Հետեւալ երկու գրութիւնները ստացայ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։ Վահէ Յ Աբէլեան
Թորոս Սիրանոսեան
« Գարանթինայի թիթեղածածկ տան մը մէջ ապրող երեխայ մը, որ հասաւ աշխարհի կարեւորագոյն բեմերը»:
Վերջերս ( Մարտ 11 ) մահցած Թորոս Սիրանոսեանի՝ ինքն իր մասին խօսքն է:
Արդարեւ՝ Թորոս Սիրանոսեան,- եւ քանի՜-քանի- իր նմաններ ( «մանկութիւն չունեցող մարդիկ») իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրեցան Գարանթինայի գաղթակայանին մէջ: Տախտակաշէն ու թիթեղածածկ խրճիթներէն, ցեխոտ ու փոշոտ արահետներէն, Գարանթինայի «ընկերային ճահիճէն» բարձրացան վե՛ր, շա՜տ վերերը իրենց հետ բարձրացնելով նաեւ հայու արժանապատուութիւնը, առասպելի վերածելով հայուն կամքը, տոկունութիւնն ու հանճարը:
Մի միայն տեղւոյն փայտաշէն եկեղեցիի հովանիին տակ՝ «Մեսրոպեան վարժարան» յաճախած, աշակերտը գիտէ, թէ ի՜նչ կը նշանակէ գրեթէ ոչինչէն «մարդանալ», մարդավայել կեանք մը ունենալ ու շարունակել բարձրանալ: Ան, որ չէ լսած թաղեցի մունետիկին կանչը՝« հէ՜՜յ միլլէթ, Արթին աղային «մաղազա»-ին ( խանութին) մէջ միսին նիւկին երեք ղուրուշ է»: Կամ երեկոյեան «չէմէն »
( պաստրմայ միսը պարուրած կծու եւ ախորժահամ քսուկը) ծախողի « չէմէ՜՜ն- չէմէ՜՜ն» կանչը, կամ գարնան՝ դէպի երկինք չէ թռցուցած ճարտար տղոց կողմէ ծովեզերքը աճող եղեգով պատրաստուած թռուցիկը, չի գիտէր, թէ Գարանթինան ի՜նչ վայր էր:
Գարանթիայէն դէպի աշխարհ բացուած մարդոցմէ ոմանք, չեն ուզեր յիշել-յիշատակել իրենց անցեալը: Այդ, դերեւս, իրենց իրաւունքն է հաւանաբար բարդոյթ մը ծածկելու: Իսկ ուրիշներ,- շա՜տ-շատեր,- հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց անցեալը եւ կը շարունակեն սքանչելի վերելքը:
***
Աւետիս Տէմիրճի պապուկ
Օրին մէկը՝ Մուսա լեռան բնակիչ Աւետիս Տէմիրճի պապուկին հեռաձայնեցի, հալ-քէֆ հարցնելու, աչքի տեսողութեան մասին իմանալու, հին-հին պատմութիւն կամ դրուագ մը լսելու։
90 տարիքը անցած Աւետիս, իր յատուկ սրամտութեամբ հարցումներ հարցուց.
— Հելէ դուն ինծի ըսէ՝ աշխարհի հայերէն մեռնո՞ղը շատ է, թէ՞ աննպատակ ապրողը։
— Ուրա՞խը շատ է, թէ՞ տխուրը։
— Հոգիով հարո՞ւստը շատ է, թէ՞ աղքատը։
— Խելացի հա՞յը շատ է թէ՞ սարսախը։
Խնդացի. ինք ալ հրճուած էր իր հարցումներէն։
Հիմա Աւետիս պապուկը չկայ, եւ ես յիշելով իր հարցումները բարձրաձայն կը պատասխանեմ,
— Աննպատակ ապրո՜ղը, տխո՜ւրը, հոգիով աղքա՜տը, սարսա՜խը...


No comments:
Post a Comment