V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, March 17, 2026

Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ


Ընկերս՝ Գդիգոր Գրաճեանը, Լիբանանէն այսօր ուշադրութեանս հրաւիրեց կարդալ Յակոբ Պալեանին յօդուուածը «Ազդակ» օրաթերթին այսօրուած թիւին մէջ։ Այդ յօդուածին  վերնագիրը ընդօրինակեցի որպէս այս պլոկիս վերնագիրը։

Կարդացի բաւական երկարաշունդ յօդուածը մըն է։ Խօսք կայ «Հայու» մասին, «թաքուն հայերո» մասին- «իրենք զիրենք հայ համարողներու» մասին. խօսք կայ «Հայաստան» ի մասին, եւ «բռնագրաւուած Հայաստանի» մասին, եւ տակաւին այլ եւ այլ բաներ։ (տե՛ս ացոյցը)։

Եթէ Յակոբ Պալեանը կը միտէր հայաշխարհին շփոթ կացութիւնը ներկայացնել, ապա այս իր գրութիւնը աւելի շփոթեց զիս։ Բայց բարեբախտաբար Գրիգորը պատասխան մը ունէր՝ գէթ վերնագիրին։ Կը կցեմ ներքեւը։

«Հայը այն անհատն է, որ կը հաւատայ Հայոց Պետականութեան ու Պետութեան. կ՛ընդունի զանոնք ինչպէս որ են, առանց առարկելու, առանց աւելորդ-պակաս ձաբռտելու եւ անտեղի ու անիմաստ քննադատելու:

Հայեր անոնք են, որոնք կ՛ապրին Հայաստանի սահմաններուն մէջ. կը գործեն, կ՛արարեն, տուրք կը վճարեն, ընտանիք կը պահեն, բանակին կը ծառայեն, երկրի օրէնքներուն կ՛ենթարկուին առանց առարկութեան, Ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ունինք եւ լիուլի կը մասնակցին քուէարկութեան: Կը յարգեն ժողովրդավարօրէն ընտրուած իշխանաւորը (եւ իշխանութիւնը), կը յարգեն զիրար, ունին խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւն, առանց վնաս պատճառելու երկրի անվտանգութեան ...

Հայաստան միջազգայնօրէն ճանչցուած այն Ազատ ու Անկախ երկիրն է, ուր մեծամասնութեամբ հայեր կ՛ապրին. որու սահմանները ճշդուած են միջազգային օրէնքի եւ համաձայնութիւններու հիման վրայ, ունի իր ուրոյն դրամանիշը, հիմնը, դրօշը եւ Պետական կառոյցները...

Հայաստաններ, այս տեսակ բառ կամ հասկացողութիւն չկայ, չի կրնար ըլլալ, գոյութիւն ՉՈՒՆԻ:

Արդ՝ աւելորդ-պակաս, ասդին-անդին օձապտոյտ դեգերումներու պէտքը բնաւ չկայ, ո՛չ ալ անտեղի կերպով փիլիսոփայելու: ՎԵՐՋ»

                                                ***

Յակոբ Պալեան, «Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ«, https://www.aztagdaily.com/archives/681460


  

No comments:

Post a Comment