V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, February 20, 2026

Պուրճ Համուտի վերջին մոհիգաններէն՝ The Vintage Shop

Կար ժամանակ երբ Պուրճ Համուտը կը նկատուէր Սփիւռքահայութեան միջնաբերդը։ Վաղաժամ մահացած ընկերներէս Հրաչ Պետոյեանին կը վերագրեմ Պուրճ Համուտին հայկական «միջնաբերդ» ըլլալու յորջորջումը։ Վահէ Յ Աբէլեան

Գրիգոր Գրաճեան-էն

Մայրս, այսպէս բնորոշած էր Պուրճ Համուտը՝ «Ո՞վ լսած չէ երբեք Պուրճ Համուտի մասին: Հայահոծ, հայաբնակ շրջան մը Պէյրութի հիւսիս-Արեւելեան շրջանին մէջ: Հայրենիքէն հեռու Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը: Ուրիշ խօսքով հայակերտումի հնոց մը: Հոն դարբնուեցաւ ու կերտուեցաւ հայ բանուորն ու կրօնաւորը, ուսուցիչն ու քարոզիչը. այլ եւ այլ արհեստներու ու արուեստներու մէջ տաղանդ ցուցաբերող աշկերտն ու աշակերտը: Ուրիշ խօսքով արտադրեց Պուրճ համուտը – նոյնիսկ դարձաւ անեկտոտ երիտասարդներու շրթներուն վրայ: Բացատրեմ՝

Երբ վրայ հասան Լիբանանի քաղաքական անկայուն օրերը, 70-ական թուականին, Պուրճ Համուտի տղամարդը, երիտասարդն ու տարէցը, հարկադրուեցան զէնք կրել իրենց շրջաններու պաշտպանութեան համար: Երբեմնի աշակերտը դարձաւ աշկերտը ինքնապաշտպանութեան մարզին իր ղեկավարին, լքելով ուսումնառութիւնը: Ուսման ակնարկումի պարագային երբ հարց դրուէր թէ արդեօք այս կամ այնինչ ուսանողը կրցա՞ւ իր B.A.-ն ստանալ ... պատասխանը կըլլար .- այդ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ ան B.H չստացաւ, այսինքն Պուրճ Համուտցի չեղաւ, չկրցաւ ըլլալ: Այս էր եւ է Լիբանանի Պուրճ Համուտը:

Ես ինքս ալ համարեայ դարձայ Պուրճ Համուտցի, քառորդ դար ծառայելով Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի մէջ հաստատուած Հայ Աւետարանական – Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն ներս։»

Քանի մը օր առաջ Գրիգոր Գրաճեանէն ստացայ հետեւալ գրութիւնը՝ «Վերջին մոհիգանը» վերնագրով։ Այս պլակին վերնագիրը քաղած եմ այդ գրութիւնէն։


Գրիգոր Գրաճեանը գրած էր՝

« վերջին Մոհիգանը՝ սոյն ասացուածքը կը վերաբերի Մոհիգանի ձեղախումբին, որու կորուստը կը խորհրդանշէր ժողովուրդի, մշակոյթի, կամ դարաշրջանի աւարտը։

Պուրճ Համուտի մէջ «վերջին մոհիգան»-տիպարները հազուագիւտ են։ Չկան նախկինի իբրեւ «զայիմ» ճանչցուած հերոսները, գրեթէ չեն մնացած քաղաքացիական պատերազմին հայկական թաղերուն պաշտպան տղաքը, ոմանք հեռացած են այս աշխարհէն, ուրիշներ՝ արտագաղթած։ Չկան անցեալի արհեստաւոր, հնարամիտ, «քարէն հաց ստեղծող» արհեստաւորները։ Մնացողները դարձած են առեւտրական-վաճառական։ «Վերջին մոհիգան»-ը կուսակցական՝  ղեկաւար անձը չէ։ 

Իսկական «մոհիգան»-ը կեանքի դժուարութիւններուն դէմ կուրծք տուող հայ մարդն է. ան, որ ընտանիք եւ հարազատներ, տուն ու տեղ կորսնցուցած, ցնցոտիներու մէջ, անօթի-անօթեւան հասաւ Լիբանան եւ ոչինչէն ստեղծեց-ստեղծագործեց ու արարեց։

«Վերջին մոհիգան» կարելի է անուանել Պուրճ Համուտ բնակող, փոքրիկ աշխատանոցին մը մէջ ստեղծագործող-արարող «The Vintage Shop»-ի Գրիգոր եւ Աւօ եղբայնրերը։ Գեր-աղմկոտ, տեսակաւոր փոշիներով ապականած փողոցի մը մայթին վրայ շարժական սեղան-աթոռի մը շուրջ, երկու եղբայրնեը իրենց հնարամիտ ստեղծագործութիւնները կը պատրաստեն, իսկ ծանօթ-բարեկամ, թաղեցի կամ դրսեցի կը հաւաքուին սրճելու, թէյելու եւ անշուշտ օրուայ իրադարձութիւնները (Լիբանանի եւ աշխարհի) քննելու եւ քննարկելու։

Յաճախորդ, եկամուտ եւ աշխատանքի վարձատրութիւն ճարելը դարձած է ահաւոր՝ անյոյս պայքար անկանխատեսելի արդիւնքով։

Արդեօք այս սկսող օրը գնորդ պիտի գա՞յ, թէ՞ ինչպէս նախորդ օրերը երեկոյեան տուն պիտի երթանք առանց եկամուտի։

Ահաւասիկ այս հարցումն է որ Աւօ հարց կու տայ ինքն իրեն եւ մօտը գտնուողներուն։ Սակայն – կը շարունակէ ըսել – նոյնիսկ եթէ յաճախորդ չեկաւ, մենք պիտի ստեղծագործենք, արուեստի գործեր պատրաստենք, արարենք, ոչինչէն պիտանի առարկաներ գործնական դարձնենք։ Ահա այս է իմ գոհացումս եւ եր՚ջանկութիւնս։

The Vintage Shop-ի դրացիները, - անցեալի ամբողջութեամբ հայ խանութպաննրուն փոխարէն, - ներկայիս մեծամասնութեամբ ո՛չ-հաեր են։  «Հայկական Պուրճ Համուտէն» յիշատակներ մնացած են միայն, իսկ եղբայրներ Գրիգորն ու Աւօն վստահաբար՝ անկասկած  անոր «վերջին մոհիգաններ»-էն են։»

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment