Մեր՝ դպրոցականի օրերուն, անհամբեր կը սպասէինք 24 Ապրիլին, ո՚չ որովհետեւ արձակուրդ էր, այլեւ առիթ էր, - մանաւանդ երկրոդական վերին դասարանի տարիներուն,- մեր ցասումը, խոր ցաւը եւ վրէժի զգացումները դրսեւորելու եւ արտայայտելու։
24-ի ամբողջ շաբաթուան ընթացքին, տան մէջ, դպրոցը կամ նոյնիսկ փողոցը՝ խօսակցութեան նիւթը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՚ըլլար։
Մենք՝ երիտասարդութեան սեմին կանգնողներս, կը լրջանայինք. մեր միջեւ քէն-քինախնդրութիւն կը դադրէր, մեր դասընկերուհիներուն հետ կը վարուէինք եղբայր-քրոջ նման ( քան թէ...), ուսուցիչներու հանդէպ բացասական մտածումները կը պակսէին:
Ներկայիս՝ երբ 24 Ապրիլը կարգ մը մարդոց կողմէ, - կրօնական եւ կուսակցական - շահարկումի օրուան վերածուած է, յուշ եւ խոկում դարձած են վաճառքի եւ շահու առարկայ, կ՚ուզեմ՝ կը փափաքիմ որ Ապրիլի վերջին շաբաթը վայրկեան առաջ անցնի եւ հեռանայ եւ հասնի Մայիսը, որպէսզի խօսքի վաճառականները լռեն։ ( Ա՚յո, Մայիս ամսուն ալ հռետորաբանութեամբ զբաղողները պիտի շարունակեն իրենց բերնի եւ գրչի աղբը դուրս տալ, այս անգամ «Մայիսեան յաղթանակը» իւրացուցած)։
Յաղթանակը շահոյթի վերածելը նուազ դատապարտելի կը թուայ, քան՝ պարտութիւնը։
***
Պուրճ Համուտի փոքրացած, թւային իմաստով զգալիօրէն նոսրացած հայ համայնքը կը շարունակէ իր գոյութենական պայքարը մղել ի հեճուկս անունով «հայկական» քաղաքապետութեան եւ կուսակցութեան կողմէ « սփիւռքի հզօրացում»-ը ջատագովող մեծխօսիկ խորհրդաժողովներուն եւ յայտարարութիւններուն։
Հայ հաւաքականութեան համար Պուրճ Համուտի ժողովրդագրական կարմիր գիծը շատոնց, - եւ անվերադարձ,- յատուած է։
Հակառակ այս տխուր իրողութեան Պուրճ Համուտցիք կ՚ապրին ու կը գործեն արժանապատիւ կեանքով։
Այս թաղերը բնակող հայուհին, իր բնակած խեղճացած եւ աւերակի տեսք ունեցող բնակարանի մուտքէն երբ դուրս կու գայ, այլեւս տարբեր անձ է կարծէք։ Վերջին ծայր վայելուչ զգեստաւորուած, հիանալի շպարումով, ձեռքին այժմէական թանկ պայուսակ ( շատ հաւանաբար կեղծ վաճառանիշով), ձեռքին Starbucks-ի սուրճի գաւաթ, կը գալէ այնպէ՜ս, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ զբօսաշրջիկ մըն է, կամ Պէյրութի հարուստներու թաղամասէ մը գնումի համար Պուրճ Համուտ հասած ինքնահաճ ու հաւակնոտ օրիորդ/տիկին մը։
Շաբաթավերջերուն, շունի մը վիզին կապուած պարանը բռնած, կը գալէ այնպէ՜ս, կարծէք թէ Փարիզի, Լոնտոնի, Նիւ Եօրքի փողոցներու մշտական հետիոտներէն է։
Պուրճ Համուտցի հայուհին ո՚չ մէկ ձեւով այպանելի է։ Ան ամէն իրաւունք ունի արժանապատիւ եւ մարդավայել կեանք ապրելու՝ մաքուր եւ շքեղ միջավայր, բնակարան եւ թաղամաս ունենալու։
Անարժանը եւ դատապարտելին այն դատարկապորտ, մեծամիտ եւ մեծխօսիկ արարածներն են, որոնք Պուրճ Համուտը մատնեցին այս վիճակին։
***
Հայերու՝ Հայաստանի բնակիչ հայերու եւ սփիւռքահայերու կողմէ աչքերը յառել եւ սեւեռել Հայաստանի հարեւան երկիրներու տարածք՝ նման է դրացիի գեղեցիկ կնկան աչք տնկել եւ անոր շարժումներուն հետեւիլ, որու հետեւանքը լաւ աւարտ չունենար։ Նայողին քիթը-բերանը մէկ կ՚ըլլայ, աչքը տեղէն կը հանուի եւ կը հասնի գերեզման, լաւագոյն պարագային՝ հիւանդանոցի icu ( intensive care unit)
Բարեկամ մը կը պատմէր, թէ Ամերիկայի Նիու Ճըրսի նահանգին մէջ հայկական ՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցիի հիմնարկէքին համար դիմում կը կատարէ Թուրքիոյ հիւպատոսին, թէ արդեօք կարելի՞ է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիի շրջակայքէն քիչ մը հող բերել։
Հիւպատոսին պատասխանը կ՚ըլլայ.
— Եթէ ձեր միջոցներով տոպրակ մը կամ աւելի հող բերէք, ազատ էք, ո՚չ մէկ արգելք կամ անպատեհութիւն։ Սակայն եթէ Թրքական կառավարութենէն հող պահանջէք,- ի՜նչ ալ ըլլայ առիթը ,- ձեզի ոչ իսկ հիւլէ մը հող կը տրուի։

No comments:
Post a Comment