V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, December 22, 2023

«Կարմիր Ժամուց»ը՝ անտեսուած մեկնաբանութիւն մը - 1 -

Վահէ Յ. Աբէլեան

Այսօր Արփիար Արփիարեանին ծննդեան օրն է։ Ան ծնած էր Դեկտեմբեր 21, 1851-ին։ Հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, բայց ճանցուած մնաց իր «Կարմիր ժամուց» գիրքով։ Շրջան մը գիրքին ընթերցումը պարտադիր էր Լիբանանի ազգային վարժարաններէն ներս։ 

Սակայն յետնեալ ակնարկով կը մնամ այն համոզումով որ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժումուց» գիրքը ունեցաւ իր նեղ մեկնաբանութիւնը։ Նոյնիսկ գիրքին կողքը այդ մեկնաբանութիւնը խորհդանշողը եղաւ ընդհանրապէս, ունենալով հրացանի մը կամ զէնքի մը նկարը։ Այդ ՆԵՂ մեկնաբանութիւնը առանցքը կազմեց սփիւռքահայ ազգային դաստիարակութեան եւ վէպը ընդհանրացաւ որպէս օրինակ ենդադրեալ ճիշդ ուղղութեան պէրճախօս օրինակը, այսինք զէքն եւ միշտ զէնք եւ միայն զէնք։ Ինչպէս ըրած կը թուի ըլլալ մայրս որպէս Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի։ 

Այդպէս կը հետեւցնեմ քանի որ մօրս թուղթերը թղթատած ժամանակ հանդիպեցայ 96 էջ ձեռագիր մենագրութեան մը՝ ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած ըլլալու է 1990-ին քանի որ առաջին էջին վրայ՝ մայրս զետեղած է յայտարարութիւնը որ կատարած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 100-ամեակի յանձնախումբը։ Յայտարարութեան նկարը տեղադրած եմ ներքեւը։

Մեծատառ յայտարարութիւնը հրաւէր մըմ է մասնակցելու «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ» ի մը, «Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՈՒՑՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ»։ 

Պատշաճ է որ Կը մէջբերեմ յայտարարութիւնը իր ամբողջութեամբ։՝

«Հ.3.Դաշնակութեան հիմնադրութեան 100 ամեակը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ տօնակատարող յանձնախումբը կազմակերպած է պատմասիրական մրցոյթ մը, որուն կրնայ մասնակցիլ հետարքրքրուած ամէն անձ։

ՆԻՒԹ՝ «Հ.Յ.Դ.-ի հարիւրամեայ պատմութեւն առնչուող որեւէ ուսումնասիրութիւն, որ կրնայ պարփակել դրուագ մը, երեւոյթ մը, աւանդութիւն կամ չգրուած սովորութիւն մը, գաղափարականական խնրիդ մը, կուսակցական գործիչի  կամ ֆետայիի մը կեանքն ու գործունէութիւնը, եւն։

ԾԱՒԱԼ՝ Ուսումնաիրութիւնը պէտք է ըլլայ 30-50 խիտ մեքենագրուած էջերու սահմաններու մէջ։

ԺԱՄԿԷՏ՝ Աշխատասիրութիւնը յանձնախումբիս հասած պէտք է ըլլայ ամենէն ուշ մինչեւ 1990 թիւ, Սեպտեմբեր 30։

ԼԵԶՈՒ՝ Հայերէն կամ Անգլերէն։

Յանձնախումբիս կողմէ ընտրուած դատական կազմը պիտի ընտրէ լաւագոյն ուսումնասիրութիւնը նկատի առնելով գործի լեզուական ոճը, ինքնուրոյնութիւնը, կիրարկուած մեթողաբանութիւնը, աղբիւրներու լաւագոյնս գործածութիւնը եւ մատենագիտական ճշգրտութիւնը։ Առաջնութիւն շահած աշխատասիրութեան հեղինակին պիտի տրուի 1000 տոլար։ Աշխատութիւնը պիտի հրատարակուի առանձին գըրքոյկով. Իսկ միւս յաջող ուսումնասիրութիւնները պիտի տպագրուին մամուլէ մէջ։

Կը քաջալերենք պատմաբանները, ուսանողներն ու մտաւորականութիւնը մասնակցելու մրցոյթին 100  ամեակի առիթով ճոխացնելու հայ ժողովուրդին ազատագրութեան պայքարը յաւերժացնող գրականութեան։»

 Այդ յայտարրութեան է որ ընթացք տուած է մայրս՝ Տիկ. Զուարթ Աբէլեանը եւ գրած է վերը նշած, 92էջ, ձեռագիր իր ուսումնասիրութիւնը։ Քովս մնացած օրինակը բնագիրն է։ Թերեւս օրինակ մը յղած է յանձնախումբին։

Իր ըրած ուսումնասիրութեան մէջ, Տիկ. Զուարթ Աբէլեանը կը գրէ՝  «Յեղափոխութիւնը սակայն անվիճելի բաժինը դարձաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան։ Այսու՝ լուռ ու մոնչ չմնաց նաեւ հայ մտաւորականը.....Այս ուղղութեամբ ցայտուն տիպարներ են Արփիար Արփիարեանի «Կարմի Ժամուց» -ին յեղափոխական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանան, ու պահպանողական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Հայրապետ Էֆէնտին։ Առաջինը՝ հայ եկեղեցական աւանդներու ու Սբ. Պատարագին կողքին, քիչ մըն ալ զինավարժութիւն կ՚ուզէ սորվեցնել օրուայ երիտասարդին։ իսկ երկրորդը, Հայրապետ Էֆէնտին մեզի աւանդուած Սուրբ աղօթքներն անգամ կրճատելը  խոհեմութիւն կը նկատէ։ Սակայն ի վերջոյ ծոցէն քանի մը կարմիր ոսկի հանելով՝՝ «Առ, Տէր Հայր, քու գիտցածիդ պէս ըրէ, ազգս պէտք կ՚ունենայ, ասով վառոդ ու զէնք առ»։ 

Այդ եղած էր գիրքին ընդհանրացած ընկալումը՝յեղափոխական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանան ընդէմ պահապանողական գափափարախօսութեան ներկայացուցիչ հայրապետ էֆէնտին։ Իսկ եզրակացութիւնը՝ որ առանցքը կազմեզ աշակերտին ազգային դաստիարակութեան եղաւ զէնքը, միայն զէնքը եւ միշտ զէնքը։

Բայց ի՞նչ կ՚ըսէր sէր Յուսիկը, գիրքին յեղափոխական տիպարը։ 

Այդ ալ յաջորդին...........



 

 

No comments:

Post a Comment