V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, December 13, 2023

Արմենակ Եղիայեան՝ Ճանչնանք մեր բառերը (6) - ԲԱԶՈՒՄ

Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 6 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը 

       1. Հարցում եւ... բազում

            Պահ մը փորձեցէք ընել պատահական գուշակութիւն մը եւ ըսել, թէ բառմը քանի՞ ածանցում ու բարդութիւն կրնայ ունենալ հայերէնի մէջ` տա՞սը, քսա՞ն, երեսո՞ւն...

            Բազում արմատը հայերէնի մէջ տուած է  572 (սխալ չէք կարդար՝ հինգհարիւր եօթանասուներկու)  ածանցաւոր եւ բարդ բառեր՝ բոլորն ալ իրենց օրին ուժամանակին կիրարկուած եւ բոլորն ալ մէջբերուած են մատենագրական  այլազանօրինակներով: Այլ խօսքով՝ վերացական  ու շինծու, մտային մարզանքի գոհացումտուող ու մտացածին միաւորներ չեն ասոնք, այլ եղած են միսով-ոսկորով կենդանիբառեր, որոնք ծառայած են Հայ մտքի ու Հայ հանճարի իմացական նուաճումներու  թարգմանութեան: Ասոնց գոյութիւնը կրնաք անձամբ հաստատել  հայր Աւգերեանվարդապետի  «Նոր հայկազեան»-ի եւ «Առձեռն»-ի մէջ, երկուքն ալ տրամադրելի ենՆայիրիի «Հայերէն բառարաններ» կայքէն: Կը մնայ, որ յանձն առնէքհամբերատարօրէն թերթատել  զանոնք՝ անդրադառնալու համարքաղաքակրթական այն վիթխարի բարձունքին, որ կը յուշէ, կը թելադրէ  նմանբառացանկ մը: 

            Հետաքրքրական է, որ ժամանակին հետ այս բառերէն  շատեր դադրածեն կիրարկուելէ, միւս կողմէ՝ ստեղծուած են ուրիշները. ասոնց բաղդատութիւնը մեզկրնայ շատ հեռուները տանիլ՝ իրենց տաղտուկներով հանդերձ, որոնք  համատեղելի չեն ընթացիկ յօդուածի մը մէջ, ինչպէս մերինն է. ըսեմ միայն,  Ակադեմիայի քառահատոր «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատարական բառարան»-ը   իր կողմէ  աշխարհաբարին համար կը ճանչնայ  մօտաւորապէս 481 բառ, որ իր կարգին գայթակղեցուցիչ ըլլալէ չի դադրիր. ապա փորձեցէք  այսմոլորակի՝ ձեզի ծանօթ լեզուներէն մէկուն մէջ գտնել նմանօրինակ երեւոյթ մը... ուըստ այնմ դատեցէք, թէ ի՛նչ ցեղի յետնորդներն ու ժառանգորդներն էք: 

            Այլ առիթով ըսած եմ, վերյիշենք. «Նոր հայկազեանը»-ը քառալեզուբառարան է. հայերէն բառերուն կից դրուած են յունարէն, լատիներէն եւ թրքերէնբազմաթիւ հոմանիշներ, անշուշտ դրուած են հոն, ուր այդպիսիները կան:  Եւ ահամեր բազում-ի ընտանիքէն հարիւրաւոր անդամներ չունին  իրենց համարժէքըյիշեալ լեզուներուն մէջ, ոչ միայն թրքերէնի, որ ծանօթ է իր բնիկ բառերուաղքատութեամբ, այլեւ քաղաքակրթութիւն կերտած լեզուներու, ինչպէս  յունարէնիեւ լատիներէնի:                                                                                                         

                                                                   

Ակադեմիայի քառահատորը իր կարգին կ’ընդգրկկէ մեր զոյգ աշխարհաբար-ները՝ արեւելեան ու արեւմտեան, եւ  այստեղ  բոլոր բառերը ունին իրենց   մատենագրական պատշաճ վկայութիւնները, որոնք քաղուած են  Հայաշխարհաբար  գրականութենէն եւ մասամբ բարբառներէ: Ան ձեւով  մը «Նորհայկազեան»-ի աշխարհաբար տարբերակն է եւ արժանապատիւ յաջորդը՝Մալխասեանի[1] «Հայերէն     բացատրական բառարան»-ին, որ իր օրին (1944)  նորէջ մը բացաւ աշխարհաբարի բառարանագրութեան պատմութեան մէջ:

            Առ ի հետաքրքրութիւն կը դնեմ այստեղ գումարը նաեւ ԳնէլՃերեճեան-Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ի (1992), որ սփիւռքահայ ամենածաւալուն բառարանն է. ուրեմն այստեղ բազում արմատովկազմուած բառերուն թիւը 183 է:

            Առանց մեկնաբանութեան:

                                                                          *   *   *

            Բազում արմատի բառային ընտանիքը կրնայ շատ դիւրաւ նիւթհայթայթել վարդապետական աւարտաճառի մը, եթէ թեկնածուն մէկ առ մէկ սերտէ անոր անդամներէն իւրաքանչիւրին ծնդաբանութիւնը, բայց նաեւ ոմանց մահն ուուրիշներու յառաջացումը աշխարհաբարի մէջ: Վասնզի բառերը ունին իրենց  պատմութիւնը:

            Տեսնենք քանի մը դուրս մղուած բառեր.

            --բազմաբաղձիկ − շատ փափաքելի

            --բազմաբանել − երկար խօսիլ, շատախօսել

            --բազմաբերձ − շատ բարձր

            --բազմագերան − փայտաշատ, օրինակ՝ անտառ

            --բազմադաշն − սաստիկ երդումով դաշինք կապած

            Այսպէս դուրս ձգուած բառերէն ոմանք ընդմիշտ անհետացած են մերազգային յիշողութենէն, ուրիշներ փոխարինուած են արդի հոմանիշով մը . օրինակ՝բազմաբերձ-ին փոխարէն արդի հայերէնը կը նախընտրէ բարձրաբերձ, թէկուզերկնաբերձ  ըսել:

            Բազմ-ով կազմուած են՝

            --բազմոց, որ բարձի տեսակ մըն էր, որուն  նմանները կը գտնուէինպարսից արքայից արքայի գահին կից եւ որոնց վրայ կը բազմէին անորդաշնակիցները՝ ըստ իրենց ունեցած կարեւորութեան կարգին.  Հայոց բազմոցը  կըգտնուէր, օրինակ,  գահին անմիջապէս կիցը, այսինքն՝ երկրորդն էր: 

            --բազմական,   որ նման բազմոցը գրաւողն էր. բազմական կը կոչուինաեւ որեւէ խրախճանքի հրաւիրեալը, հիւրը, սեղանակիցը, հանդիսականը.  այսվերջին նշանակութեամբ՝ բազմականը ունի նոյնանիշ մը, որ է կոչնական:

            armenag@gmail.com                              Արմենակ Եղիայեան

             

 



[1]  Նկարները. աջին՝ հայր Մկրտիչ Աւգերեան, ձախին՝ Ստեփանոս Մալխասեան:

         

 



 

No comments:

Post a Comment