Վահէ Յ Աբէլեան
Այս շաբթուան «Հայրենիք» շաբաթաթերթին - (13.10.2023) - մէջ յօդուածներու շարքին մէջ նշուած է գլխագիր տառերով՝ «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ» վերնագիրով գրութիւն մը որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս թիւ 43/1-ի խմբագրականն է։
Բայց Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին խմաբագրականը ոչ մէկ աղերս ունի «Հայրենիք» Շաբաթաթերթին մէջ նշուած վերնագիրին հետ։ Յակիրճ պատմական մը տալէ ետք խմբագրականը կը շեշտէ՝ «Ահա թէ ինչու՛ ազգային անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է անկախ (շեշտը ես ըրած եմ) մտաւորականութեան դերին ու տեղին վերականգնումը:» Հոն՝ ոչ թէ մտաւորականութեան պակասն է որ կ՚ակնարկէ հանդէսին խմբագրականը, այլ անխախ մտաւորականութեան պակասը։ կը մեջբերէմ հետեւալը՝ «Արդարեւ, սփիւռքահայ աշխարհիկ եւ կրօնական հաստատութիւնները իրենց մտաւորական անդամներով ու համակիրներով կը հետեւին որոշակի իրենց յատուկ վարդապետութեան մը: Հետեւաբար, այդ կառոյցները ո՛չ առանձինն, ո՛չ ալ միասնաբար կ’ունենան ՀԱՄԱհայկական բնոյթ, տեսադաշտ եւ գործելադաշտ։»
Շատ յսսակ է չէ՞. ոչ մէկ խօսք կայ մտաւորականութեան բացակայութեանը, այլ մտահոգութիւնը որ կա՛յ մտաւորականութիւն մը որ յատուածական է, համահայկական չէ խորքով եւ բնոյթով եւ հետեւաբար անոր գործելադաշտը եւ տեսադաշտը ՀԱՄԱհայկական չէ, քանի ոդ չի կրնար համահայկական ըլլալ։
Իսկ ես հետեւալն ալ կ՚ըսեմ՝ որ կա՛յ մտաւորականութիւն, բայց նօսրացած մտաւորականութիւն մըն է որ հաւակնութիւնը ունի կարծելու որ իրենց հատուածականութիւնը՝ խորքով եւ ոճով, կրնան «գալեցնել» իրենց ընթեցող հասարակութեան որպէս համահայկական քանի որ հաւանաբար կը յաւակնին պատկերացնել որ ընթերցողները դիւրախաբ են։
Այդ նօսրացած մտածողութեան մէկ պատկերը նոյն ինքն այս շաբթուան «Հայրենիք» շաբաթաթերթն է։
Պատկերացուցէ՛ք հետեւեալները՝
Ա. Ինչպէս նշեցի Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս թիւ 43/1-ի խմբագրականը «Հայրենիք» շաբաթաթերթին ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնած է վերնագիրով մը որ աղերս չունի հայագիտական հանդէսին խմբագրականին խորքին եւ մտահոգութեան հետ եւ շփոթ կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ։
Բ. «Հայրենիք»-ին Խմբագրապետը ամէնայն հանգստութեամբ արտօնած ներկայացնել իր մտաւորական գրչընկեր՝ Սարգիս Մահսերէճեանի քաղաքական վերլուծումը տագնապալից, եթէ որ ճակատագրական այս շրջանին, ուր յօդուածագիրը՝ «տուր որ կուտաս»ով մը «իջած» է Հայաստանի վարչապետին վրայ, որպէս «վարչապետ կոչեցեան», «այս պարոնը», «գիւտարար», «այս արարածը», գէթ այս անգամ խնայած է վարչապետին «մարդուկ» ըլլալը։ Այս ամբողջը Հայաստանի վարչապետն է։ Բնականաբար անոր բեռնէն ելած խօսքերը՝ այդ ալ դունք պատկերացուցէք ինչե՜ր եւ ինչե՜ր կրնան ըլլալ՝ ձաբռտուքներ որոնց չէ խնայած նոր օրերու՝ հայրենիքէն դուրս, Լոս Անճէլոսի իր տան մէջ պարփակուած մտաւորականը, գրգռելով իր երեւակայութիւնը «Հայրենք»ի էջերուն վրայ։
Գ. Վէրջապէս յօդուածագիրը հետեւալ նախադասութեամբ կ՚եզրակազնէ իր յօդուածը՝ «Ապրահամ Լինքըլն ունի նշանաւոր խօսք մը. «Կրնաք ամբողջ ժողովուրդը խաբել որոշ ժամանակ մը, կարգ մը մարդիկ՝ մի՛շտ, սակայն երբեք չէք կրնար բոլորը խաբել ընդմիշտ» (You can fool all people some of the time and some people all the time. But you can never fool all people all the time):» Բնականաբար այս մէջբերումը արժանացած է թերթին խմբագիրին հաւանութեան։ Իսկ ես, այդ խօսքը առաջին անգամ հանդիպած եմ 1965-ին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին արձանագրութեան դիւանապետին (registrar)-ին գրասեղանին վրայ, արձանագրուող աշակերտներով խճողուած արձանագրութեան սրահին մէջ։ Բայց Ամերիկայի նախագահին անունը չէր նշուած պարզապէս անոր համար որ առօրեայ խօսք մըն է եւ ոչ մէկ հաստատում կայ որ Նախագահ Ապրահամ Լինքըլն ըսած ըլլայ այդ ոսկեղենիկը։ Իսկ այդ ընդհանրացած խօսքը այդպէս գռեհիկ լեզուով չէ որ ընդհանրացած է։ Փոխական խաբել (fool) բային, կը գործածուի հաճելի ըլլալ (please) բայը։ Այո, կարելի չէ ամէն մարդու, ամէն ժամանակ հաճելի ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ան վարչապետ է կամ registrar.
Բայց այդպիսի նկատումներ մանրուքներ են, այնքան ատեն որ նոր օրերու մտաւորականը սիւնակ մը, կամ երկու եւ կամ ալ աւելի կը մրոտէ երբեմնի հեղինակաւոր շաբաթաթերթին էջերուն վրայ եւ կ՚արժանանայ անոր խմբագրին հաւանութեանը եւ հաւանաբար նաեւ բաւարարութեանը՝ որ կա՛յ հայ մտvւորականութիւն եւ այս է նորօրեայ հայ մտաւորականը։
No comments:
Post a Comment