Շնորհակալ եմ իմ պլակիս ընթերցողներէն մէկուն որ մշակեց իմ գրութիւնս զայն դատելով չափազանց կարեւոր տրուած ըլլալով որ կ՚աղերսէր Կիլիկեան Կաթողիկոութեանը եւ հետեւաբար սփիւռքը՝ գէթ անոր կարեւոր հատուածը։ Վահէ Յ Աբէլեան
Վերջերս՝ կարդացի Ահարոն Շխրտըմեանի յօդուածը, « Խաբկանքով Անկախութիւն- Փաշինեանի ճանապարհը դէպի կործանում» վերնագրով:
Հետաքրքրութեանս համար յօդուածը ամբողջութեամբ ընդօրինակեցի (copy)եւ կցեցի (paste) համակարգիչիս գրառման էջին վրայ: Յօդուածը ամբողջութեամբ կցուած է ներքեւ:
Օգտագործուած բառերու գումարը 340 է, այդ ամբողջը՝ Հայաստանի Վարչապետին հասցէին «տուր որ կու տաս» մը:
կասկած չկայ, որ Շխրտըմեան առանց տատամսելու,- կարծէք հարցերու բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ,- հեղինակաւոր կերպով կ՛արձանագրէ թէ՝ Հայաստանի վարչապետ ՝ Փաշինեան «կանխամտածուած կերպով» երկիրը տարած է «դէպի պատերազմ եւ պարտութիւն» քանդելով հայաստանի անկախութեան հիմքերը: Յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ.
«Հայաստանի ապագան չի կառուցուիր պարտուող ղեկավարներու ձեռքով. ան կը կառուցուի հաւատարիմ, արժանապատիւ ոգիով, ազգային յիշողութիւնը պաշտպանելով, եւ անկախութեան գաղափարը վերակենդանացնելով»: Բնականաբար ըսել կ՛ուզէ, որ Հայաստանի քաղաքացիները ,- որոնք ընդունեցին վարչապետական համակարգը եւ հետեւաբար ընտրեցին երկրի ղեկավար վարչապետը,- պարտուած քաղաքացիներ են՝ Հայաստանը պաշտպանելու ատակ չեն եւ «անկախութեան գաղափարը վերակենդանացնողներ» չեն: Հետեւելով սոյն վարկածին, այդ միեւնոյն վարքագիծը ունին նաեւ Փաշինեանի կառավարութեան անդամներն ու գործակիցները:
Փակագիծ մը բանալով յայտնենք,- ըստ դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած տեղեկութեան,- Շխրտըմեան՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայկական բաժանմունքի վարիչ տնօրէնն է:
Որքան որ իրազէկ ենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը համալսարան մը չէ, ուսման կեդրոն մը չէ, որպէսզի ունենայ նաեւ «հայկական ամբիոն» ( ուր ազատ արտայայտութեան ակադեմական հարթակ գոյութիւն ունի): Փաստօրէն՝ Ահարոն կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաղաքական հարթակը, ուր կը դրսեւորուի Փաշինեանի կառավարութեան դէմ բաց եւ անխնայ պայքար: Այլ խօսքով՝ հատուածական կարծիք եւ միջոց, որը շա՜տ հեռու է «ազգային» անուանուելէ:
Ահաւասիկ՝ Շխրտըմեանի սոյն հանգամանքն է, որ կը մղէ զիս անդրադառնալու հրապարակաւ արտայայտած միտքերուն,- չըսելու համար հայրենի իշխանութեան դէմ չարախօսութիւններուն եւ քարկոծումին:
Անձնապէս աջակից եմ Հայաստանի քաղաքացիներուն ժողովրդավարական կարգով ընտրուած երկրի ղեկավարին: Մօտէն կը հետեւիմ ու բարձր կը գնահատեմ իր կատարած քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքները: Երկրի ղեկավարման աշխատանքներուն մէջ պարոն վարչապետին շուրջ հաւաքուած են Հայաստանի անկախութեան սերունդէն ներկայայցուցիչներ, ինչպէս նաեւ յարաբերաբար աւելի երիտասարդ մասնագէտներու հոյլ մը: Այլ խօսքով: պետական տարբեր ոլորտներու եւ կառոյցներու մէջ գործող հսկայական բանակ մը:
Բնականաբար՝ գործող իշխանութենէն դուրս կայ,- պէտք է ըլլայ,- ընդիմադիր խմբաւորում մը, որը դժբաղդաբար իբրեւ կարգախօս ընտրած է անխնայ կերպով պետութիւն քարկոծել, իսկ որպէս հեռանկար՝ ամէն կերպ եւ միջոց գործածել իշխանութեան տիրանալու համար: Հոս տարօրինակը սակայն, սփիւռքահայութեան մէկ հատուածի ( կրօնական եւ քաղաքական) Հայաստանի գործող իշխանութեան դէմ մղուած սուր պայքարն է, անտեսելով սփիւռքի հայկական համայնքներու բազում՝ հոգածութիւն եւ լուծումի կարիքը ունեցող հրատապ հարցերը: Ա՛յո, միշտ դիւրին է հեռուէն-հեռու քննադատել, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է զանցառել ու անտեսել սփիւռքահայութիւնը դէպի կործանում եւ անդունդ տանող ահաւոր վիճակը:
Ըստ Շխրտըմեանին՝ Հայաստանի ընդիմութիւնը «ականջալուր» պէտք է ըլլայ իր պատգամի-հրահանգին եւ տասը ամիս ետք՝ յունիս 2026-ին ընտրէ Հայաստանը կառավադող նոր իշխանութիւն ը, որը պիտի վարէ «ոչ-պարտուողական» քաղաքական գիծ, փոխանակ ներկայ իշխանութեան «պարտուած քաղաքականութեան»: Պիտի ներկայանայ յաղթական դիրքերէ մեկնած եւ ըստ այնմ, քաղաքական վարքագիծ որդեգրէ դրացի երկիրներու հետ: Կ՛երեւակայեմ, որ Ահարոն Շխրտըմեան ոչ-պարտուողական,- իմա՝ յաղթող,- քաղաքականութեան պատկերացում մը ունի, որու մանրամասները կը զլանայ ներկայացնել: Այլապէս ինչո՞ւ , ինչէ՞ մղուած Կիլիկեան թեմի հայկական բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը հրապարակաւ եւ խստագոյն ( նոյնիսկ՝ վարկաբեկիչ) խօսքերով պիտի քննադատէր Հայաստանի ղեկավար պարոն վարչապետը եւ կառավարութեան վարած ( «պարտուողական») քաղաքականութիւնը։
Բնագիրը՝
«ԽԱԲԿԱՆՔՈՎ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ - ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ»։
No comments:
Post a Comment