Այս պատահական խոհերը ստացած եմ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։ Զանոնք կը վերարտադրեմ այստեղ։ վահէ Յ Աբէլեան
Մանկութեանս տարիներուն՝ դպրոցական գիրքերուն մէջ, կամ տուներու պատերէն կախուած նկարներ կային, ուր Արարիչ Աստուած, ճերմկած պեխ-մորուքով, երբեմն խիստ ու դաժան դէմքով ամպերու վրայ բազմած, կը դիտէր «իր ստեղծագործութիւնը»՝ Երկիր մոլորակը եւ Ադամ-Եւայի յաջորդները։
Հիմա կը փորձեմ տեսնել Զինք, որպէսզի հարց տամ.
— Տէր Աստուած, այս զաւակներդ ոչինչ պատճառի համար զիրար կը ջարդեն, եւ քու կողմէդ անոնց բաշխած խելքը, անխելքութեամբ կը գործածեն։ Արդեօք ե՞րբ պիտի միջամտես եւ ըսես. « Հոս նայեցէ՛ք, այլեւս ԲԱ՛Ւ Է. ամէն բան չափ-սահման ունի»:
*
Զատիկ
Սուրբ Զատիկ
Գիտէ՞ի՞ք, թէ «Զատիկ» ի՞նչ կը նշանակէ։
Զատիկ բաօին արմատը զատուիլ, հեռանալ է։ Այսինքն՝ զատուիլ եւ հեռանալ մեղքերէ։
Իսկ հաւկիթը (հաւունը) կը խորհրդանշէ կեանք՛՝ ծաղկող, աճող, վերանորոգ կեանք։ Հաւկիթին կարմիր ներկը՝ Քրիստոսի թափած արիւնը։
Տարիներու թաւալքին հետ Քրիստոսի յարութեան տօնը աղաւաղուէր է եւ դարձեր. « բարի զատիկներ», «լաւ զատիկներ»... իսկ հաւկիթները (հաւերուն ածած) դարձեր են գոյնզգոյն։
*
ԱՄՆ-Իսրայէլ ընդէմ Իրան պատերազմը, - ինչպէս Երկիր մոլորակի վրայ տեղի ունեցած բոլոր պատերազմները, - ունի իր երբեմն անտրամաբանական, տարօրինակ, անբացատրելի (չըսելու համար՝ վայրագ եւ անմարդկային) երեսները։
Ըստ լրատուական միջոցներուն, Իրան փոխանակ իր հարուածները կեդրոնացնելու մի միայն յարձակող կողմերուն վրայ, կը հարուածէ, - տարօրինակօրէն աւելիով, - իր հարեւան արաբական երկիրները։
Իրանցիք արդեօք լսած ունի՞ն հայկական առածը, որ կ՚ըսէ.
— Էշը ծեծելու փոխարէն համետը ( գրաստի կռնակին վրայ զետեղուած լաթէ թամբ) կը ծեծեն։
*
1978-ի հոկտեմբեր 12-ին Սովետական Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի՝ Ռուսաստանի հետ միաւորման 150-ամեակը։
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի « կինօ Ռասիա»-ի սրահին մէջ։
Ներկաներուն կողքին էր Ուիլիամ Սարոյեան, ուրախ էր ելոյթ ունեցողներու ճոխութեանը։
Ներկաները բուռն ողջոյններով ու ծափերով կը դիմաւորէին ու ճանապարհէին ելոյթին մասնակիցները։
Սարոյեան զարմացած էր ծափերու «առատութենէն» եւ ինք ալ ուրախութեամբ կը ծափահարէր, ըսելով թէ իր ձեռքերը ամրացան.
— Իմ ձեռքերը զօրաւոր եղան,- կը կրկնէր ամ։
Արդեօք ի՞նչ որակաւորում կարելի է տալ այդ օրերուն՝ երանելի՞, բացառի՞կ, պանծալի՞, թէ՞...
Իսկ ներկայիս, ռուսերը հայ-ռուս յարաբերութիւնները այնպիսի վատ վիճակի մը
հասցուցին, որ ամբողջութեամբ մոռցնել կու տայ այն խանդավառութիւնը, որ հայեր ապրեցան մօտաւորապէս 200 տարի առաջ երբ Ռուսաստանը հայերու պաշտպանի եւ փրկիչի դերին մէջ կը գտնուէր։
*
Այն օրերուն՝ երբ թռչող սարքեր (drone) եւ հրթիռներ ու միջ-ցամաքային ահարկու հրթիռներ գոյութիւն չունէին, լրագրողի մը այն հարցումին, թէ հաւանական երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը պարագային արդեօք ի՞նչ զէնք կրնայ օգտագործուիլ. Այնըշթայն կը պատասխանէ.
- Երրորդին մասին չեմ կրնար յստակօրէն ըսել, սակայն կրնամ վստահօրէն ըսել, թէ չորրորդին օգտագործուած զէնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ:
- Ի՞նչը,- հետաքրքրուած կը հարցնէ լրագրողը:
- Լախտ:
Շատերու կարծիքով մենք արդէն երրորդ համաշխարահային պատերազմի սեմին ենք,- եթէ ո՛չ՝ արդէն իսկ մէջն ենք:
Կարծիքներ բազմազան եւ բազմատեսակ ենք պատերազմի ընթացքին, շարունակուելուն, տարածումին եւ տեւողութեան մասին:
Պարզ եւ համեստ մահկանացուն ունի մէկ հիմնական հարցում, որը յաճախ մարդոց կարծիքին կը կարօտի-
- Ե՞րբ պիտի վերջ գտնէ այս պատերազմը
Փակագիծ մը բանանք.
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն,- կը պատմուի,- թէ Շարլ Տը Կոլ շարժավար մը ունեցած է անունով նոյնպէս Շարլ: Ազատ ժամերուն, երբ շարժավար Շարլ կը հասնի իր գիւղը, բարեկամներ եւ ծանօթներ կը շրջապատեն զինք եւ կը հարցնեն.
- Շա՛րլ, այս պատերազմը ե՞րբ պիտի աւարտի: Դուն Տը Կոլին մօտիկ անձ ես, ինք ի՞նչ կ՛ըսէ այս մասին:
Եւ շարժավարը, ամէն անգամուն կը պատասխանէ.
- Տը Կոլ բան չ՛ըսեր, այս նիւթին մասին ո՛չ մէկ խոսք:
Օրին մէկը երբ Շարլ աշխատանքէն կը վերադառնայ գիւղ, զինք շրջապատող հետաքրքիր մարդոց կ՛ըսէ.
- Այսօր Տը Կոլ պատերազմին աւարտին մասին խօսեցաւ:
- Ի՜նչ, շուտ ըսէ ի՞նչ ըսաւ:
- Տը Կոլ ըսաւ,- հեղինակաւոր շեշտով կը շարունակէ շարժավարը,- Սիրելի Շարլ, ըսէ ինծի այս պատերազմը երբ պիտի դադրի:
(փակագիծը գոցեցինք):
«Ամէն բան վերջ մը ունի», կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Նախկին բոլոր պատերազմներուն, տագնապներուն, պատահարներուն նման այս մէկն ալ պիտի ունենայ իր աւարտը:
Սակայն՝
Թէ Ո՞վ պիտի ըլլայ յաղթական կողմը: Ենթադրութիւնս այն է, որ հեռատեսիլի մանուկներու մրցումներուն նման «բոլորն ալ յաղթեցին»-ը պիտի ըլլայ յաւանական արդիւնքը:
Ամերիկան եւ Իսրայէլը, իրենց դժոխային զէնքերով քար ու քանդ ընելէ ետք Իրանը, Լիբանանը ( եւ աշխարհը) պիտի յայտարարեն իրենց բացարձակ յաղթանակը: իսկ Իրան (եւ Շիաա համայնքի զաւակներ) , մեր՝ հայերուս Վարդանանց պատերազմին նման պիտի յայտարարեն իրենց «բարոյական յաղթանակ»-ը:
***

No comments:
Post a Comment