V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, August 28, 2025

1958-ի եղբայրասպանութեան մասին՝ Բաբգէն Պոյաճեան

Տասներկու տարեկան էի, երբ 1958 թուականին Լիբանանի հայ համայնքին եղբարասպաննութիւնները տեղի ունեցան։ Մասնաւորապէս կը յիշեմ աստուածաբանութիւն ուսանողի մը սպանութիւնեան սարսափեցնող խօսակցութիւնները։ Նոր իմացայ որ անունը Վարդան Սաղտճեան էր (1936-1958) - Քեսապցի։ մարմինը չգտնուեցաւ։ Մինչ օրս ոչ ոք և ոչ մէկ կազմակերպութիւն ներողություն խնդրած է սպանուածներուն ընտանիքներէն։ Եկեղեցին յիշատակի արարողություն չի կատարած։

Մի քանի տարի առաջ Ֆէյսպուքին վրայ հանդիպեցայ Բաբգէն Պոյաճեանին գրութիւնը այս տխուր պատահարին մասին։ Ի յայտ եկաւ որ հայրը չէ տեսած քանի որ սպանուած էր մօրը յղութեան։ Ամէն Օգոստոս ամսուան, այս տխուր իրադարձութեան մասին կը գրէ։ 

Կցած եմ իր համառօտ կենսագրութիւնը, որը բարեհաճօրէն յղեց ինծի խնդրանքիս վրայ։ կցած եմ նաեւ այս տարուան ֆէյսպուքի մէջ, 1958-ի եղբայրասպանութեան 67-ամեակին իր տեղադրութիւնը։

«Ծնած եմ 23 Սեպտեմբեր 1958 Պէյրութ, հօրս սպանութիւնէն մէկ ամիս ետք, նախնական կրթութիւն ստացած եմ ՀԲԸՄ-նի Երուանդ Տեմիրճան եւ Հովակիմեան Մանուկեանի ուսումնական հաստատութեան մէջ, մասնագիտացած որպէս Ճարտարապետ Երեւանի ԵՐՊԻ-էն, աշխատած եմ լիբանան եւ Արաբական ծոցի երկիրներ, ամուսնացած եմ ունի երկու զաւակներ, ներկայիս կապրիմ Գանատա Թորոնթո։» Բաբգէն Պոյաճեան

                                            ««« 

«Նորէն Օգոստոսի 26-ն է, 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներու 67-րդ տարին եւ նորէն անտարբերութիւն. ո՛չ մէկ պատրաստակամութիւն Եկեղեցիով եւ կուսակցութիւններով ներողութիւն խնդրելու զոհերու ծնողներէն, եղբայրներէն ու քոյրերէն, այրիներէն ու որբերէն: 

Մենք՝ հայերս վերածուած ենք ՊԱՐՏՈՒԱԾ ամբոխի։ Մեր նկատմամբ օտարներու բոլոր անարգանքներուն նկատմամբ անտարբեր, մեզ կը համոզեն որ տկար, անհաշուետու ամբոխ մըն ենք, որ մենք չենք կրնար պահանջատէր ըլլալ, պէտք է օտարին ստրուկ մնանք։ Բայց… առիւծ կը կտրինք իրարու նկատմամբ։ Ի՞նչ ժառանգ պիտի ձգենք մեր սերունդներուն բացի պարտուածի հոգեբանութենէն։ Ինչպէ՞ս, ի՞նչ երեսով անոնց պիտի բացատրենք, թէ ինչո՞ւ ձեր ձեռքերը արեան մէջ թաթխուած են եղբայրասպա՛ն ոճիրներուն թափուած հայկական արիւնով։ Ինչպէ՞ս բացատրենք, թէ կը նախընտրէք կրել ամօթի խարանը ձեր ճակատին, քան գիտակցիլ կատարուածներուն ահաւորութիւնը, զղջալ, խոստովանիլ ու ապաշխարել։ Չէ՞ որ բացի երկրայինէն, կայ նաեւ երկնայի՛ն հաշուեյարդար որմէ ոչ ոք կրնայ փախուստ տալ։

1958-ի եղբայրասպանութեան զոհ հօրս հինգ ոճրագործներէն չորսը կրեցին իրենց պատիժը տարբեր հանգամանքներու տակ, կարելի է ըսել՝ ամենադաժան կերպով։ Անոնցմէ վերջինի կեանքի քաշքշոցին ականատես եղայ Պուրճ Համմուտի հրապարակին վրայ։ Հօրս այդ ոճրագործը, որ 1958-ին շատ հայորդիներ սպանած էր, ունէր շատ ողորմելի տեսք. տակը միզած էր, ոտքերուն եւ ձեռքերուն մէկ մասը անդամալոյծ, կը փորձէր քարշ տալ իր գարշահոտած մարմինը։ 

Ոճրագործներէն մէկ ուրիշը, որ նոյն ժամանակ մեր դրացիի որդին էր, ամիսներով գամուած մնաց անկողինին՝ տառապելով քաղցկեղէն։ Դարման չունենալով իր տանջանքներուն՝ աղերսեց վայրկեան առաջ սատկիլ։

Այսպիսիները պէտք չէ անմիջապէս սատկին, այլ շատ ծանր հատուցեն իրենց ոճիրներուն համար։

Համոզուած եմ որ ոչ մէկը իր գործած ոճիրներուն համար անպատիժ չի մնար։ Կայ երկնային արդարութիւն, որ բոլոր անմեղ զոհերուն վրէժը լուծեց ու պիտի լուծէ շատ դաժան կերպով։ Թող ոչ ոք կարծէ, թէ գլուխները աւազի մէջ մտցնելով պիտի ազատի հաշիւ տալէ եթէ ոչ նահատակներու ընտանիքներուն, ապա հաստատապէս՝ իր խիղճին առջեւ։ Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր սերունդները հանգիստ պիտի ունենան մինչեւ որ չզղջան, չամչնան եղբայրասպան ըլլալնուն համար, իրենց մեղքերը չխոստովանին եւ ներողութիւն չխնդրեն:

Տարածաշրջանը կ’ենթարկուի հիմնական փոփոխութեան, շատ երկիրներ հաւանաբար վերանան կամ մասնատուին։ Այս պազարին մէջ հայերս ալ ծախու դրուած ենք։ Սակայն, ցաւօք, մենք պատրաստ չենք ձախողցնելու հայասպան ծրագիրները, քանի որ զբաղած ենք զիրար յօշոտելով։

Ուշքի՛ եկէք, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, ո՜վ դուք ղեկավար կոչուածներդ, եկեղեցական թէ աշխարհական, վե՛րջ տուէք ազգի պառակտումին, թշնամանքի հասած ատելութեան, համախմբուեցէ՛ք ու զօրացէ՛ք, որպէսզի խաղալիք չդառնանք մեր թշնամիներուն եւ նոյնիսկ բարեկամներուն ձեռքին:

Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան նախճիրներէն 67 տարի ետք, ո՛չ մէկ բան եւ ո՛չ մէկը մոռցուած է: Երիտասարդ նահատակներուն ծնողներն ու այրիները եթէ այլեւս չկան այս աշխարհին մէջ, կան սակայն անոնց զաւակները, թոռներն ու ծոռները, միւս հարազատներն ու ընկերները: Անոնք միշտ պիտի սպասեն եւ պահանջեն ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը:

Այո՛, կը յիշեմ եւ մի՛շտ պիտի յիշեմ ու մի՛շտ պիտի պահանջեմ: ԱՅԴ ԻՄ ու ինծի նման որբացածներուն ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է։» Բաբգէն Պոյաճեան

 

 

No comments:

Post a Comment