V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, April 1, 2026

Հայերէն Լեզուի ուսուցիչին դժուար առաքելութիւնը եւ պատգամը

Ներքեւը տեղադրած եմ Արա Մխսեանին յիշատակութիւնը իր Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի յիշատակին եւ անոր կցած եմ Արա Մխսեանին ՚բանաստեղծութիւնը իր ուսուցիչին իրեն ըրած պատգամին մասին։ Կցած եմ նաեւ Մրկրտիչ Մկրտիչեանին կենսագրականին պատճէնը։ Վահէ Յ Աբէլեան

 

Նստած՝ ձախէն աջԸնդհ. Հսկիչ Պրն.Կարապետ Սապունճեան, Տնօրէն Պրն. Գէորգ Տօնապետեան, Դաստ. Պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան 

(Քարէն Եփփէ ՃեմարաՆ, Հալէպ, 1964)

Վերջին շարք, ձախէն աջ. -1.- Հրաչ Պարսումեան, 2.- Մովսէս Յովսէփեան (կնոջս Մարիին եղբայրը)


«Չեմ կրնար մոռնալ։ 1968 տարեշրջանի առաջին կիսամեակն էր։ Քարէն Եփփէ ճեմարանի տասնմէկերորդ կարգի մեր բաժանմունքին յետսակողմի գրասեղաններուն վրայ տեղ գրաւած քանի մը տղաք, շաբաթներ առաջ սկսեր էին արդէն հայերէն գրականութեան շաբաթական դասապահերու ընթացքին իրենց հանած աղմուկով Պր. Մկրտիչեանի դասախօսութիւնները խանգարել։ Շաբաթներէ ի վեր քանիցս զիրենք սաստելէ ետք՝ երբ աղմկարարները այդ օր եւս սկսան իր դասաւանդութեան ընթացքը խոչընդոտել, Պր․ Մկրտիչեան յանկարծ դասարանէն դուրս խուժեց։ 

Քանի մը վայրկեան ետք, այդ տարիներու՝ պետութեան կողմէ նշանակուած արաբ տնօրէնը (Պր. Ապտըլ Համատ Սամման?) մեր դասարանէն ներս մտաւ։ Արաբ տնօրէնը սաստիկ պախարակեց անառակ տղաքը։ Իր խօսքերը բառացիօրէն չեմ յիշեր։ Կը յիշեմ, սակայն, անոնց բովանդակութիւնը, որ կոտրած ապակիի շեղբի մը նման մխրճուեցաւ ու մնաց ուղեղիս մէջ։ Իր ըսածը մօտաւորապէս այս էր -- ամօ՛թ ձեզի, հազա՛ր ամօթ... մեր պետութիւնը ձեզի շաբաթը միայն 50 վայրկեան կը տրամադրէ ձեր մայրենի գրականութիւնը սորվելու... ես կը խորհէի, որ դուք այդ 50 վայրկեաններուն ամէն մէկ երկվայրկեանին վրայ նախանձախնդրութեամբ եւ գուրգուրանքով պիտի դողդողայիք... բայց կը տեսնեմ, որ դուք ո՛չ միայն անտարբեր էք ձեր մայրենիին հանդէպ, այլ դասարանին մէջ ստեղծած ձեր անկարգութեամբ զայն սորվելու իրաւունքը կը զլանաք միւս աշակերտներուն եւս... ամօ՛թ ձեզի։ 

Վստահ եմ, որ աւելի շատ ամչցողները հայերէն գրականութիւն սորվիլ ուզող աշակերտներն էին։ Իսկ, Պր. Մկրտիչեան՝ ո՞վ գիտէ հոգեկան ինչպիսի ցնցիչ վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ այդ օրը։ Քանի մը աշակերտներով գացինք ուսուցչարան զինք մխիթարելու. աչքերուն մէջ արցունքը լճացեր էր։ Ըսաւ, «տղա՛ք, շնորհակալ եմ, որ եկաք զիս մխիթարելու, սակայն դուք մեր գրականութիւնը սիրող եւ պաշտող աշակերտներս էք․ պէտք է իրենք (խափանարարները) գային ներողութիւն խնդրելու»։

***

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՍ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

Գրել այնպէս,

Որ հասկցուիս բոլորէն,

Գրել այնպէս,

Որ բառերդ չոլորեն,

Ապրումներդ ոգեղէն

Անփութօրէն չխեղեն... 

Այնպէս գրել,

Որ միտքերդ ինքնուրոյն

Չուզեն եղծել.-

Հասկացողութիւն կեղծել...

Շուտ հասկցայ ես սակայն,

Որ յորդորն իրենց վսեմ 

Վեհ խորհուրդ մըն էր միայն...

Որ՝ նոյնիսկ, եթէ կիսեմ

Քանակը իմ տողերուս՝

Զեղչեմ կէսը բառերուս՝

Կամ, նոյնիսկ՝ կրկնապատկեմ

Պարզութիւնը միտքերուս,

Միշտ կարգ մը ընթերցողներ՝

Ի հեճուկս ճիգերուս,

Հոն պիտի տեսնեն միայն

Ուրուականը յոյսերուս... 

 

Արա Մխսեան

***


 

No comments:

Post a Comment