V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, October 25, 2023

Առաւօտ լուսոյ

Արմենակ Եղիայեան

Nerses the Graceful

Այս երկարաշունչ՝ 36 տուննոց կամ 108 տողանի քերթուածը կը հանդիսանայ  Հայ  հոգեւոր մշակոյթի գոհարներէն  մէկը, որ կը պարտինք Ներսէս Շնորհալիի գրիչին (Ժբ. դար): Հազար տարիէ ի վեր ան գրեթէ ամէն օր կ’երգուի մեր եկեղեցիներուն  մէջ՝ անոնց հազարաւոր սպասարկուներուն կողմէ, եւ յուսալի է, որ  այնպէս ալ շարունակուի «ցկատարածն աշխարհի»: Էր երբեմն անով մեր դպրոցականները կը սկսէին իրենց օրը՝ մէկ կողմէ դիմելով  արդար արեգակին՝ խնդրելով անոր լոյսը, միւս կողմէ՝ երկնային Հօր՝ ի խնդիր հոգեւոր բանի բխումին.

         Առաւօտ լուսոյ,                    Բխո՛ւմն ի Հօրէ, 

       Արեգա՛կն արդար,                  Բխեա՛ ի հոգւոյս

       Առ իս լո՛յս ծագեա,                Բան քեզ ի հաճոյս...

Աբգարեանի իմ ինը տարիներուս անխափան ամէն առաւօտ խմբովին երգած ենք անոր առաջին վեց տուները: Զայն միաժամանակ երգած են Լիբանանի գոնէ Հայ Առաքելական համայնքի այն օրերու՝ աւելի քան քառասուն  դպրոցներու աշակերտները, եւ  հաւանաբար ոչ միայն այստեղ՝ Մայրիներու օրհնեալ երկինքին տակ, ապա նմանապէս ի սփիւռս աշխարհի:   

Եւ ոչ միայն դպրոցներու, այլեւ եկեղեցիներու, ուր ժամերգութիւնը կը սկսի հէնց  «Առաւօտ լուսոյ»-ով, եւ կ’երգուին անոր բոլոր  36 տուները:

Մեր կրթական պատասխանատուներու  կայացուցած որոշումներուն ամէնէն առողջն ու ազնիւն էր եղած, որ հայ  դպրոցականը իր օրը սկսէր Արեգական լոյսի եւ Հոգեւոր բանի վսեմ  ու հոգեպարար  աղերսանքով:

Մեզմէ շատեր չէին գոհանար անոր առաջին վեց տուներու իմացութեամբ, այլ կը յաջողէին անգիր ու անթերի սորվելու անոր 36 տուները, ինչպէս էր իմ պարագաս եւ այն օրերեու  խճողուած  դպրաց դասերու   անհամար ընկերներէս շատերուն:

Առ այս՝ դպրոցին պակասը կը լրացնէր եկեղեցին:

Այնուհետեւ ամբողջ կեանքս՝ աւելի քան 70 տարի, «Առաւօտ լուսոյ»-ն  ընկերացած է ինծի՝ դառնալով մէկ  անբաժան մասնիկը էութեանս: Ամէն անգամ ալ հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ  կ’արտասանեմ անկէ մերթ պատառիկներ, մերթ ամբողջութիւնը, բառ առ բառ կանգ առնելով անոր պատգամին վրայ, մէկ կողմէ հիանալով այն գերագոյն տաղանդին, որով Շնորհալի երկնած է զայն, միւս կողմէ՝ ամէն անգամ  ալ նոր լոյս մը, նոր շող մը, նոր պատգամ մը յայտնաբերեով  անոր անսպառ խորհուրդներէն՝ միշտ զարմանալով, թէ ինչպէս մինչ այդ չեմ նկատած զայն:                 

                         *   *   *  

Երբ 1953-ին սկսայ Ճեմարան յաճախել, քիչ մը շփոթած  էի...

Քաղաքաբնակ ընկերներս կա՛մ լսած չէին  «Առաւօտ լուսոյ»-ն,  կա՛մ... չէին յաջողեր երգել անոր նոյնիսկ առաջին չորս տուները, ինչպէս կը պահանջուէր հաստատութեան կողմէ: Ոմանք,  իրենց ձեռքերուն մէջ, թղթիկներու վրայ,  կը կրէին անոր գրաւոր բնագիրը ու տակաւին... եթէ իրապէս մասնակցէին հաւաքական երգեցողութեան, որ կը կատարուէր թիւ 1 շէնքի առաջին յարկի ընդունարանին մէջ՝ անսայթաք հսկողութեամբը տիկին Գոհարի, որուն կից  երբեմն ալ կը յայտնուէր Մուղեղ Իշխանը  կամ տիկին Եոլանտ Աճեմեանը:

Սկսողը կամ «ձայն տուողը»,− ինչպէս կ’անուանէինք զինք,− կ’ըլլար  մեր ընկերներէն Յովսէփ Էսքիճեանը՝ իր բամբ ու ահարկու ձայնով, ապագայ հանրածանօթ  «երդուեալ թարգման»-ը, եւ միւսները, շատ անհամարձակ ու նօսր մասնակցութեամբ, կը հետեւէին  անոր կամ աւելի ճիշդը հետեւիլ կը ձեւացնէին:

Այս բոլորը  ինծի, բայց նաեւ, կ’ենթադրեմ,   Ազգային վարժարաններէ նոր եկողներուն բոլորովին խորթ ու անբացատրելի էին: Սակայն ժամանակի թաւալքին հետ, կրնամ ըսել շատ շուտ, սկսաւ քակուիլ կծիկը եւ վերահասու դարձանք իրողութեան:

                                                              *    *    *

Լեւոն Շանթ, որ մեռած էր  մօտաւորապէս տարիուկէս առաջ,  իր օրերուն ամէն աղօթք, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի ու կրօնի առնչուած ամէն ակնարկ եւ ուսմունք  խստիւ խափանած, արգիլած էր իր հաստատած  դպրոցին մէջ: Նիւթապաշտ (matérialiste) վարդապետութեան ջերմ հետեւորդ՝ իրեն համար Աստուած-մաստուած նշանակութիւն  ունեցած  չէր. այս ոգիով թրծուած ու կրթուած էին 20 սերունդներ: Իր մահէն ետք է միայն, Սիմոն Վրացեանի օրերուն, որ տնօրէնութիւնը երկչոտ վերադարձ մը կը փորձէր կատարել դէպի մեր ազգային  եկեղեցւոյ  աւանդոյթները:

Մուշեղ Իշխան ամէն վերամուտին յաջորդող օրերուն հերթով կը մտնէր դասարան առ դասարան, ձեռքին «Առաւօտ լուսոյ»-ի եւ «Հայր մեր»-ի գրաւոր բնագրերը,− որովհետեւ ինք եւս  անգիր չէր ճանչնար զանոնք,− ու կը գրէր գրատախտակին վրայ՝ «ասոնք գոց պէտք է սորվիք» մռթմռթալով  քիթին տակէն եւ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու  յաւակնութեամբ՝ առանց մասնաւոր կառչելու իր թելադրանքի ոգիին ու տառին: 

 Իսկ տարին մէկ անգամ միայն աշակերտները փոքրիկ խումբերով եւ ուսուցիչի մը առաջնորդութեամբ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի կը տարուէին՝ Արեւագալի առաւօտեան արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու համար անկէ:

Աշակերտները երկինքի արքայութեան  արժանացնելու երրորդ եւ գերագոյն ճիգով մը՝ աւարտական դասարանին կ’ուսուցուէր Օրմանեանի «Հայ եկեղեցին», որ կ’աւանդէր   Կիլիկեան աթոռէն  միաբան մը եւ որմէ... ոչինչ կը հասկնայինք:  

Այսքանով ալ ապագայ ճեմարանականը իր հայ քրիստոնեայի բոլոր պարտքերը վճարած եւ հոգին փրկած ըլլալու ըլլալու   խոր գոհունակութիւնը կ’ունենար՝ առանց այնուհետեւ բան մը աւելցնելու  ստացածին վրայ,  եւ   համոզուած, որ երկինքի դռները իր առջեւ լայն բացուած պիտի գտնէ «ի գոչման փողոյն Գաբրիէլի», եւ պիտի  երթայ բազմելու «աջակողմեանն օթեաց դասի»:  

armenag@gmail.com                                                                     

 

No comments:

Post a Comment