Վահէ Յ Աբէլեան
Անկասկած որ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» գիրքը դիմացած է ժամանակի փորձութեան եւ դարձած է դասական գիրք մը։ Ահաւասիկ գիրքին հրատարակութիւնէն շուրջ 120 տարիներ ետք կը շարունակենք ակնարկել անոր։
«Կարմիր Ժամուց» գիրքին առընչութեամբ՝ պլակիս եղած նկատողութիւններէն կը մէջբերեմ հետեալը՝ « Հ. Ղ. Ալիշանի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանի հունցքէն էր ան։ Եւրոպական ազատութեան մէջ, Մխիթար եւ Մխիթարեանները մոխիրներուն տակէն դուրս հանեցին ազգին ազատատենջութեան գաղափարը, որը շնորհիւ Արփիարեաններու ի վերջոյ հասցուց մեզ անկախութեան։ Հ Մ Ճանաշեան այսպէս կը գնահատէ զինք «իր նկարագրին մեծագոյն թերութիւնն էր անհաստատութիւնը եւ ոստումները ձեռնարկէ ձեռնարկ, գաղափարէ գաղափար շարժելով, սակայն միշտ ազգանուէր եւ մղուած ազգասիրութեան ձկտումներէն։» Նկատողութիւն ըրած էր Harry Mardirossian-ը։
Ճիշդ այդպէս ալ պատկերցուցած եմ Արփիար Արփիարեանը։ Եթէ հարց տաք թէ ինչպէ՞ս է որ այդպէս պատկերացուցած եմ զինք, պատասխանս պիտի ըլլայ հետեալը՝ պրզապէս զինքը սպանել ուզող կազմակերպութիւններէն դատելով։ Ներքեւ նշուած տեղեկութիւնները կը պարտիմ ՝ «ՄԱՐԴԸ ԸՆԴԷՄ ՄԱՐԴՈՒ – ՄԱՀՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ (1890-1908)», գիրքին որ պատրաստած է Հայկ Աւագեան, Գահիրէ, 2018-ին։ Գիրքին pdf տարբերկակը, ընկեր մը յղեց ինծի։ Գիրքը լոյս տեսած է Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով։
Արփիար Արփիարեանին սպանութեան առաջին ձախող փորձը կատարուած էր 25 Դեկտեմբեր 1895 / 6 Յունուար 1896, կ. Պոլիս։ Կազմակերպողը եղած էր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պօլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէն։ Դրօշակ, 15 Նոյեմբեր 1899, էջ 28-29, հետեւալը ըսուած է «որոշեցինք անյապաղ իգործ դնել 13 Նոյեմբեր պաշտօնագրին սպառնալիքը - (որ ուղղուած եղած էր մամուլին).- պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեանի, եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց ՍԵՒ-ՍԱՐ ենթակօմիտէի ահաբեկիչներուն։» (էջ 52) Վիրաւորուած է եւ տունը մնացածէր շրջան մը դարմանումի համար։
Երկրորդ ձախող մահափորձը տեղի ունեցած էր 22 Փետրուար 1903-ին, Վենետիկի մէջ։ Այս անգամ մահափորձը կազմակերպող եղած էր Վերակազմեալ Հնչակեանններու Վահէ Արզուեան խմբակը. Արփիարեանը ըսած է՝ «Տակաւին երբ տուն կ՚երթայի, հրացանի հարուածի մը ձայնը լսեցի հատ մըն ալ ետեւէն. չորս կոմս նայեցայ, ոչ ոք չկար։ Քիչ մը առաջ գացի, զգայ որ վիզէս քրտինք կը վազէ։ Քրտինքս սրբեցի, եւ փորձեցի, եւ փողոցի լամբին տակ թաշկինակիս նայեցայ, ու տեսայ որ արիւն է եղեր...խեղճ մոլորածի մը քաջագործութիւնը....։» (էջ 84)։
Արփիար Արփիարեանին երրորդ եւ յաջողած մահափորձը՝ սպանութիւնը, տեղի ունեցաւ 12 Փետրուար 1908-ին, Գահիրէի մէջ։ Սպաննողը եղած էր Պետրոս Հիւսէնեան անունով մէկը իսկ կազմակերպողը եղած էր նոյն Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակը։ Սպանութեան անդրարձած էր Վահան Թէքէեանը ըսելով՝«Պէտք ունինք ամփոփուելու, պէտք ունինք քիչ մըն լռութեան մէջ ողբալու պատշտելի բարեկամին ու հոյակապ մատենագրին կորուստը, որպէսզի ալ կամաց կամաց վարժուինք այդ անըմբեռնելի գաղաբարին եւ ինքզինքնիս ազատելու անոր հետապնդումէն, մտածենք ընելիքնիս, մտածենք հանրութեան հօտին համար որուն ամենէն յատկապէս հովիւն ու առաջնորդ էր որ այս ճամբուն վրայ ինկաւ։» (էջ 151)։
Կ՚ըսուի որ Արփիար Արփիարեանին վերջին խօսքը եղած է ՝ «ես հայ եմ»։ կը պատկերացնեմ որ չէ կրցած հետեւականօրէն մաս կազմել որեւէ կազմակերպութեան կամ գաղափարախօոսութեան մը հետ, այնպէս ինչպէս ըսած է Հ Մ Ճանաշեանը՝ « իր նկարագրին մեծագոյն թերութիւնն էր անհաստատութիւնը եւ ոստումները ձեռնարկէ ձեռնարկ , գաղափարէ գաղափար շարժելով, սակայն միշտ ազգանուէր եւ մղուած ազգասիրութեան ձկտումներէն։»
Բայց ինչո՞ւ սպաննել։ Պարզապէս քանի որ 1890-1910 տարիներուն մահափորձը եղած կը թուի ընդհանրացած մշակոյթ մը՝ զարթօնքի մը ընկալումներով տարուած հայ քաղաքական խաւին կողմէ որ հիմնած էր հայ քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մաս կազմած անոր երբ Հայութիւնը դարեր ի վեր քաղաքական փորձառութիւն չէր ունեցած։ Իսկ այժմ իւրաքանչիւրը կը պաշտպանէր իր թէզը դիմելով ծայրագոյն իսկ միջոցներուն։ Այդ երկու տասնամեակներուն սպանուածներուն թիւը ահռելի եղած ըլլալու է։ Գիրքը կը թուէ շուրջ հարիւր հոգի սպանուած։ Մարդիկ սպանուած են իրենց ենթադրեալ ըրածներուն համար որպէս դաւավաճան, մատնիչ կամ վաշխառու։ Ինչպէս նաեւ սպանուած են չըրածներուն համար որպէս անտարբեր ազգայնական զարթօնքի այդ շրջանին քաղաքական կազմակերպութիւններուն հանդէպ, զլանալով անոնց իրենցմէ ակնկալուած նիւթական աջակցութիւնը Թրքահայ ժողովուրդին ազատագրութեան պայքարին համար։
Այդ շրջանին, ըմդճամրապէս Հնչակեան, Վերակազմեալ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւններն են որոնք կատարած են մահափորձերը, ընդհանրապէս յաջողութեամբ։ Սպանուած են նաեւ նոյն կուսակցութեան մէջ ներքին պառակտումներուն հետեւանքով՝ աջակցելով մէկ կողմին բայց ոչ միւսին, ինչպէս եղած կը թուի Հնչակեան կուսակցութեան պարագային։
Արփիար Արփիարեանի պարագային՝ այդ երկուքն ալ դեր ունեցան՝ մինչ կուսակցականը եւ ներ կուսակցականը։
1890-1910 հայը հայուն սպանութիւնները եղած են ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բայց նաեւ այլ երկիրներու մէջ ալ։ Որոնցմէ ոմանց դէմ արտայայտուած էր Արփիար Արփիարեանը, ապա նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ։
Այդ ալ յաջորդին։
No comments:
Post a Comment