Արարատ», 2/12/23, էջ 2-3 (1)
«Այսօրուան գիտութիւնը կը ձեւաւորէ...» յօդուածի առթիւ
--Մէկ հարկի տակ հաւաքուած են:
Պէտք է ըլլայ՝ յարկի:
Հարկ կը նշանակէ տուրք, հարկադրանք, ստիպում:
--Ներդնել ...
Գործածուած է չորս անգամ:
Պէտք է ըլլայ՝ ներդրել:
Կը ներդնենք-ն ալ պէտք է ըլլայ՝ կը ներդրենք:
--Գիտահէն...գիտելիքահէն...
Գիտահէն, գիտելիքահէն կը նշանակեն գիտութեան գող, աւազակ, ինչպէս...ծովահէն կ’ըսենք եւ կը հասկնանք ծովերու վրայ աւազակութիւն ընող:
Պէտք է ըլլան՝ գիտայեն, գիտելիքայեն...
Այսինքն՝ գիտութեան եւ գիտելիքի վրայ յենած, հիմնուած:
--Այն պիւտճէով, որոնք նախատեսուած են...
Պէտք է ըլլայ՝ Այն պիտճէով, որ նախատեսուած է...
Այսինքն՝ պիւտճէով եզակի, որ եզակի, է եզակի:
--Փոքր վտանգով կարելի է հասնիլ մեծ արդիւնքի:
Պէտք է ըլլայ՝ փոքր գրաւով կարելի է հասնիլ մեծ արդիւնքի:
Այսինքն՝ փոքր ներդրումով կարելի է հասնիլ մեծ արդիւնքի:
--Կարենանք հասնիլ այնպիսի ընկերութիւններ ունենալուն, որոնք իրենցբնոյթով պիտի ըլլան...
Պէտք է ըլլայ՝ Կարենանք հասնիլ ունենալու այնպիսի ընկերութիւններ, որոնքիրենց բնոյթով պիտի ըլլան...
Կարելի էր այսպէս ալ գրել (2)
«Զարթօնք», 9/12/23, «Թշնամին ի՞նչ գին պիտի պահանջէ»...
***Կարելի չէ, չուրախանալ
---Ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է՝ «Կարելի չէ չուրախանալ»:
***Գերութեան դառն բաժակը ճաշակած
---Բաժակին համար կ’ըսենք ըմպած:
***Մետաղադրամին միւս կողմը...
---Մետաղադրամին կողմերը կը կոչուին՝
--դիմերես՝ պատկերը կրող կողմը,
--դարձերես՝ հակառակ կողմը:
*** Երկարաշունջ աշխատանք...
---Պէտք է ըլլայ՝ երկարաշունչ...
***44օրեայ
---Պէտք է ըլլայ՝ 44-օրեայ
Բաշդադտել առաջինին, որ հայեցի չէ, խառնափնթորութիւնը, եւ երկրորդինբարեկարգութիւնն ու յստակաութիւնը:
*** Իշխանութիւնները իրենց իսկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ... օգտագործած է կամ յօժարած է օգտագործել...
---Իշխանութիւնները՝ յոգնակի, կը պահանջէ յոգնակի բայ՝ օգտագործածեն...յօժարած են:
***Արդեօ՞ք այս պարագային, Սիւնիքը պիտի ըլլայ, մեր վճարելիք գինը...:
---Այս նախադասութիւնը ստորակէտի չի կարօտիր:
Իսկ եթէ անպայման պիտի կէտադրենք, ապա ստորակէտերու մէջ պիտի առնուի«այս պարագային» բառակապակցութիւնը. սա՛պէս՝
«Արդեօ՞ք, այս պարագային, Սիւնիքը պիտի ըլլայ մեր վճարելիք գինը»...:
Սակայն կրկնենք, ստորակէտի չի կարօտիր:
***Պիտի հատկացնէ...
---Կիրարկուած է երեք անգամ. պէտք է ըլլայ՝ յատկացնէ:
***Աւելորդ կշիռքը կը բարձրացնէ փոքրիկներու գերճնշումը (22/11/23):
No comments:
Post a Comment