Այս պատահական խոհերը ստացած եմ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։ Զանոնք կը վերարտադրեմ այստեղ։ վահէ Յ Աբէլեան
![]() |
| «սուք էլ ահատ», marche des pouce, flea market |
Երկու վեհափառներ,
որոնք բացէ ի բաց կը թիրախաւորեն ու կը քարկոծեն Հայրենի Պետութիւնն ու նաեւ Պետականութիւնը:
Այս երկուքն են, որոնք փոխանակ Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման մէջ հաշտարար դեր կատարելու, փոխանակ ժողովուրդը յորդորելու զօրաւիք կանգնիլ Պետութեան, պահել ու պահպանել երկրի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ Պետակնութիւնը, - պարզապէս անձնական շահերէ մղուած նուիրուած են օտարին ծառայելու եւ հակա-պետական գործունէութիւն
ծաւալելու:
Աշխարհի տարածքին ՉԿԱՅ ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ մէկ ժողովուրդ ուր հոգեւորականներ հակադրուած են երկրի գոծող իշխանութիւններուն: ՉԿԱՅ ո՛չ մէկ երկիր ( բացի Իրանէն) ուր կրօնաւորներ քաղաքական գործունէութեամբ կլանուած ըլլան:
Եւ ահաւասիկ, հայ երկու բարձրաստիճան «հոգեւորականներ» կը ցեխարձակեն Ազատ-Անկախ- Ինքնիշխան Հայաստանի Պետութեանը:
Ա՞յս է արդեօք հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ժողովրդանուէր կոչուած վարքագիծը:
յ.գ
կուսակցական խորհրդաժողով մը անկարելի բան է, որ «սփիւռքի համաժողով» անուանուի: Սփիւռքը ՉԷ՝ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ մէկ կուսակցութեան մենաշնորհը:
***
«Գամ Պէք» Վարուժան
Այս օրերուն յաճախ կը յիշենք մարդիկ, իրենց հետ առնչուով խօսքեր, պատահարներ եւ ...
Օրինակ՝ կը յիշենք մեր Պետրոս Դուրեանը, որ մօտաւորապէս 160 տարի առաջ մարգարէաշունչ խօսք մը ըսած է՝ « գիտցէք, որ դեռ կենդանի եմ»:
Մօտաւորապէս 40 օրերէ ի վեր շարունակուող ահաւոր պատերազմին, հարաւային Լիբանանը քար ու քանդ վիճակի մէջ է, իսկ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանը, որ նուազ չէ տուժած։ Այսօր իրենց շրջանները եւ տուները վերադարձողներ, մոխիրի վրայ նստած ժողովուրդ, - մեծամասնութեամբ շիաա համայնքի զաւակներ, - մատներու յաղթանակի նշան ցոյց տալով եւ դեղին դրօշ պարզած իրենք զիրենք յաղթած կը համարեն կրկնելով մեր Պետրոսին խօսքը։
Այս առթիւ կը յիշենք նաեւ Պուրճ Համուտի «առասպելական» հերոսներէն՝ «քէմպէք Վարուժ»-ին հետ պատահածը։
՚58-ի Լիբանանի քաղաքացիական կռուի օրերուն, Երիտասարդ եւ մարտական տրամադրուած Վարուժ հարց կ՚ունենայ Ամերիկեան «մարինզ»-ի զինուորներէն մէկուն հետ։ Մարզուած ամերիկացին երկվայրկեանի մէջ գետին կը զգետնէ հայ հերոսը եւ ոտքով ալ կը կոխէ վրան, հաւաքուած ականատեսներուն ներկայութեան։
Ապա՝ կը հեռանայ։
Վարուժ տակաւին գետին պառկած հեռացող զինուորին ետեւէն կը պոռայ։
— Գամ պէք լան, գամ պէք։
Վարուժին ծանօթները խնդալով կը յարեն.
— Ի՜նչ գամ պէք, եա՜ Վարուժ, ի՞նչ գամ պէք։
Այդ պատահարէն ետք «գամ պէք» (աղաւաղուած՝ գէմպէք) Վարուժին մակդիրը կը դառնայ։
Ահաւասիկ՝ Լիբանանի մէջ հըզպալլայի հետեւորդները յոխորտալով՝ հրէաներուն կը կրկնեն Գէմպէք Վարուժին խօսքը.
— Գամ պէք լան, գամ պէք
***
«Սուք էլ Ահատ»
Պէյրութի «սուք էլ ահատ», marche des pouce , անգլերէնով՝ flea market իսկ պուրճհամուտահայերէնով « պիթ պազար» կը գտնուի Պուրճ Համուտի եւ Սին էլ Ֆիլ-ի միջեւ՝ գետեզերքին։
Երկար տարիներէ ի վեր գործող հին-նոր առարկաներու՝ շաբաթավերջերուն գործող այս պազարին մէջ կարելի է գտնել գրեթէ ամէն ինչ. տուներէ բերուած երբեմն արժէքաւոր, յաճախ անարժէք առարկաներ, սնանկացած վաճառականներու ապրանքներ, հնագիտական (յարգի իբրեւ թէ) առարկաներ եւ այլն։
Վաճառողները, - փորձառութեամբ,- կը հասկնան ու գիտեն իրենց ունեցած առարկաներուն տեսակն ու արժէքը։



No comments:
Post a Comment