V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, December 17, 2023

ԱրմենակԵղիայեան՝ Ճանչնանք մեր բառերը (7) - ԱՌԱՒՕՏ

Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 7 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը 

՚ 1.Առաւօտեան

 «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին սիրած եւ մեծ յաճախականութեամբկիրարկած,− եւ ուրեմն  տարածած,−  մէկ  բառն է այսինչպէս այսօրօրինակ՝

 --Շաբաթ առաւօտեան Դիմադրութիւնը  հաղորդեցոր մարտիկներըառաւօտեան  կանուխ ժամերուն վար առած են անօդաչու սարք մը (20/11/23, էջ 1, ասիւնակ):

Քերականական վերլուծումը ցոյց կուտայոր այս երկու կիրարկութիւններէն՝

--առաջինը մտածուած է իբրեւ մակբայ՝ «առաւօտեան հաղորդեց»:

--երկրորդը մտածուած է իբրեւ ածական՝ «առաւօտեան ժամերուն»:

Լեզուական նման լարախաղացութիւն մը «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը  չցուցաբերէրհապա ո՞վ պիտի համարձակէրո՞վ կրնար երազին մէջ մտածելնման բան մը:   

                                                                  *   *   *                                                   

 Առաւօտ բառը գրաբարի սիրածներէն էրաշխարհաբարն ալ կը կիրարկէզայն վայելչօրէնսակայն նախընտրածը առտու գոյականն է.

 առտու    −  առտուան      – առտուանէ    – առտուանով

 Իսկ առաւօտը կու տայ՝

 առաւօտ – առաւօտու(ն) – առաւօտէ(ն) – առաւօտով

 Ինչպէս կը տեսնենքայս յարացոյցին մէջ առաւօտեան չկայայսպէս էրգրաբարի մէջայսպէս է աշխարհաբարի մէջ եւս՝ որդի ի նմանութիւն մօր իւրոյ:Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ:

 Չկայորովհետեւ առաւօտեան-ը ածական է.

 --առաւօտեան ժամառաւօտեան լոյսառաւօտեան ցօղառաւօտեանարշալոյս...

Եւ ուրեմն չի կրնար հոլովական յարացոյցի մաս կազմելԱն ածական էրգրաբարի մէջ եւսորուն հարազատ ժառանգորդն է աշխարհաբարը:

 Դժուար չէ տարրական պարկեշտութեան ու բարեխղճութեանթելադրանքով՝ բանալ  կարգ մը բառարաններ՝ գրաբար թէ աշխարհաբարեւհաստատել այս բոլորըՆայիրիի «Հայերէն բառարաններ» կայքը բոլորմիջոցները կընծայէ հետաքրքրուողին:

                                                                        *   *   *

 2. Այս վերլուծումի հետեւութիւնը պիտի ըլլայ այնոր ճիշդ կիրարկուածըերկրորդն է՝ «առաւօտեան ժամերուն», այսինքն՝ ածական որոշիչ + գոյականորոշեալ:

 --Ո՞ր կամ ինչպիսի՞ ժամերուն... առաւօտեան:

 Գալով առաջինին... բառային ահարկու լղրճուկ մըն է այս:

 Ինչո՞ւ:

 --Առաւօտեան ածականըուրեմնայստեղ առնուած է իբրեւ մակբայ եւդրուած է «հաղորդեց» բային վրայ.  սա առաջին սայթաքումն էԻսկ երկրորդը՝

 --Առաւօտեան ածականին տրուած է շաբաթ օրանունը իբրեւ որոշիչ...առաւօտեան ենթադրեալ որոշիչինայսինքն՝ ածականը որոշադրուած է  գոյականով մը... գացէք փորձեցէք նման բան մըտեսնենք պիտի յաջողի՞ք:

 Այսպիսի բաներ կրնան պատահիլ մի՛այն «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերունմէջ:

 Անոր կը հետեւի «Արարատ»-ը՝ «Հզպալլա  առաւօտեան  բացումըկատարեց  ծանր հրթիրներով...»:

 Եզակիըսել կուզեմ՝ եզականառանձնայատկութիւն մըն է այսորունկառչած են  այս կիրարկութեանց  քաջազուն մատակարարները:

 Իսկ ո՞ւր է լուծումը:

 3. Լուծումը նախ եւ առաջ... լուծումի  որոնումի ցանկութեան մէջ է:

 Հոնուր յամառօրէն կը խուսափինք լուծում փնտռելէ եւ մեր ականջները կըխցենք ամէն առաջարկի յանդիմանիրերը կը մնան այնպէսինչպէս որ եղածեն ու կան այս էջին վրայ:

 Ուրեմն՝ լուծումըահաւասիկ.

 --«Շաբաթ առաւօտուն Դիմադրութիւնը հաղորդեց,  որ...»:

 Ճիշդ ի՞նչ ըրինքառաւօտեան ածականըոր չի կրնար ժամանակիպարագայ դառնալ հաղորդեց  ու կատարեց բայերունփոխարինեցինք  առաւոօտ գոյականի տրական հոլովովսա հայերէնի ոգիին հետ բոլորովինհաշտ լուծում էհայերէնը միշտ ալ տրական հոլովը կրնայ կիրարկել իբրեւբայական ժամանակի պարագայօրինակ՝

 --Ես քեզ սիրի աշնան հովին:

(Ե՞րբ սիրեցի - աշնան  հովին՝ տրական հոլով)

--Այս ուշ գիշերին... գնում է ահա մի մտամոլար ու հիւանդ տղայ:

 (Ե՞րբ կերթայ... ուշ գիշերին՝ տրական հոլով)

 --Աշնան կերթաս երկիրեարիս բարեւէ:

 (Ե՞րբ կերթաս... աշնան՝ տրական հոլով):

 --Մշուշ ու ստուերք արշալոյսին կը հալին:

 (Ե՞րբ կը հալին... արշալոյսին՝ տրական հոլով)

 --Առաւօտուն Աբիսողոմ աղան ելաւ անկողինէն:

 (Ե՞րբ ելաւ... առաւօտուն՝ տրական հոլով)

 Կը  նկատէ՞քոր Պարոնեան չէ ըսած՝ «առաւօտեան ելաւ»:

 Իսկ առաւօտուն գոյականը կրնա՞յ իր վրայ շաբաթ գոյականը իբրեւ որոշիչստանալայլ խօսքով՝ գոյական մը կրնա՞յ դառնալ այլ գոյականի մը որոշիչը.այոկրնայ դառնալ,  այս եւս հայերէնի ոգիին բոլորովին հաշտ էօրինակ՝

 --ոսկի աշուն – ինչպիսի՞ աշուն՝ ոսկի

 --քար սիրտ – ինչպիսի՞ սիրտ՝ քար

 --բոց աչքեր – ինչպիսի աչքեր՝ բոց

 Այնպէս ալ՝  երկուշաթթի օր... չորեքշաբթի օր... շաբաթ օրուրեմն՝  շաբաթառաւօտ:

   *   *   *  

 −Գլուխնիդ բան մը մտա՞ւ,− վերապահօրէն  կը հարցնէր Մուշեղ Իշխան՝յետ  տեսնելով մեր յուսահատ  դէմքերը եւ տարտամանորոշ ու ծանծաղ  նայուածքները

 −Այո՛պարոնամ-մէ՛ն բան հասկցանք,− առաջինը կը պատասխանէր ԵղիշէԽոստեղեանը՝  ինքնավստահ շեշտելով  ամ-մէ ՛ն-ը,  ինքը՝ դասարանինամէնէն  մանրակազմ  եւ  սնդիկի պէս   անհանդարտմիշտ շուարած ու   ոչինչհասկցող  մանչը:  

 −Կը տեսնենքկը տեսնենք,−  ճաղատ  ու բազմիցս փորձուած գլուխըթերահաւատ շարժելով  կելլէր-կերթար՝  ապաւինելով  ներգործութեանը Սուրբհոգիինոր միշտ  ալ կը մոռնար մեր  դասարանցիներուն այցելելԻսկ հիմա՝

 −Բան մը հասկցա՞ք,− հարցնելու հերթը իմս է:

 armenag@gmail.com                                                                                     ԱրմենակԵղիայեան

No comments:

Post a Comment