Վահէ Յ Աբէլեան
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ի վերը նշուած յայտարարութիւնը պէտք չէ որ սխալ եւ անտեղի մեկբանութիւններով քաղաքականացուի։ Ճշդեմ որ այդ յատարարութիւնը առընչուած է եկեղեցականին որ իր կոչումով մաս չի կազմեր քաղաքականութեան, տակաւին չեմ ըսեր իր երկրին հակապետական քաղաքանութեան։
Հետեւաբար եւ բնականաբար ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴը այդպէս է պիտի յայտարարէ, քանի որ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴը ի յառաջագունէ, կամ կանխաւ, ընդունած է այն բացայայտ հասկացողութիւնը որ Եկեղեցակը, այս պարագային Հայ Առաքելական Եկեղեցականը, իր երկրին քաղաքանութեան միջամուխ չըլլար, տակաւին չեմ ուզեր ըսել որ քաղաքականութիւն կը վարէ։ Այդ յատարութիւնը պէտք չէ որ մեկնաբանենք թէ եկեղեցականին արտօնուած է հակայ պետական քաղաքականութիւն վարել եւ մնալ անձեռնմխելի։
Այդ հասկացողութիւնը ի զօրու է մանաւանդ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի եկեղեցականին որպէս ազգային կրօնական հաստատութեան ուխտաւորը։ Հետեւաբար Հայ Առաքելական կղերականը՝ որ կը դաւանի Հայ Առաքելական Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն մը ըլլալը, մասնակից չի կրնար ըլալ իր եկրին հակապետական քաղաքականութեան, տակաւին չեմ ուզեր ըսել որ կը վարէ հակապետական քաղաքականութիւն ինչպէս ըրին եկեղեցականներ Բագրատ Գալստանյանը եւ Միքայել Աջապահեանը։
Այո, ազզովին դժբախտ եւ դժբախացնող պարագայ մըն է Արքեպիսկոպոսներ Գագրատ Գալստանյան-ին եւ Միքայել Աջապահյան-ին բանտարկութիւնը։ Բայց օրէնքը այլապէս չէր կրնար տնօրինել։ Եկեղեցականին եւ աշխարհական քաղաքացիին քաղաքացիական պարտաւորութիւնները ազգը՝ ոչ թէ միայն սահմանադրած է, այլ անոր խախտումիՆ պատիժը օրինակացուցած է եւ կիրարկեց արքեպիսկոպոսներուն, ըստ օրէնքին սահմանաց չափով։
Անկասկած որ Արքեպիսկոպոսները առանց Կաթողիկոսին արտօնութեան նման քաղաքական արշաւ պիտի չտանէին։ Բայց կրնայ ըլլալ որ կաթողիկոսը ներած է իրենց քաղաքական աշխատանքը տանիլը, բայց չէ արտօնած եւ ոչ ալ մղած որ անոնք նման քաղաքական աշխատանք տանին։
Իսկ եթէ պատահի որ բացայայտուի որ Կաթողիկոսին գիտակցութեամբ եւ արտօնութեանբ եւ մղումով է որ եպիսկոպոսներ հակապետական քաղաքական աշխատանք տարած են եւ եւ կը տանին, այդ պարագային պիտի պատահի ազգային մեծ աղէտը՝ Կաթողիկոսը պիտի դատուի եւ կրնայ ըլլալ նոյնիսկ բանտարկուիլ, ինչպէս կը յաղորդեն կարգ մը մեկնաբաններ։


No comments:
Post a Comment