղծութիւն մը։
«Բարձրացում
Եթէ կրնաս՛ բարձրացի՛ր, բայց գիտե՞ս ո՛ւր, մինչեւ ո՞ւր,
Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՛ բարձրացուր,
բայց մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ ո՞ւր...:
Հաւատալով թէ կրնաս՛ օն, բարձրացի՛ր քա՛ջ տղաս,
Սակայն քանի վեր ելլես՛ պիտի մսիս ու դողաս,
Մնաս մինա՜կ, խեղճ տղաս...:
Կարենայի՜ր դուն եթէ բարձրացնել քեզի հետ
Սիրուած քանի մը հոգի մինչեւ գագաթն արփաւէտ,
Մինչեւ սէրը քեզի հետ...
Կարելին այդ է միայն, անրջակա՜ն կարելին,
Բարեկամնե՛ր որ մէկտեղ կ՛ուզեն, կը զգան, կը խորհին
Անկարելին, կարելին...
Միմիայն ա՛յս, մնացեալն ամբողջ պատրանք է, հոգի՛ս,
Մի միայն այս, ու անոր գուցէ երբե՛ք չհասնիս,
Անոր իղձովը մեռնիս...»
Վահան Թէքէեան
Մարդկային կեանքի ընթացքը, տեւողութիւնը կամ ուղին կարելի է նմացնել ճանապարհի մը, երբրեմն ընդարձակ եւ ուղիղ, այլ պարագաներուն՝ արահետանման, դարձդարձիկ, օձապտոյտանման: Ելեւէջներ, փապուղիներ, անհարթ մակերեսով, խորտուբորտ, մինչեւ իսկ փակուղիանման ճանապարհային բաժիններ անխուսափելի են:
Կեանքի մեկնարկագիծէն մինչեւ վախճան-վերջ, կայ նաեւ սանդուխ, որու աստիճաններէն վեր կը բարձրանայ ենթական, մատ առ մատ:
Վերելքը հրապուրիչ է, քաշողական եւ յաճախ մարտահրաւէրային: Սանդուխը ինքնին կրնայ ըլլալ խաբուսիկ եւ թակարդներով լեցուն. աստիճանի մատները կրնան ըլլալ ո՛չ հաստատուն, այլեւ փխրուն: Այս բոլորով հանդերձ ենթական անզուսպ կերպով կը բարձրանայ վեր, միշտ վեր:
Սակայն զգոյշ. Ինչպէս առածը կ՛ըսէ. « մարդ որքա՜ն բարձրանայ անկումը կ՛ըլլայ ուժեղ եւ քանդիչ»:
Քիչերն են, որոնք գիտեն պատուով կանգ առնել որոշ բարձրութեան վրայ. գիտնալ եւ համեստօրէն արժէւորել բարձրադիր դիրքն ու պաշտօնը: Եւ մանաւանդ՝ քիչերն են, որ իրենց հետ կը բարձրացնեն նաեւ ուրիշներ.
***
La valise ou le cercueil ( պայուսակը կամ դագաղը)
Պատմութեան մէջ հանրածանօթ ղեկավարներու կողմէ խօսքեր կան, որոնք երբեմն խեղաթիւրուած կերպով ներկայացուած են եւ կամ, պարզապէս վերագրումներ են:
Վերեւի նախադասութիւնը թիւրաբար կը ներկայացուի եւ կը տարածուի ենթադրաբար ըսուած Ֆրանսայի նախագահ Շարլ Տը Կոլի կողմէ 1958 թուականին երբ ան Ալճերիա այցելած է:
Արդարեւ՝ Շարլ տը Կոլ 1958 Յունիս 4-6 Ալճերիա տուած այցելութեան ընթացքին, ֆրանսացի գաղութարարներու հոծ բազմութեան խօսած է ճառ մը, շեշտելով հետեւեալ կէտը. ' Je vous ai compris ' (ես հասկցած եմ ձեզ): Ֆրանսացի գաղութարարներ այս խօսքը թարգմանած են, թէ նախագահը կը հասկնայ զիրենք եւ կը զօրակցի. իսկ ալճերիացիներ այլ ձեւով ընկալած են զայն. թէ՝ Տը Կոլ կը հասկնայ եւ զօրակցի ալճերիացիներու մղած անկախութեան պայքարին:
Իրականութեան մէջ ' La valise ou le cercueil' ազդարարութիւնը ստեղծուած եւ տարածուած է ֆրանսացի գաղութարար զինեալ կազմակերպութեան (OAS, Organisation Arme՛e Secre՝te) կողմէ Ալճերիացի մահմետականներուն զգուշացնելով ընտրել «պայուսակը կամ դագաղը». այսինքն երկիրը լքել եւ հեռանալ պայուսակ մը ձեռքերնին, եւ կամ դագաղ մը:
Ալճերիական անկախութեան պատերազմին, ֆրանսացի գաղութարարները (բնիկ ալճերիացիներու կողմէ վարկաբեկիչ pied noire վանկարկումը ստացած), մասնաւորաբար ֆրանսամետ ծայրայեղականները՝ վայրագութեամբ եւ մոլեգնութեամբ տարուած կ՛երեւակայէին Ալճերիոյ տէրն ու տիրականը դառնալ:
Ներկայիս քաղաքական զուգահեռ ստեղծելով կրնանք ըսել, որ իսրայէլցիներ, - շրջապատուած բնիկ եւ տեղացի արաբ- իսլամ ժողովուրդներով - pied noire-ներու տրամաբանութեան կը հետեւին զէնքի ուժով պատգամ տալով. ' la valise ou le cercueil':
Լիբանանի հարաւը՝ իսրայէլցիներու վարած քաղաքականութիւնը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ անցեալին, pied noire-ներուն որդեգրուած ոճրային միջոցառումներուն:
***
Այսքա՜ն ալ անզգամութիւն ՇԱ՜Տ է:
Մենք, հայերս, ահաւասիկ 21-րդ դարուն, շատ չենք տարբերիր անապատին մէջ շուարած եւ կորսուած իսրայէլցիներէն, երբ Լուսաւորչի տօնին՝ ազգութեամբ պարթեւ Գրիգորի մասունքէն կտոր մը ամփոփուած ոսկիէ աջի մէջ պաշտամունքի առարկայ կը դարձնեն:
Կը հասկնանք եւ կ՛ընդունինք այն առասպելը, երբ Գրիգոր լուսաւորիչ օձերով եւ կարիճներով լեցուն խոր վիրապի մը մէջ կը նետուի եւ 40 օր ետք անվնաս դուրս կը բերուի անկէ: Եւ այսպիսով Գրիգոր քրիստոնէութիւնը կը տարածէ Հայաստանի մէջ:
Սակայն, միամիտ ժողովուրդը խաբել եւ անոր զգացումներուն հետ խաղալ, այս արդէն անպարկեշտ արարք է: Անմիտ եւ անհեթեթ է նաեւ երբ Լիբանանի այս անցուկ օրերուն անօթի, անպաշտպան, եւ խեղճացած հայերուն ստիպել պաշտել ոսկիէ աջը:

No comments:
Post a Comment