V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, October 21, 2023

Որբանոցը որ Կաթողիկոսարան Դարձաւ

The orphanage that became Catholicosate Seat (http://vhapelian.blogspot.com/2019/04/once-american-orphanage-now.html)


 Ներփակ պատմական ակնարկը ընդօրինակած եմ «Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Sանն Կիլիկիոյ – The Armenian Catholicosate of Cilicia” երկլեզուանի գիրքէն։ Գիրքը  հրատարակուած կը թուի ըլլալ 1950-ական թուականներուն, Կաթողիկոսարանին եւ Դպրեվանքին ի նպաստ հանգանակութեան համար։ Վահէ Յ Աբէլիան


 

«1921-ին, հայկական ջարդերէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Սահակ Կաթողիկոս իր հոտի բեկորներուն հետ, շուրջ 200,000 հոգի ապաստանեցաւ Սուրիա։ Նորին Վեհափառութիւնը մինչեւ 1930 մնաց ասդանտական. Միջոցներ իսկ չունեցաւ ի գլուխ հանելու իր ժողովուրդին կրօնական դաստիարակութիւնը։

Ամերիկայի Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամացոյց Ընկերութիւնը, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղթականներուն տեղաւորման կ՚օգնէր, 1922-էն ի վեր, հայ որբերու համար որբանոց մը բացած էր Անթիլիասի մէջ։ Անթիլիաս գիւղ մըն է եւ Պէյրութէն մօտ վեց մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գըտնուի։ Այս որբանոցը իր շէնքերով 1928-էն ի վեր պարպուած էր։ Վեհաբառ Հայրապետին խնդրանքին վրայ՝ Նպաստամացոյցի վարչութիւնը ոբանոցը իր տրամադրութեան տակ դրաւ, հինգ տարուան պայմանաժամով, իբր Կաթողիկոսարան եւ Դպրեվանք գործածուելու եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերուն կրթական մշակներ – եկեղեցականներ եւ ուսուցիչներ – պատրաստելու համար։ Նպաստամացոյցին վարչութիւնը Դպրեվանքի նիւթական ապահովութեան համար տարեկան վեց հազարէն եօթը հազար տոլար յատկացում մըն ալ ըրաւ. Իսկ հայ բարերարներ հինգ հազար տոլար։

ՍահակԿաթողիկոս բեմերը կազմակերպելու եւ Դպրեվանք մը հիմնելու համար հրաւիրեց Տ. Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանը իրբր Աթոռակից եւ Ամերիկայէն՝ Տ. Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեանը իբր տեսուչ Դպրեվանուց։  Հետագայ տարիներուն այս երկու գիտուն եւ մեծ կղերականները Կաթողիկոսարանի եւ Դպրեվանքի հոգին եւ սիւները հանդիսացան։

1930 Հոկտ. 12-ին, Ս. Պատարագի մատուցումէն յետոյ Դպրեվանքը պաշտօնապէս բացուեցաւ. Դասաւվանդութիւններ սկսան յաջորդ օրն իսկ 38 աշակերտներով։

Հնգամեայ պայմանաժամի լռումէն յետոյ, Նպաստամացոյցը դադրեցուց իր տարեկան օժամդակութիւնը եւ Պպրեվանքի նիւթական տնտեսութիւնը կախեալ մնաց միայն Ս. Աթոռի վտիտ պիւտտեէն։ Ուսանողներու թիւը 42-45-էն, 20-22-ի իջաւ։

Դժբախտաբար, 1935 Նոյեմբերին, Դպրեվանքի վերատեսուչ Շահէ Սրբազանը վախճանեցաւ, քանի մը ամիս ետք ալ կորսնցուց Աթռռակից Բաբգէն Եպիսկոպոսը։ երկուքին մահը ծանր հարուած մը եղաւ «նորաբողբոջ» Դպրեվանքին եւ Ս. Աթոռին։ Ութսումեայ ալեփառ Վեհը սակայն չյուսահատեցաւ։ Ան Կաթողիկոսութեան փոխանորդ նշանակեց Պետրոս Արքեպ. Սարաճեանը, որ մասնաւոր հանգանակութեան ձեռնարկեց Անթիլիայի կալուածը գնելու եւ Դպրեվանքն ու Աթոռը նիւթապէս ապահովելու։ Շատեր պատասխանեցին կոչին։ Գահիրիյն Տէր եւ Տիկ. Մաթիլտ Գայըգճեանները։ Ամերիկեան Նպաստացոյցին չորս հազար Անգլիական ոսկիի գնեցին Անթիլիասի կալուածը եւ նուիրեցին Կաթողիկոսարանին։ Երեսուն հազար տոլար ալ ժողովրդային հանգանակութիւնէն գոյացաւ։  Այս գումարով կառուցուեցան Վեհարանի եւ Դպրեվանքի շէնքերը։

1943 Մային 10-ին, Ամերիկահայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպս. Յովսէփեան, Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ։ Իր Անթիլիաս մեկնումէն առաջ Միացեալ Նահանգած եւ Եգիպտոսի մէջ իր քահանայութեան եւ գրական գործունէութեան յիսնամեակ Յոբելեանը տօնուեցաւ, որմէ գոյացած գումարը, մօտ հարիւր հազար տոլարՎեհը ամբողջութեամբ Ս. Աթոռի կարիքներուն յատկացուց։  Դպրեվանքիս ուոսուցչական կազմը նոր եւ աւելի կարող ուսուցիչներով զօրացուց։ Աշակերտներու թիւը 22-էն 43-ի բարձրացաւ։ Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Դերենիկ Վարդապետ։

Անթիլիաս, երբեմնի որբանոցը, այժմ կեդրոնն է ուսումի եւ գիտութեան։ Ասկսած է արդէն արդիւնաւոերլ եւ  Հայութեան անդաստանը։  Այս Դպրեվանքը ճշմարտապէս կոչուած է Հայկական ամենէն լաւ կրթական հաստատութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Դպրեվանքը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կրօնական եւ ազգային դաստիարակութեան կեդրոնն է։ Անոր նպատակն է հաւատքով, տեսիլքոձ եւ գիտութեամբ լեցուած եկեղեցականներ եւ ուսուցիչներ պատրաստել ծառայելու համար Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին։

Ներկայիս Դպրեվանքը ունի 38 աշակերտ։ 1948 Հոկտեմբեր ուսանողութեան թիւը պիտի բարձրանայ 55-ի։ Արտասահմանի միակ կրթական հաստատութիւնն է որ ունի լաւագոյն ուսուցչական կազմը, բաղկացա տասնմէկ հոգիներէ։ Տեսուչն է Տ. Դերենիկ Եպիսկոպոս։

Դպրեվանքը երկու բաժին ունի.

Ժառանգաւորաց Բաժին. Ասիկա կը բաղկանայ երկրորդական ուսմանց քառամեայ ընթացքէ մը։ Աւանդուած գլխաւոր առարկաններն ես – Լեզուներ եւ դպրութիւն, ուոողութիւն, գիտութիւն եւ պատմական ուսմունք։

Ընծայարանի Բաժին. Ասիկայ կը բաղկանայ կրօնական եւ իմաստասիրական ուսմանց եռամեայ ընթացքէ մը։

Դպրեվանքը մարմնակրթութեան ալ կարեւորութիւն կ՚ընծայ։ Աշակերտները կը խաղան վոլի պոլ, պասքէթ պոլ, թենիս եւ տաք եղանակին ծով կ՚երթան լողալու։ Անոնք դասարանային աշխատանքներէ զատ եկեղեցւոյ վերաբերեալ պարտականութիւններ ալ կը կատարեն։

Ս.ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

Կաթողիսորանի այս Մայր Տաճարը կառուցուեցաւ 1938  40 տարիներուն, անծանօթ հայ բարերարի մը նուիրատուութեամբ որուն անունը – Սարգիս Գնաճեան, Կ. Պոլսէն – իր մահէն ետք միայն իր որդւոյն միջոցաւ յայտնուեցաւ։ Գեղակերտ հսկայ տաճար մըն է, Լիբանանի լաւագոյն կրօնական կոթողներէն մին, հայ անուան պատիւ բերող։

         ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

Այս յուշարձանը նուիրուած է միլիոնաւոր այն անմեղ հայերու յաւերժական յիշատակին, որոնք Համաշխրհային Առաջին  Պատերամի ընթացքին թուրքերու կողմէ վայրագօրէն սպաննուեցան։ Նահատակներուն ոսկորները որոնք Տէր Զօրէն բերուեցան իր տես դրուած են Յուշարձանին մէջ։ Գմբեթէն մշտավառ կանթեղ մը կախ՝ իրբ խորհրդանշան Երկնային Լոյսին իր տմոյն զոլքը կը ձգէ անոնց վրայ։ Ամէն տարի Ապրիլ 24 -ին Մեծ Եղեռնի զոհերուն համար հոգեհանստեան մասնաւոր պատարաք կը մատուցուի Մատուռ-Յուշարձանին մէջ։

ՏՊԱՐԱՆ

Աթոռը ունի տպարան, ուր զանազան կրօնական, դաստիարակչական, ուսումնասիրական եւ գրական, ու նաեւ «Հասկ» Կաթողիկոսութեան պաշտօնagan ամսաթերթը, կը հրատարակուի։

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Մատենադարանը կը պարունակէ մօտ ութը հազար թուագրուած գիրքե եւ երէք հազար   պրոշիւրներ։ Ունի փոքրիկ ձեռագրատուն մը։

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ

Դպրեվանքը ազգին տուած է 20  եկեղեցական, 12 ուսուցիչ։ Անոնք ներկայիս Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Կիպրոսի, Հայաստանի, Միացեալ Նահանգաց զանազան թեմերու, հաստատութիւններու եւ դպրոցներու մէջ կը ծառայեն որպէս Առաջնորդ, տնօրէն, դպրապետ եւ ուսուցիչ։ Շրջանաւարտներէն ոմանք եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարաններ կը ղրկուին բարձրագոյն ուոսւմ ստանալու եւ արեւմտեան խորհողութեան ծանօթանալու համար։ Շրջանաւարտները իրենց վերադարձին դաստիարակչական գործի կը նուիրուին։

Ծանօթ -Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունի չորս թեմեր, Հալէպ, Լիբանան, Դամասկոս եւ Կիպրոս։ Թեմերու թիւն է 160,000։ Ժողովուրդը նիւթապէս խեղճ է, մանաւանդ Պաղեստինի ներկայ քաղաքական շփոթ կացութեան պատճառաւ։

ԸՐԷ ԿՏԱԿԴ, ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՆԴ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԻՆ

Ըրէ կտակդ, նուիրատուութիւնդ դիմելով Գահակալին Անթիլեաս, Լիբանան եւ կան անոր կողմէ կազմուած Կիլիկեան Մութեան։

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment