Վահէ Յ Աբէլեան
Ընդունիմ որ չեմ կրցած, ինչպէս Անգլերէն առածը կ՚ըսէ, մազ ճեղքել - split hair - երբ հարցը պետութեան եւ պետականութեան միջեւ է։ Նայիրի բառարանն ալ օգտակար չեղաւ։ Կայքին այն բառարանին որուն պատահմամբ դիմեցի, այսպէս բացատրեց՝ (Աղբիւր՝ Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 391)։
Պետութիւն `գոյական, կառավարութիւն, տէրութիւն:
Պետականութիւն՝ գոյականշ պետական վարչաձեւ, միջազգային ճանաչումով իշխանութիւն:
Ըսեմ ալ որ կառաւարութեան եւ պետութեան միջեւ ալ, առօրեայ գործածութեամբ, գործնականօրէն տարբերութիւն չեմ տեսներ։ Ամերիկայի պետութիւնը եւ կամ պետականութիւնը, նախագահ Տոնալտ Թրամբ-ի վարչութիւնն է՝ administration։-ը։ Եթէ երկիր մը գործ կ՚ուզէ ունենալ Ամերիկայի պետութեան կամ պետականութեան հետ, անոր գործը նախագահ Տոնալտ Թրամբին վարչակարգին - administration - հետ է, եւ անոր միջոցաւ է։ Հիւսիսային Քորեայի պետութիւնը կամ պետականութիւնը, Քիմ Ժոնկ Ուն-ին վարչակազմն է։
Այո, բնականաբար կան ժողովրավարական կարգով, եւ ոչ ժողովրդավարական կարգով պետութիւններ եւ կամ պետականութիւններ։ Անոնք, ըստ ինծի, ընկերային տեսութիւններու վրայ հիմնաւորուած ընկերային հաստատութիւններ են։
Բոլոր երկիրներու կառավարութիւններուն կամ վարչակարգերուն գեր նպատակը իրենց երկիրին ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնն է, ինչպէս նաեւ իրենց քաղաքացիներուն բարեկենցաղ կեանք մը ապավելն է։
Շատ բարդ հարցի մը, այս կէս կատար ներածական ըրի, քանի որ կարդացի Ահարոն Շխրտըմեանին, ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ յօդուածը։ Այդ ալ կէս կատար է, ուր Ահարոն Շխրտըմեանը կը նշէ թէ՝ «Այսօր կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութիւնը սկսած է ոչ միայն սխալներ գործել, այլեւ՝ գաղափարական նոր ուղեգիծ մը պարտադրել, որ կը խորտակէ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը, ազգային արժէքները եւ արդար իրաւունքները։» Ակնարկը անշուշտ այսօրուայ, Նիկոլ Փաշինյան-ի իշխանութեան է։
Անկասկած որ այսօր Հայաստանը կը գտնուի վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, եւ անկասկած որ ՆՓ-ի կառաւարութիւնը իր քաղաքականութիւնը չէ հիմնաւորեր հայ դժբախտ, եւ անարդար պատմական պատահարներուն բարւոք լուծումներու յանգելու համար։ Հայաստանի վարչապետը պատմութեան դասախօս չէ, եւ ոչ ալ Հայաստան կառաւարութիւնը պատմութեան կաճառ է։ Բայց այդ չի նշանակէր որ կ՚անտեսեն պատմութիւնը. հապա կը վարեն Հայաստանի քաղաքականութիւնը պատմական պատահարներուն հետեւանքներուն իրադարձութիւններուն հիման վրայ, բնականաբար այնպէս ինչպէս կը մեկնաբանեն այդ պատմական իրադարձութիւններուն հետեւանքները։ Դժբախտ իրողութիիւնը այն է որ Հայաստանի մէջ ընդիմադրութիւն ըսուածը պարզապէս ընդիմադրութիւն կ՚ընէ, ընդիմադրութեան սիրոյն եւ չի ձգտիր արդարացնէր իր ընդիմադրութիւնը պատմական այդ պատարհարներուն իրենց մեկնաբանութեանբը։
Սփիւռքը, պետական մակարդակով քաղաքական փորձարութիւն չունի եւ ոչ ալ կրնայ ունենալ։ Խնդրեմ զանց առէք ներկայացնել Լիբանահայութիւնը որպէս պետական մակարդակի վրայ քաղաքական փորձարութիւն ունեցող գաղութ մը։ Հետեւաբար անբնական է որ սփիւռքը, Հայաստանի քաղաքացիներուն, իր չգոյ պետական փորձարութիւնէն բան մը ըսելիք ունենայ, մանաւանդ որ իրողութիւնը այն է որ ամէն քաղաքականութիւն տեղական է՝ ինչպէս ըսած է Ամերիկացի ծերակուտանը - "All politics is local" is a famous adage, most closely associated with former U.S. Speaker of the House Tip O'Neill” Իսկ սփիւռքը հայաստանեան աումով տեղական չէ։
Հայոց պատմութեան պատահարներուն, ինչպէս ցեղասպանութիւն, սփիւռքին տարած գնահատելի աշխատանքը նպաստած է եւ կը նպաստէ ապահովելու հայութեան երկարակեցութիւնը սփիւռքի մէջ, որքան որ կարելի է։ Բնականաբար, սփիւռքին անխուսափելի վերջը ձուլումն է։
Իմ եզրակացութիւնս է՝ անսակարգ նեցուկ կենալ Հայաստանի քաղաքացիներուն յառաջ բերած պետութեանը, եւ հետեւաբար Հայաստանին, մանաւանդ որ Հայաստանի քաղաքական ընթացքը ժօղովրդավարական է։ Հայաստանի պետութեան կամ կառաւարութեան դէմ ըլլալ, բայց Հայաստանի պետականութեան զորավիք ըլլալ խօսոյթը, ինքնախաբէութիւն է եւ ցնորական։ Մաշած խօսք մըն է, թերեւս որոշ արդարացում կրնար ունենալ անցեալ դարու Սովետական Հայաստանի շրջանին։ Անսակարգ զօրավիգին այլընրանքը՝ սփիւռքին բացառձակապէս անտարբեր ըլլալը պէտք որ ըլլայ, ինչպէս անտարբեր եմ Տաճիկիստան-ին հանդէպ, որուն համար ոչ ժամանակ եւ ոչ ալ որեւէ տրամադրութիւն կը մատուցեմ։ Ոչ մէկ պարագայի տակ Հայաստանի եւ անոր կառաւարութեան դէմ սփիւռքի ընդիմադրութիւնը արդարացի կրնայ ըլլալ։
Այլ մեկնաբանութիւն տալով, Ահարոն Շխրըմեան կ՚եզրակացնէ որ Նիկոլ Փաշինեան-ին կառաւարութիւնը «կը սպառնայ համայն հայ ժողովուրդի ինքնութեան։» Կը յուսամ որ Ահարոն Շխրտըմեանը նման վարկածով չառաջնորդեր Կիլիկեան Թեմին հայագիտութեան ծրալգիրը։
Անկասկած որ Նիկոլ Փաշինյանին կառաւարութիւնը սպառնացած պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին ինքնութեան, եթէ չկարենայ ապահովել Հայաստանի ինքիշխանութիւնը եւ անոր ի նպաստ գիշեր ու ցերեկ չաշխատի։ Իսկ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ապահովութեան հիմնաքարը կը մնայ Խաղաղութեան Խաչմերուկի Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Այդ քաղաքականութեան ռահվիրան է Նիկոլ Ծաշինյանը եւ անոր պիտի հետեւին իրարայաջաորդ կառաւարութիւնները։ Այդ քաղաքականութիւնը պիտի ամրագրուի Հայաստանի պատմութեան մէջ որ սկզբնաւորուեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ որ սկսաւ այս օրը՝ 31 Մարտ 2018-ին։
Հայ ազգային ինքնութիւնը՝ ինքնավար Հայաստանն է։

No comments:
Post a Comment