V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, March 17, 2026

Կարմիր Ժամուց եւ սխալ դասական մենաբանութիւն

Վահէ Յ Աբէլեան

Յակոբ Միքայելեանը, հիսուն տարիներ բեմի վրայ վաստակ ունեցող արուեստգէտը՝ կը ներկայացնէ Արփիար Արփիարեանին, «Կարմիր ժամուց» գիրքին դերակատարները, գիրքին առաջին իսկ քանի մը էջերուն հոյակապ ընթերցանութեամբ մը։  Մտիք ըրէք զինք Facebook-ի իր էջին վրայ։

  Արփիար Արփիարեանին «Կարմիր Ժամուց» գիրքը, իմ եւ մեր սերունդին դաստիարակութեան մաս կազմեց։  Գիրքին ընդհանրացած ընկալումը եղաւ յեղափոխական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանան, ընդէմ «պահապանողական» գափափարախօսութեան ներկայացուցիչ Հայրապետ էֆէնտին։ 

Գիրքին պատգամիմ դասական մեկնաբանութիւնը եղաւ  զէնքին անրաժեշտութիւնը որ լռեցուց քաղաքականութեան պատգամը, որուն անհրաժեշտութիւնը կը կարդաք գիրքին առաջին քանի մը էջերուն ընթերցանութեանը ընթացքին կամ ալ Յակոբ Միքայելեանին այդ էջերուն հոյակապ ընթերցանութիւնը մտիկ ընելով։ Որպէս եզրակացութիւն այդ դասական մեկնաբանութեամբ, գիրքը աշակերտին կը ներկայացուէր որպէս Հայրապետ Էֆէնտին զղջումը որ ի վերջոյ տեղի տուաւ եւ կատարեց իր նպաստը յեղափոխութեան տալով իր ժամուցը՝ «Կարմիր Ժամուց» Տէր Յուսիկին։

Բայց այդպէս չէ։ Տէր Յուսիկը այդպէս չընկալեց։  Տէր Յուսիկը գնահատեց Հայրապետ էֆէնտին եւ նկատել տուաւ անոր որ ինչպէս իր գիւղը, նմանապէս հայրապետ Էֆէնտիին Օրթագեղը զերծ մնացին ջարդերէն։ Այս իրողութիւնը կորսուած մնաց գիրքին դասական մեկնաբանութեան մէջ դպրոցներէն ներս։ Նոյնիսկ վիճաբանութեան առարկայ իտկ չեղաւ։ Զէնքին պատգամը լռեցուց քաղաքականութեան պատգամը, մոռացութեան իսկ տուաւ զէնքին դիմած Տէր Յուսիկին ըսածը եւ հրացանի մը նկարը զարդարեց գիրքին կողքը։

Կցած եմ գիրքին վերջին պարբերութիւնը։ Կարմիր գիրերովը Տէր Յուսիկին ակնարկն է, իսկ կապոյտ գոյնովը Հայրապետ Էֆէնտիինը։ 

Գիրքը կ՚աւարտի Արփիար Արփիարեանին խորհրդածութեամբ ։

Այդ պարբերութեան ընրթերցումը հաւանաբար ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ որ Կարմիր ժամուց գիրքին մէջ՝ զէնքի եւ քաղաքականութեան ընտրութեան հարց չկար։ Այլ կար ամէն միջոց գործածելու իրողութիւնը, տեղ մը զէնքը, այլ տեղ քաղաքանութիւնը, ուր որ պատշաճ էր գործածել այդ, պահելու եւ պաշտպանելու համար հայը Թուրքէն։

Գիրքին վերջին պարբերութիւնը տեղի կունենայ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ, արհաւիրքէն ետք, ուր Տէր Յուսիկը եւ Հայրապետ Էֆէնտին կը հանդիպին իրար։

Կը մէջբերեմ տառացիօրէն

Տէր Յուսիկ՝

  —«Էֆէնտի, այդպէս մի՛ ըսէք։ Այն բոլոր հայերը, որ իրենց ազգը կը սիրեն ու անոր օգուտը կը փափաքին, անոնք ամէնքն ալ միեւնոյն կերպով չեն կրնար մտածել։ Ո՞վ կրնայ ապագան ճիշտ ու ճիշտ նախատեսել։ Ու յետոյ, հիմակ ազգերնիս անանկ վիճակի մէջ է, որ տեղ մը օգտակար սեպուած գործը, ուրիշ տեղի մը համար կրնայ վնասակար ըլլալ։ Ու ինչ որ քաղքի մը կործանման պատճառը կը դառնայ՝ ուրիշ քաղքի մըն ալ փրկութիւնը կ՚ըլլայ։ Իրաւ է, որ մեր գեղը ո՛րեւէ աղէտ չպատահեցաւ, շնորհիւ ժողովրդին զէնքերուն, բայց լսեցինք, որ հոս Օրթագեղ ալ բան մը չէ պատահած։»

Հայրապետ էֆէնտին՝

—.«Չէ՛, փառք Աստուծու, հոս ալ մէկուն քիթը չարունեցաւ,» —պատասխանեց Օրթագեղի խնամակալը զգացեալ համեստութեամբ։»

Տէր Յուսիկ՝

—«Բայց Օրթագեղ ալ զէնք չի գործածեցիք, — շարունակեց տէրտէրը։ Այդ թաղն ալ հրամանքներնուդ զգուշաւոր հեռատեսութեամբը փրկուեցաւ։ Կը տեսնենք, թէ տեղ մը քաղաքագիտական վարմունքը կրնայ օգտակար ըլլալ, ուրիշ տեղ մըն ալ զէնքի վարմունքը։ Ամէն միջավայրի հայերը իրենք իրենց կացութեանը համեմատ հոգալու են ինքզինքնին»

Արփիար Արփիարեան՝

 « Մութը կը կոխէր։ Հիւրը ոտքի ելաւ մեկնելու։

—Տէր հայր, ըսաւ, թերեւս երկար ատեն ա՛լ չտեսնուինք։ Աստուած բարի ճամփորդութիւն տայ։ Երկիրդ եթէ բանի պէտք ունենաս՝ Պատրիարքարանին միջոցաւ ինծի հաղորդէ, պէտք եղածը կ՚ընեմ։

—Աստուած պակաս չընէ, էֆէնտի։

Ու էֆէնտին յառաջացաւ դէպի տէրտէրը, եւ անոր ձեռքը համբուրելու համար քաշած ատենը, իր գրպանէն պզտիկ քսակ մը հանեց, մէջը լեցուն ոսկի, եւ քահանային ձեռքը դնել ուզեց։ Անիկայ ետ—ետ գնաց. 

— Կ՚աղաչեմ, էֆէնտի, նեղութիւն մի՛ կրէք։ Ես բանի մը պէտք չունիմ։ Ուրիշ աւելի նեղութիւն ունեցողներ կան։

—Չէ՛, տէր հայր, չէ՛. ա՛ռ. սա քեզի համար չէ։

Ու ծանր, խորհրդաւոր ձայնով մը ցածկեկ, աւելցուց. 

—Ժողովրդիդ համար վառօդ, հրացան գնէ։ Խոհեմութիւնը զէնքին մէջն է։«Որ ո՛չ սուր առցէ, սրով անկցի»։

 Տէրտէրը նուէրն ընդունեց եւ էֆէնտիին երեսը նայելով, ժպտուն. 

—Աս կարմիր ժամուց է,  ըսաւ։

 Ու երկուքին աչքերն իրարու հանդիպեցան։ Անոնց մէջ կը վառէր հայ աղքատին ու հայ հարուստին հազար տարուան ատելութիւնը մահմետական թշնամիին դէմ։»։


https://www.facebook.com/reel/1644601526566758




No comments:

Post a Comment