Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 1 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնէն։
1. Արօր եւ արօր(իկ)
Ենթադրելի է, թէ ամէն արեւմտահայ կը ճանչնայ արօր բառը՝ իբրեւ երկրագործական սարք, նոյնիսկ եթէ տեսած չըլլայ զայն. այս պարագային ի մտի ունիմ լիբանանահայը, որուն կեանքին մէջէնշատ շուտ վերացաւ արօրը, որ անցած դարու կէսերուն այնքան տարածուած էր Պեքաայի ամբողջերկայնքին: Ենթադրելի է, որ Անճարի հայրենակիցները աւելի նպաստաւորուած ըլլան՝ իւրաքանչիւրըունեցած ըլլալով իր սեփականը մինչեւ ... 1950-ականներու սկիզբը, երբ մեքենական քարշակը (tracteur) բրտօրէն մուտք գործեց այնտեղ եւս ՝ մէկ օրէն միւսը ապայժմէացնելով հազարամեակներու եզնաքարշարօրը:
Սարքին հետ շրջանառութենէ դադրեցան այնքան սիրելի բառեր, ինչպէս՝ խոփ, մաճ, մաճկալ, լուծ, հերկ, ակօս եւ նմանները: Ջաղացն ու աղօրիքը, աղօնն ու սերմնցուն իրենց կարգին: Արդի հայըդժուար թէ ըմբռնէ Դանիէլ Վարուժանի այնքան ջերմիկ ու հարազատ «Հացին երգը» ժողովածուի բառերը, որոնց բոլորին ծանօթ էին մեր անմիջական նախնիները։՚ ՚՚Արօրին դէմ շատ աւելի բիրտ պայքար մղուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ խորհրդային կարգերուհաստատումէն ետք, ուր երկրգործութիւնը մեքենականացնելու որոշումը տրուած էր կեդրոնականիշխանութեան կողմէ:
Ռաֆֆի ունի գողտրիկ երգ մը արօրի մասին, որուն առաջին տունը կ’ըսէ:՚
Իւր անուշ հոտով բուրէ մանիշակ,
Ի՜նչ հրճուանք այժմ քեզ գործի, մշակ,
Դէ՜, լծէ դու քո արօր եւ գութան[1],
Ցանել պտղաւէտ սերմունք գիտութեան:
* * *
Արօրն ասաց տատրակ հաւքուն.
«Ինչո՞ւ կու լաս կուց-կուց արուն,
Երթայ-լցուի փոքրիկ առուն»:
--հաւք(ուն), այսինքն՝ թռչուն(ին):
--տատրակ կը նշանակէ վայրի աղաւնի:
--կուց-կուց կը նշանակէ ափերով. կուց-ափ:
--արուն, այսինքն՝ արիւն:
--առու(ն), որ է ջուրի պզտիկ հոսանք, երիզ:
Երգին ամբողջութինը կրնաք գտնել Google-ով:
Այնտեղ կրնաք գտնել Կոմիտասի սքանչելի մեկնաբանութիւնը եւս:
Զայն շատ շնորհալի երգողներէն եղած է Արմենակ Շահմուրատեանը:
2. Ափ եւ ափն
Սկսելու համար ըսեմ, որ արդի հայը հազիւ թէ գիտնայ, որ մենք ունեցած ենք եւ ունինք իրարանմաներկու տարբեր բառեր: Հայր Կռանեանը, օրինակ, կը ճանչնայ մէկ ափ, որ խառն ի խուռն եւհաւասարապէս կը նշանակէ՝ «ձեռքի մէջը, բուռ, եզերք»:
Մինչդեռ՝
--Մէկը՝ ափ է, որ թաթի մատներուն միջեւ գտնուող տափարակ մասն է, որ տեղին համեմատ կըկոչուի նաեւ բուռ. «ափ մը ցորեն» կամ «բուռ մը ցորեն» նոյնանիշ են. ֆրասերէն՝ paume, անգլերէն՝palm, իտալերէն՝ palmo:
Այս նշանակութեան հետեւողութեամբ յառաջացած են հետեւեալ բառերը.
ափիբերան – որ կը նշանակէ զարմացած, պապանձած:
ափյափոյ – որ կը նշանակէ հարեւանցի, վեր ի վերոյ, հապճեպ. արեւելահայերը կ’ըսեն՝ ձեռաց, արաբերէնն ու թրքերէնը՝ հայալլա:
ափաչափ – ափի մը չափով, ծաւալով. ասոր բարբառային ձեւն է՝ ափչաք:
-Իսկ միւսը՝ ափն է, որ կը նշանակէ եզերք, մասնաւորաբար ջրային տարածութեան մը. օրինակ՝ծովուն ափը, այլեւ գետին, ուրեմն՝ ծովափ(ն) եւ գետափ(ն). ածականները՝ գետափնեայ, ծովափնեայ:
Նաեւ ծայրամաս, օրինակ՝ փոսի, ձորի, ջրհորի. «Առ ափն ջրհորին» կը նշանակէ ջրհորին եզերքը: Այլեւ՝ հեռաւոր, անծանօթ, խորթ տարածքներ, ինչպէս՝ «օտար ափեր»:
Այս արմատէն յառաջացած է քարափ(ն), որ կը նշանակէ պարզապէս ժայռ, նաեւ՝ գետի կամծովու եզերքին կառուցուած քարային տարածութիւն, ուր կը հաւաքուին նաւէն իջնողները կամ նաւբարձրացողները, եւ կը կուտակուին ներկրելի կամ արտակրելի ապրանքները:
* * *
Գրաբարի մէջ այս երկուքը յստակօրէն կը զանազանուէին. այսպէս՝
--ափ -ափոյ -յափէ -ափով. ափք -ափոց -յափոց -ափովք (ափօք):
--ափն-ափան-յափանէ-ափամբ. ափունք-ափանց-յափանց-ափամբք:
Աշխարհաբարի մէջ ափն կորսնցուցած ըլլալով բառավերջի «ն» բաղաձայնը, երկուքը ձեւովնոյնացած են եւ հաւասարապէս կու տան՝
--ափ-ափի-ափէ-ափով. ափեր-ափերու-ափերէ-ափերով:
Ձեւի եւ հոլովներու նոյնացումն ալ պատճառ դարձած է, որ կամաց-կամաց աղօտի ասոնցիմաստային տարբերութիւնը, եւ շփոթուին երկու բառերը ու ընկալուին իբրեւ մէկ բառ:
«Ափն» ձեւը պահուած է միայն գետափնեայ եւ ծովափնեայ ածականներուն մէջ:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
No comments:
Post a Comment