V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, December 21, 2023

Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (5) - ԽԱՉ ԵՒ ԽԱՉԵՐԿԱԹ

  Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 5 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը։

Ճանչնանք մեր բառերը (5)

1.       Խաչ եւ խաչերկաթ

Ինծի համար մնայուն  հետաքրքրութեան առարկայ եղած է այն հարցըթէ մեր այնքան մեծաթիւ փոխառութիւններուն դիմաց ՝ թրքերէնը իր կարգին որեւէփոխառութիւն կատարա՞ծ է հայերէնէնՎերջին հաշուով մենք բաւականպատկառելի թիւ մը ունեցած ենք Թուրքիոյ մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Պոլիսըսենք՝  ամբողջ բնակչութեան  մօտաւորապէս  մէկ հինգերորդըիսկ Պոլիս մայրաքաղաքի բնակչութեան  մէկ քառորդըեւ  ասոնք՝ ըստ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին կատարուած եւրոպական մարդահամարի  մըորուն ակնարկած է Յակոբ Սիրունի:

Միւս կողմէ՝ քաղաքակրթական զգալիօրէն աւելի բարձր մակարդակի վրայ կըգտնուէինք հայերս յարաբերաբար տիրակալ  քոչուոր թուրքինոր  գիր ուգրականութիւն չունէր տակաւիներբ հաստատուեցան մեր առաջին շփումները:

 Այլ խօքով՝ բոլոր նպաստաւոր պայմանները գոյութիւն ունէինոր նման փոխառութիւններ կատարուած ըլլայինինչպէս որ պատմականօրէն  կատարեցին  թուրքերըօրինակ,  մասնաւորաբար պարսկերէնէնարաբերէնէնու որոշ չափով ալ յունարէնէնաւելի ուշ՝ եւրոպական զանազան լեզուներէորոնց հանրագումարն է  ձախին բերուած նկարը



Ուր կակնարկուի հայերէն փոխառութեանց՝ առանց թուելու  անոնց գումարըինչպէս կատա-րած է  այլ լեզուներու պարագային

Այս վիճակագրութիւնը քիչ մը կը զարմացնէ զիսերբ այսպէս կը թերգնահատէ հայերէնէ փոխաթիւնները եւ մինչեւ իսկ  չի զիջանիր թիւ մը որոշել:

Ահաւասիկ հարցերորոնց այնպէս ալ   չյաջողեցայ գոհացում տալճիշդ չեմ ալ գիտերթէ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է երբեւէ:

Տարտամօրէն կը յիշեմոր հայրս կըսէրթէ իրենց թուրք համագիւղացիները  կը կիրարկէին հայերէն խաչերկաթ բառըԱյսպէս կոչուած է այն խաչաձե ւմետաղեայ հաւասարակողմ սարքըոր կը հանգչեցնէին  թոնիրին (պատկերը՝ձախին)  բերանը՝ վրան զանազան առարկաներ,−  մասնաւորաբար պտուկով  կերակուր,    բայց նաեւ տեղին համեմատ  խորովածացու ,−  դնելու ու եփելու համար:'

Վկայութիւն մը

«Աշնան վերջտատս խնոցուց հանած կարագը աղ էր դնումու ձմռան միօր`համարեա տարեմուտի էս օրերինմեծ  ղազանը  կարագով լի դնում էրբոցկլտացող  թոնրի վրաՍկզբում խաչերկաթ էր դնումթոնիրը երկու հաւասարմասի բաժանելով,  ու կամաց-կամաց կրակը թէժացնում էր» (ՌոբերտՄաթոսեան):

Այս բառն ալ կը դառնայ  ուղեցոյցս:

                                                              *   *   *

2. Պետրոս  Կարապետեանի (Զէքի “իմաստուն” յորջորջեալՀայերէնէ-օսմաներէն բառարանին մէջ (1907) կը փնտռեմ  խաչերկաթ-ը ու չեմգտներ:

Սակայն փոխարէնը  կը գտնեմոր թրքերէնը  խաչ բառին համար   հաւասարապէս դիմած է հայերէնին (haç/հաչ) , յունարէնին  (stavroz/սթաւրոզ), պարսկերէնին (çarmih/չարմիհու արաբերէնին (salib/սալիպ):

Իր բաղադրեալ բառերը կազմած է մի՛այն հայերէնի խաչ-ով.

--haçcı /հաչճը =  խաչապաշտ

--հaçlı/հաչլը =  խաչակիր

--haçımsı/հաչըմսը  =  խաչաձեւ

--հaça germek/հաչա կերմեք = խաչելխաչը հանել

--հaç çıkarmak/հաչ չըքարմաք =  երեսը խաչ հանելխաչակնքել  

Ապա կը դիմեմ  Google-ին ու այստեղ ալ կը գտնեմոր մեր «խաչերկաթը» ունեցած է  թրքական 18 բարբառային արտասանութիւն կամ տարբերակ.որոնցմէ թուենք  մէկ քանին.

--hecirget/հեճիրկեթ     --hatirçak/հաթիրչաք

--haçirdek/հաչիրտեք    --haçirgat/հաչիրկաթ

--hatirçek/հաթիրչեք     --helgirdeç/հելկիրտեչ

Եւ ոչ միայն...

Այստեղ ալ ի յայտ կու գայոր խաչերկաթ-ը որդեգրած են ռուսերը եւս՝

--кочерга /kočergá/քոչերկա  արտասանութեամբ:

                                              *   *   *

Ճանչնանք Պետրոս Զէքի Կարապետեանը

Եղած է իր ժամանակի մեծագոյն  լեզուաբաններէն  մէկը (1869−1937): 

Սուլթան Համիտ զինք ընդհանուր քննիչ կարգած է թրքական բարձրա-գոյնվարժարաններու հայերէնի պարտադիր դասընթացքինԱյսպարտակա-նութեան ծիրէն ներս գրած է երկու պատկառելի բառարաններ՝ «Մեծբառարան հայերէնէ օսմաներէն» եւ «Մեծ բառարան օսմաներէնէ  հայերէն»:

armenag@gmail.com                                 Արմենակ Եղիայեան

 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment