Կարելի էր այսպէս ալ գրել -3
«Զարթօնք», 9/12/23, «Թշնամին ի՞նչ գին պիտի պահանջէ»...
***Կարելի չէ, չուրախանալ
---Ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է՝ «Կարելի չէ չուրախանալ»:
***Գերութեան դառն բաժակը ճաշակած
---Բաժակին համար կ’ըսենք ըմպած:
***Մետաղադրամին միւս կողմը...
---Մետաղադրամին կողմերը կը կոչուին՝
--դիմերես՝ պատկերը կրող կողմը,
--դարձերես՝ հակառակ կողմը:
*** Երկարաշունջ աշխատանք...
---Պէտք է ըլլայ՝ երկարաշունչ...
***44օրեայ
---Պէտք է ըլլայ՝ 44-օրեայ
Բաշդադտել առաջինին, որ հայեցի չէ, խառնափնթորութիւնը, եւ երկրորդին բարեկարգութիւնն ու յստակաութիւնը:
*** Իշխանութիւնները իրենց իսկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ... օգտագործած է կամ յօժարած է օգտագործել...
---Իշխանութիւնները՝ յոգնակի, կը պահանջէ յոգնակի բայ՝ օգտագործած են...յօժարած են:
***Արդեօ՞ք այս պարագային, Սիւնիքը պիտի ըլլայ, մեր վճարելիք գինը...:
---Այս նախադասութիւնը ստորակէտի չի կարօտիր:
Իսկ եթէ անպայման պիտի կէտադրենք, ապա ստորակէտերու մէջ պիտի առնուի «այս պարագային» բառակապակցութիւնը. սա՛պէս՝
«Արդեօ՞ք, այս պարագային, Սիւնիքը պիտի ըլլայ մեր վճարելիք գինը»...:
Սակայն կրկնենք, ստորակէտի չի կարօտիր:
***Պիտի հատկացնէ...
---Կիրարկուած է երեք անգամ. պէտք է ըլլայ՝ յատկացնէ:
***Աւելորդ կշիռքը կը բարձրացնէ փոքրիկներու գերճնշումը (22/11/23):
---Գերճնշումի բարձրացումին մէջ կշիռքը դերակատարութիւն չունի. ծանրութիւնն է, որ կը բարձրացնէ գերճնշումը:
* * *
«Զարթօնք»-ը կրնայ դիւրաւ յաղթահարել այս թերութիւնները:
Կը սպասենք:
*****
Այսպէս ալ կարելի էր գրել (4)
«Հայրենիք»-ի անցած շաբթուան թիւին մէջ հանդիպեցայ աւագ սերունդի գրող Պօղոս Գուբելեանի մէկ յօդուածին հետաքրքրական խորագիով մը՝ «Երազիս քրիստոսատիպ ացելուն»: Ահա քեզի առինքնող խորագիր մը. ամէն մարդու բախտը չէ, որ քրիստոսատիպ այցելու մը ունենայ: Եւ կարմիր մատիտը ձեռք առած՝ անցայ ընթերցանութեան:
Ընդգծումներս արգիլեցին լման ըմբոշխնել յօդուածը, որուն աւարտին հեղինակը կը յայտնէ, որ տասի չափ գիրքեր ունի հրատարակելի, սակայն «հիմա գիրք կարդացող չմնաց», − կը տրտնջայ:
Եթէ յանկարծ ան միտքը փոխէ ու հրատարակութեան տայ, ապա պիտի խնդրէի որ հայ լեզուին ու գրականութեան եւ... իր վարկին խնայէ սապիսիները.
--Պէտք է բան գործ թողած, գրելով զբաղիմ:
Ստորակէտը փոխարինել բութով, բառերն ալ տեղափոխել. այսպէս՝
«Պէտք է բան գործ թողած՝ զբաղիմ գրելով»:
--Չգլտորուելու համար մոռացութեան գիրկը:
Այսինքն՝ չգլտորելու համար. արեւմտահայերէնը գլտորուիլ-գլտորուելով չունի:
--Կը փորձեմ նորէն քունի մատչիլ...
Կաթողիկոսի աջին մատչիլ-ը գիտէինք, սակայն քունի մատչի՜՜՜լ...
Հայը «քունի կը մտնէ» հազարամեակներէ ի վեր. ահաւասիկ ի շարս այլոց՝
«Եւ անդրէն ի քուն եմուտ եւ ետես երազ երկրորդ»,− կ’ըսէ Աստուածաշունչը եգիպտացիներու փարաւոնին համար (Ծն.,41/5):
--Մինջ այդ...
Մինչ այդ...
--Բազմաբեւեռ դէպքեր, կը տողանցեն:
Ենթական եւ բայը ստորակէտով չեն կրնար տրոհուիլ, նոյնիսկ եթէ «դէպքերը բազմաբեւեռ» ըլլան:
--Հիւանդները, քիչ մը այցի կու գան:
Նոյն անմիտ ու անկոչ ստորակէտը:
--Կեանքին կարգն ու սարգն էր այս:
Կարծեմ սարք է ըսել ուզուածը:
--Պատմեմ երազիս պարունակութիւնը...
Կարելի է պատմել գաւաթին, շիշին, ամանին, կաթսային, փարչին ու թիթեղին պարունակութիւնը, սակայն երազինը... Երազը՝ պարզապէս կը պատմենք.
«Փարաւոնը իր երազը պատմեց Յովսէփին»:
--Յետ միջօրէ
Գրէ՝ յետմիջօրէ՝ կցուած իբրեւ մէկ բառ:
--Լէփթափիս ետին նստած կը պարապէի:
Ունինք բաւական յաջող գրկադիր-ը, ինչո՞ւ այս անմարսելի լէփթափ-ը:
--Օրուան հրատապ հարցերու մատչեցանք:
Երբ քիւրտը մածունը շատ գտնէ՝ քիթին-դունչին կը քսէ:
Մաչիլ-ին գիւտով հարբած է Գուբելեան եւ շուարած է ո՛ւր պիտի... մատուցէ զայն:
Իսկ հարցերու յատկացեալը չենք կրնար առանց յօդի կիրարկել՝ «օրուան հարցերուն»:
--Առանց Թուրքիոյ նեցուկին ու թրթումին, պիտի չհամարձակէր...:
Դրդում՝ երկու դդ-ով, ճիշդ դդում-ին պէս:
Ստորկաէտը աւելորդ ու մանաւանդ սխալ է:
--Ուքրանիոյ ... Ուբդանեան...
Առաջինը ճիշդ է. երկրորդը՝ առաջին անգամն է, որ հայերէն այսպիսի այլանդակութիւն կը գրուի:
--[Յիսուս] նախընտրեց ախոռի մէջ ծնիլ...
Ամէն մարդ, Աբիսողոմ աղան ալ, գիտէ, թէ Յիսուս ո՛ւր ծնաւ:
Մարդ Աստուծոյ, մեղմասացութիւն (euphémisme) ըսուածը կայ, որ միշտ յարգուած է հայերէնի մէջ. այս պատճառով ալ «ախոռի մէջ» չենք ըսեր Քրիստոսին կամ մօրը՝ Մարիամին ակնարկելով, այլ մսուրի, գոմի, գոմի մը մսուրին եւ նման բաներ:
--Թագավորական... ըսէ՝ Թագաւորական...
--Պատարագի ատէն... ըսէ՝ Պատարագի ատեն...
--Այս ինչ հակասութիւն է զոր հաւատացեալներու խոշոր մէկ տոկոսը կը գայթակղեցնէ:
Զոր-ը սխալ է, կոտոշաւոր տեսակէն. պէտք է ըլլայ որ՝ ուղղական հոլով. սա ենթական է կը գայթակղեցնէ բային:
--Մի՛ այպանէր... ըսէ՝ Մի՛ այպաներ...
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
No comments:
Post a Comment