V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, April 3, 2026

Ապրիլ 2, 2017-ի Ազգային Ժողովին ընտրութիւնը

Վահէ Յ Աբէլեան

         Այսօր, Ֆէյսպուքը ուշադրութեանս յանձնեց, 2017 Ապրիլ 2-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովին ընտրութեան մասին ըրած ակնարկս, նոյն տարին՝ այսինքս ինը տարի աօաջ։ 2015 թուականի սահմանադրական փոփոխութիւնէն ետք, այդ ընտրութիւնը կը ներկայացնէր, խորհդարանական կարգով կառավարման դրութեան համար եղած Ազգային Ժողովին ներկայացուցչական առաջին հանրային ընտրութիւնը, որ վէրջ տուաւ նախագահական կարգով կառավարման դրութեանը, եւ որուն շնորհիւ, տարի մը ետք՝ Ապրիլ 2018-ին, նախագահ Սէրժ Սարգսյանը ստագաւ այդ Ազգային Ժողովին մեծամասնութեան քուէն շարունակելու երկրին ղեկավարութիւնը, բայց որպէս վարչապետ։ Բայց նոյն ամսուան ընթացքին, Հայաստանը կառավարական համակարգը հիմնովին ցնցուեցաւ, Նիկոլ Փաշինյանին առաջնորդութեամբ եղած յեղափոխութեան պատճառով որ ճանցուեցաւ որպէս Թաւշեայ Յեղափոխութիւն։ Սէրժ Սարգսյանը հրաժարէցաւ վարչապետութիւնէն եւ նոյն Ազգային ժողովին կազմը, ընտրեց Նիկոլ Փաշինյանը որպէս Հայաստանի վարչապետ. որմէ ետք իրերու արագ ընթացքը յանգեցաւ այսօրուայ քաղաքական իրողութեանը։

Ապրիլ 3, 2017-ին թուականին ըրած ակնարկս, որ տեղադրած եմ ներքեւը, չի ներկայացնէր այսօրույ քաղաքական համոզումներս Հայաստանի համար։ Բայց այդ ուրիշ բան։ 

Կը կցեմ Ֆէսպուքի մէջ ըրած ակնարկս, Վարուժան Փամբոխչյան-ին, ակնարկիս ըրած նկատողութիւններուն հետ։ 

ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ՝

Հայաստանի խորհդրարանական ընտրութիւնները վերջ գտած են։ Բնականաբար եղան յաղթողներ եւ պարտուողներ։ Եղած են խախդումներ բայց անցեալի աղաղակները որոնք հարցականի կը դնէին ընտրութիւնը, չեղան կարծես կամ ես չկարդացի։ Ընտրութեան արդիւնները իր ընդհանրութեան մէջ անսպասելի չեղան։ Բայց երեւան եկան երկու հիմնական երեւոյթները արոնցմէ առաջինը այս ընտրութեան ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ էր իսկ միւսը ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆը։

Հետեւաբար՝

ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ- եղաւ ԼՏՊ-ին գլխաւորած կուսակցութեան պարտութիւնն էր։ Քուէարկողները Արցախի հարցով շատ յստակ պատգամ մը տուին որ իրենք տրամադիր չեն նեցուկ կենալու ԼՏՊ-ի քաղաքականութեանը, այսինքն Անգլերենով ՝ APPEASEMENT IS NOT A POLICY. Ըստ Նայիրի բառարանին ՝ «Հանդարտումը քաղաքականութին չէ»։ Անշուշտ որ մանրամասնելու կարիքը չկայ։ Չեմ կրնար պատկերացնել որ Արցախի հարցով այսկէ աւելի ժողովրդական ազդու պատգամ մը կրնար ըլլալ։ Այլեւս պիտի չտեսնենք Թրքական թերթ մը հարցազրոյց ունենայ ԼՏՊ-ին հետ։

ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ը պիտի ըլլայ ՀՅԴեան։ Նախ եւ առաջ ան այսօր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք պէտք է ունենայ Հայ ժողովուրդին որ իրեն պատեհութիւն տուած է մաս կազմելու նոր կարգերով կառաւարման։ Վերջին հաշուով քուէարկողները նոյն պատհեութիւնը չտուին ամէն ընտրութեան մասնակցողներուն։ Ես վերապահ եղած եմ ՀՅԴ եւ Հանրապետական հրապարակային դաշնակցութեանը եւ յետ այդ ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութեանը։ Ըստ ինծի ՀՅԴ-ը Հայաստանի մէջ պէտք է որ զգեստաւորուի սփիւռքի տարազով եւ իր քրիչով՝ Համազգայինով, եւ իր բրիչով՝ Օգնութեան միւթիւնով շատ աւելի ներկայութիւն ըլլայ ժողովուրդին խաւերուն մէջ եւ ինք իր դիմագիծը յստակացնէ կամ ասոր կամ անոր հետ ամէն հոգիով եւ գործով կամ ոչ։ Նմանապէս Հայաստանի ՀՅԴ ները պէտք է ընդունին որ ամէն սերունդ իրը կ՚իրագործէ այլապէս պիտի նմանին այն զաւակին որ իր հօրը եւ մօրը պանծալի անցեալով կ՚անկալէ որ հանրութիւնը դատէ զինք։

Այսպէս ՀՅԴեան վրայ բարդուոած է ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ը եւ այլեւս մնացած է 2022-ին ըլլալիք իրողութիւնը։

Varujan Pambukhchyan

Շատ գէղէցիկ, ռօմանտիկ տօղէր էն: Աւա՜ղ, մէր իրականոթյան հէտ քիչ առնչոթյոննէր ոնէն:

Vahe H. Apelian

իմ համոզումով ռօմանտիկ չեն այլ քաղաքականութիւն մըն որ աւելի վստահութիւն պիտի ապահովէ եւ հետեււաբար եւ արդարբար քուէ

Varujan Pambukhchyan

Հարգէլի Վահէ, Ձէր գրածնէրը խարսխւած էն համէմատոթյան վրա: Հայստանը որյէւէ յէրկրի հէտ մի համէմատեք, այն ոսոմնասիրէք ւօրպէս ոսոոմնասիրոթյան յորահատոկ առարկա: Հայաստանոմ նէրկայոմս հաւատի ահաւօր դէֆիցիտ գօյոթյոն ոնի իշխանոթյան յէւ, առանց բացառոթյան՝ բօլօր կոսակցոթյոննէրի նկատմամբ, դէֆիցիտ, ւօրը հնարաւօր է հաղթահարէլ միմիայն գօրծօւ: Հայաստանոմ չկա իշխանոթյան կամքից դորս ինքնորոյն գօրծօղոթյոննէր իրականացնէլո ոնակ ւօրյէւէ ոժ, ոժ, ւօրը կհաղթահարի հաւատի դէֆիցիտը ընտրոթյոննէրի, քւէի յէւ նման լաւ-լաւ բանէրի նկատմամբ: Ժօղօւորդը քւէի դիմաց առած փօղի ւրա նայոմ է ւօրպէս ճանապարհին պատահաբար գած փօղի ւրա .մարդիկ քանի անգամ ընտրէլ էն նախագահ, բայց իշխանոթյոնը չի փօխւէլ: Չէրկարացնէմ, միայն օրինակի ոժօւ է հնարաւօր ինչ-ւօր բան փօխէլ: Ոչ ւօք Արաբօյի, Գյէւօրգ Չաւոշի, Արամ Մանոկյանի խաթէր համար քւէ չի տալո նրանց անոնօւ նէրկայոմս յէրդւօղնէրին: գօրխ է հարկաւօր ցոյց տալ...

Vahe H. Apelian

Varujan Pambukhchyan կարդացի վարուժան, Աստուած մէծ է ըտրենք եւ անցնինք։ Անշուշտ որ ամէն երեւոյթներու պատասխան չունիմ եւ ոչ ալ լուծում։

 

No comments:

Post a Comment