Վահէ Յ Աբէլեան
Քիչ առաջ կարդագի Ահարոն Շխրտըմեանին յօդուածը որուն վերնագիրն է՝ «ԽԱԲԿԱՆՔՈՎ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ- ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ»։
Հետաքրքրութեան համար յօդուածը ամբողջութեամբ ընդօրինակեցի (copy) եւ փակցուցի (paste), շառադրութեան իմ համարկարգիս վրայ՝ Microsoft word։ Յօդուածը կցած եմ ներքեւը։ Ահարոնին այդ յօդուած կը բաղկանայ իննը հատուածներէ, հիսուն տողերէ։ իսկ գործածած բառերուն գումարը 340 է։ Այդ ամբողջը՝ Հայաստանի վարչապետին «տուր որ կուտաս» մըն է։ Կասկամտածողութեան ոչ մէկ նշոյլ կայ հոն` «Մարդ ես կրնաս չափազանցած ըլլալ։»։ Ոչ մէկ կասկամտածողութեան ակնարկ կայ՝ Անգլերէնոով՝ « give benefit of the doubt»։ Յօդուածին մէջ կը տիրէ բացառձակ վստահութիւն որ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը «կանխամտածուած կերպով» երկիրը տարած է «դէպի պատերազմ եւ պարտութիւն՝ քանդելով Հայաստանի անկախութեան հիմնական հիմքերը։»
Ահարոնը իր յօդուած կ՚եզրակացնէ գրելով՝ ՝«Հայաստանի ապագան չի կառուցուիր պարտուող ղեկավարներու ձեռքով․ ան կը կառուցուի հաւատարիմ, արժանապատիւ ոգիով, ազգային յիշողութիւնը պաշտպանելով, եւ անկախութեան գաղափարը վերակենդանացնելով։» Բնականաբար ըսել կուզէ որ Հայաստանի քաղաքացիները որոնք ընտրեցին այս վարչապետը եւ այս վարչապետական համակարգը պարտուած քաղաքացիներ եւ եւ չեն ներկայցնէր իրենց երկին՝ Հայաստանին պաշտպանողները եւ անկախութեան «գաղաբարը վերակենդանացնողները։» Այդ վարկածով՝ այդպէս են նաեւ Փաշինեանի կառաւարութեան անդամները եւ գործակիցները։
Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ նշած տեղեկագրութեան համաձայն, Ահարոն Շխրտըմեանին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայկական բաժանմունքին վարիչ տնորէնն է։ Անշուշտ որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը համալսարան մը չէ որ ունենայ իր հայկական ամբիոնը որ ազատ արտայայտութեան ակադեմական բեմ մըն է։ Ահարոնը նը ներկայացնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսիութեան քաղաքական կամ՝ Փաշինեանի կառաւարութեան դէմ քաղաքականացած բեմը որ բնականաբար յատուածական է եւ չի կրնար յորջորջուիլ որպէս ազգային։
Ահարոն Շխրտըմեանին այդ հանգամանքն է որ մղեց զիս պատասխանել Ահարոն Շըքըրտիմեանին։ Այլապէս պիտի անգիտանայի։ Ես աջակից եմ Հայաստանի քաղաքացիներուն ժողովրդավարական կարգով ընտրուած վարչապետին։ Կը գնահատեմ իր տարած աշխատանքները։ Վարչապետին շուրջ համախմբուած են Հայաստանի անկախութեան սերունդէն ներկայցուցիչներ որոնք կը վարեն Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Բնականաբար գիտակից եմ ներքին քաղաքական ընդիմադրութեան որ կը միտի ստանցնել երկրին ղեկաւարութիւնը՝ ինչպէս է պարագան որեւէ երկրի ընդիմադրութեանը։ Բայց եբրէք չեմ աջակցիր սփիւռքահայ այն հաստատութեան, ըլլայ ան քաղաքական կամ կրօնական, որ նման տրամադրութիւն ցոյց կուտայ Հայաստանի հանդէպ անտեսելով մահուան սեմին վիճակուած իր իսկ բնավայրը՝ սփիւռքը։ Այո, միշտ դիւրին եղած է հեռաւոր մեծ հարցերով զբաղուիլ քան անմիջական դրացիիդ եւ կամ թաղիդ հարցերովը։
Կը մնայ Հայաստանի ընդիմադրութեան «ականջալուր» ըլլայ Ահարոնի պատգամին եւ տաս ամիս ետք, Յունիս 2026-ի ընտրէ Հայաստան կառաւարող այլ համակարգ մը որ պիտի մերժէ այս կառաւարութեան վարած՝ Ահարոնին պատկերացոմով «պարտուած քաղաքականութիւնը» եւ պիտի ստանցնէ իր վարած ոչ-պարտուղական, հապա յաղթականաց կամ յաղթող քաղաքականութեան հետեւանքները եւ պիտի դասաւորէ այդ քաղաքաքանութիւնը իր անմիջական դրացի երկիրներուն հետ, մերժած ըլլալով Փաշինեանի կառաւարութեան խաղաղ դրացիութեան «պարտուողական քաղաքակնութիւնը» ի նպաստ իրենց ոչ պարտուողական քաղաքականութեան։
Կը պատկերցնեեմ որ Ահարոն Շխրտըմեանը այդ ոչ-պարտուողական, չըսելու համար յաղթող քաղաքականութիւնը, պատկերացուած է, թէեւ ընդիմադրութեան նման չի պարզեր։ Այլապէս ինչո՞ւ համար Կիլիկեան թեմին Հայկական Բաժանմունքին վարիչ տնօրէնը այսպէս կը քննադատէ Հայաստանի վարչապետը եւ անոր կառաւրութեան վարած կառաւարութիւնը։
Բնագիրը՝
«ԽԱԲԿԱՆՔՈՎ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ - ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ»։
No comments:
Post a Comment