Վահէ Յ Աբէլեան
Երէկ, ֆէյսպուքի messenger-իս մէջ ստացայ վերը տեղադրած նկարները։ Ղրկողին անունը Hrayr Essayan - Հրայր Եսայեան է։ Առաջին ակնարկով չկրցայ պատկերացնել թէ ո՞վ կրնար ըլլալ ան, եւ ինչ էր իր կապը Սօնա անունով տիկնոջ մը հետ որուն նուիրած էր մայրս այդ Սուրբ Գիրքը՝ եւ ձօնած այդ յուշագրութիւնը։
Հրայր Եսայեանին ֆէյսպուքի էջը պրպտելով դժուար չեղաւ ինծի համար պատկերացնել Հրայրը։ Աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող պատմութիւն մը կայ հոն՝ Անթիլիասի մէջ, Սիմիթեաններուն կառուցած «Գեղարդ» շէնքին մէջ, Սոմունճեան ընտանիքին հետ։ Պատմութիւնը ընթացած է ընդհանրապէս իմ բացակայութեանս ընթացքին, բայց մտապատկերիս վրայ միշտ թառմ մնացած են անոր պատահարները եւ հոլովոյթները։
Սօնան, Ապրոյին քոյրն էր, տէր եւ տիկին Սոմունճեաններուն զաւակները։ Անոնք չկան այլեւս՝ Ապրոն քանի մը տարի առաջ մահացաւ։ Սօնան որ իր կրտսերն էր, վաղաժամ մահացաւ շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ։ Հրայրը Սօնային զաւակներէն մէկն է։
Շէնքին մէջ, կեանքի ընթացիկ առօրեային մէջ, արդէն հետեւցուցած էի որ Սօնան սիրելի էր մօրս համար, բայց չէի գիտեր, թերեւս ալ մոռցած եմ որ մօրս աշակերտուհին ալ եղած էր։ Սուրբ Գիրքին նկարէն դատելով, գրադարանի մը մէջ պահ դրուած գիրքի մը տպաւորութիւնը չի ձգէր։ Ակնյայտ է որ գործածուած է։ Մօրս յուշագրութիւնը, մօրս առօրեայ գեղեցիկ ձեռագրով, հետեւեալն է՝ «Շատ սիրելի Սօնա՝ Ընտանիք կազմելը ամենանուիրական շնորհքն է որ Աստուած պարգեւած է մեզի։ Զայն դարձնենք Աստուածային առաքելութեան շտեմարան մը, որպէս ուղղեցոյց կեանքի. քեզի կը կտակեմ Սաղմ. 119:105-ը։ Վաղեմի դաստիարակուհիդ ու միշտ նոյն հարազատ Աբելեան Զուարթ ---25.11.1982Պէյրութ. Անթիլիաս»։
Հետարքրութեան համար փնտռեցի նշուած Սաղմոսը որ կ՚ըսէ՝ «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։»
Կրնամ վկայել որ ուսումը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը նոյնացուցուցին մօրս աշակերտները որպէս իր հարազատ զաւակները։ Կը գրէ՝ «անանուն բոլոր խռովքներն ու ցաւոտ ժամերս խնդութեան վերածողը եղած է միայն ու միայն աշակերտը, եւ մի՛շտ աշակերտը, եւ մի՛շտ աշակերտը։ Գրեթէ անկարելի կ՚ըլլայ թուել դէպք մը, որով աշակերտը ինծի համար տառապանք ստեղծած ըլլար։ Այս ժամանակաշրջանին, մենք կրցանք դառնալ աշակերտ-ուսուցիչ բարեկամներ, ու ջանացինք տեսնել աշակերտին մէջ եւ մտքի տղան, եւ կեանքի տղան, եւ իտէալին աղջիկը, եւ տան մը բարի հարսը կամ տանտիկինը։»
Անակնկալ չեղաւ ինծի համար որ մայրս Սօնային ամուսնութեան առթիւ Սուրբ Գիրքը նուիրած ըլլար։ Մօրս համար իր աշակերտ ու աշակերտուհիներուն կատարելիութիւնը եղաւ անոնց ընտանիք կազմելը։ Միեւնոյնը կը վկայի իրեն պաշտօնակից Տիկ. Քասունին։ Մօրս Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ Շքադրութեան առթիւ՝ ձեռամբ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոցին, այսպէս գրած էր՝ « Զուարթ Աբէլեան կը պատուըի ամէն անգամ երբ նախքին աշակերտ մը կը վազէ մօտը. «Զիս ճանցա՞ք, ինծի սիրցուցիք Հայերէնը. Զաւակներս հայերէն գիրք կը կարդան, հայ աղջկայ հետ ամուսնացայ, երջանիկ բոյն կազմած եմ, ձեր թելադրութիւններուն վրայ, զիս ներշնցած էք հայու ոգիով....»։
Օրինակ մը եւս՝ իր երբեմնի վաղամեռ աշակետուհիին՝ Սօնա Սոմունճեան եսայեանին դաստիարակութեամբ մեծցած, եւ իր վաղամեռ մօրը իտիալներուն հաղորդ մնացած փափկանկատ զաւակը՝ Հրայրը։
Այո, ուսուցիչները կը շարունակեն ապրիլ իրենց մահուընէ ետք։
No comments:
Post a Comment