V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, October 16, 2023

Շտապ Օգնութեան Հեռաձայնի Թիւեր

 Պարբերաթերթէ մը պատռուած էջ մըն է որ մայրս կցած էր իր ցուցատախտակին վրայ՝ խոհանոցը։ ՚՚Հետեւեալը գրուած է վերը նշուած գլխագիրին տակ՝ «հետեւալները աւելի ի զօրու են քան 911 թիւը։» Իսկ 911-ը Ամերիկայի տարածքին շտապ օգնութեան հասնելու հեռաձայնի թիւն է։ Վահէ Յ Աբէլեան

ԵՐԲ.....

Տխուր ես՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 14-ին։

Մեղանճած ես՝ Հեռաձայնէ  Սաղմ. 15-ին։

Վտանգ կը սպառնայ քեզի՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 91-ին։

Մարդիկ քեզ ձախողեցուցած են՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 27-ին։

Կը խորհիս թէ Աստուած քեզ լքած է՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 139-ին։

Հաւատքդ կարիք ունի խթանուելու՝ Հեռաձայնէ Եբր. 11-ին։

Մենակեաց ես ու վախի մէջ՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 23-ին։

Մտահոգ ես՝ Հեռաձայնէ Մատթ. 8:19-34-ին։

Վիրաւորուած կը զգաս ու քննադատական կեցուացք ունիս՝ Հեռաձայնէ Ա. Կորթ. 5:15-18-ին։

Վարկաբեկուած կը զգաս՝ Հեռաձայնէ Հռովմ. 8:31-39-ին։

Խաղաուղութիւն կը փտռես՝Հեռաձայնէ Մատթ. 11:25-30-ին։

Կը կարծես որ աշխարհ Աստուծմէ մեծ է՝ Հեռաձայնէ Սաղմ.  90-ին։

Ապահովութեան նման Քրիստոսի կարիքն ունիս՝ Հեռաձայնէ Հռովմ. 8:1-30-ին։

Տունէդ կը բացակայիս ճամբորդութեան մը պատճառով՝ Հեռաձայնը Սաղմ.  121-ին։

Անձիդ համար կ՚աղօթես՝ Հեռաձայնէ՝  Սաղմ. 87-ին։

Պարտականութհան մը համար քաջութեան պէտք ունիս՝ Հեռաձայնէ Յիսուայ 1-ին։

Նիւթական սղաճնու ներդրումներդ քեզ տակնուվրայ կ՚ընեն՝ Հեռաձայնէ Մարկ. 10:17-31-ին։

Ճնշուած վիճակ մ՚ունիս՝ Հեռաձայնէ Սաղմ.27-ին։

Դրամատան հաշիւդ դատարկ է՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 37-ին։

Մարդկութեան հանդէպ հաւատքդ կը կորսցնես՝ Հեռաձայնէ Ա. Կորթ. 13-իմ։

Այնպէս կը թուի քեզի, որ մարդիկ բարեկամական կեցուածք չունին՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 15-ին։

Յոյս կը կորսցնես՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 126-ին։

Կ՚ուզես պտղաբեր դառնալ՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 15-ին։

Պօղոս Առաքեալի երջանկութեան գաղտնիքը կ՚՚ուզես իմանալ՝ Հեռաձայնէ Կողոստիացիս 3:12-17-ին։

Պատեհութիւններ կը փտռես՝ Հեռաձայնէ Եսայեայ 55-ին։

Մարդտոց քեզ կ՚ուզես բարւոք յարաբերութիւններ մշակել՝ Հեռաձայնէ Հռովմ. 12-ին։

ՓՈԽԸՆՏՐԵԱԼ ԹԻՒԵՐ

Յաղթահարելու վախին՝ Հեռաձայնէ Սաղմոս 3-4-ին։

Ապահովութեան համար՝ Հեռաձայնէ Սաղմոս 121.3-ին։

Վստահութեան համար՝ Հեռաձայնէ Մարկոս 8.35-ին։

Վերավստահութեան համար՝ Հեռաձայնէ Սաղմոս 145:18-ին։

Վերոյիշեալ բոլոր թիւերը կրնաս ուղղակի հեռաձայնել։

Կարիքը չունիս միջնորդի օգնութեան։

Դէպի երկինք սլացող բոլոր գիծերը օրական 24 ժամ բաց են։

Երբ հաւատքդ սնուցած ես՝ կասկածը սովամահ պիտի ըլլայ։

Պատրաստեց ԿՏԵ



No comments:

Post a Comment