Վահէ Յ Աբէլիան
Հայաստան՝ պետութեան եւ Էջմիածին Կրօնական վերնախաւին միջեւ անջրպետը նոր իրավիճակ ստացաւ։ Պետութիւնը արգիլեց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ի ճամբորդութիւնը արտասահման։ Այս հարցին խորքը ինծի համար Գարեգին Բ կաթողիկոսին կուսակրօն ըլլալու հարցն է։ ինչ որ ըլլան վերագրումները եւ ենդադրեալ լուծումները, ոչ մէկ հիմնական լուծում կարելի է ունենալ մինչեւ որ հանրութեան չի վստահեցուի որ Գարեգի Բ Կաթողիկոսը որպէս կուսակրօն արժանի գահակալն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գահին։
Գարեգին Բ կաթողիկոսը զաւակ մը ունենալու տարաձայնութիւնը առկայ էր օծութիւնէն անմիջապէս ետք, այսինք՝ Հոկտեմբեր 27, 1999 չարաբաստիկ թուականէն ի վեր։ Անշուշտ որ ակնարկս կաթողիկոսական օծութեանը չէ, այլ Ազգային Ժողովէն ներս պատահած մարդասպանութեանը որուն զոհերը եղան Հայաստանի քաղաքական ընտրանին։
Եթէ տարաձանութիւնը ճիշդ է, ապա կը նշանակէ որ Գարեգին Բ Կաթողիկոսը լլկած է հայ կին մը, քանի որ այդ կնոջը յղի ձգած է եւ հեռացած է այդ կնոջը կեանքէն առանց որ հանրութեան առջեւ ստանցնէ իր սեռային արարքին պատասխանատուութիւնը։ Տակաւին՝ ըստ տարաձայնութեան, ան կը շարունակէ ուրանայ իր հայրութիւնը։ Տարաձայնութիւնը չէ որ միայն կ՚անհանգստացնէ առօրեայ հաւատացեալը, հապա կաթողիկոսին լռութիւնն է։ Ան չուրանար տարաձանութիւնը, եւ ոչ ալ կը դրժէ տարաձայնութեան ճշմարտութիւն մը ըլլալու կարելիութիւնը։
Կաթողիկոսը պէտք է կուսակրօն ըլլայ, ըստ եկեղեցական կարօնագրութեան։ Եթէ տարաձայնութիւնը ճշմարտութիւն է, ապա Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ր պէտք է որ հրաժարի, Կամ ալ Էջմիածնական թեմը վար կ՚առնէ զինք կաթողիկոսութեան գահէն։ Թերեւս ներէ զինք շարունակելու Սուրբ Աթոռին իր գահակալութիւնը։ Ամէն պարագայի, ազգին թափանցիկութիւնը անհրաժեշտ է։ Իսկ եթէ Վարչապետն է որ այդ սուտ տարաձայնութիւնը, գիտակցաբար կը տարածէ, կասկած չունիմ որ, եթէ ոչ Ազգային ժողովը, այլ հայ քաղաքացին զինք վարչապետական պաշտօնէն պիտի հեռացնէ։
Պատմական այս դժուարին շրջանին հայ կինը ոչ թէ լուռ կը մնայ, այլ յաճախ նոյնիսկ նեցուկ կը կանգնի կաթողիկոսին։ Զարմանքով կը կարդամ որ հայ կիներ կ՚արդարացնեն կաթողիկոսը ըսելով որ «ան որձ է»։ Այսինքն, ի՞նչ կարելի է սպաել հայ տղամարդէն, թէկուզ կաթողիկոս։ Ահռելի մտայնութիւն մը տեղ գտած կը թուի մանաւանդ Հայաստանի կիներու մէջ։ Իսկ սփիւռքի մէջ ալ, հայ կինը չէ համախմբուած պահանջելու Կաթողիսոէն բագայատումը այդ տարաձայնութեանը։
Առաջին անգամ է որ կ՚անդրառնամ որ երկարամեայ հայոց պատմութեան գոյատեւման ծանր դերը ստանցնած եւ պահած Հայ Կինը՝ որպէս մայր, մեծ մայր, հօրաքոյր կամ մօրաքոյր, դատարկած է կարծես Հայ Կինը, Արեւմտեան հասկացողութեանբ, իր կնոջական բացառձակ մարդկային իրաւասութիւնէն, որ հայ տղամարդը, մանաւանդ որպէս կաթիղիկոս, համառատու է հայ կնոջ իր վարքով, եւ աթողիկոսին անօրինական սեռային յարաբերութիւնը ընդունելի չէ։ կաթողիկոսը կը պարտի թափանցիկ ըլլալ եւ հրովարտակով անդրադառնալ այս ընդհանրացած տարաձայնութեանը։
Կը կրկնեմ՝ ինչ որ ըլլան պետութիւն եւ Էջմիածին անջրպետին վերագրումները եւ ենդադրեալ լուծումները, ոչ մէկ լուծում կարելի է հիմնաւորել մինչեւ Գարեգի Բ Կաթողիկոսը չի վստահեցնէ, մանաւանդ նախանձախնդիր հայ կնոջը որ կաթողիկոսը անաղարտ պահած է Հայ Կինը։
Կը մնայ հաւաքական Հայ կնոջը պահանջել Գարեգին Բ Կաթողիկոսէն այս կնջռոտ հարցին հանրային թափանցիկութիւնը։

100-% համաձայն եմ Վահէ։ Երկու կարեւոր կէտեր խոշորացոյցի տակ կը տեղադրես, որոնց ժամանակը հիմա՛ է։ Արթննան՛ք։
ReplyDeleteThe above comment was done by Hripsime Krikorian. For some reason I couldn’t fit the anonymous…
ReplyDeleteThanks Hripsime
Delete