Վահէ Յ Աբէլեան
Սփիւռքահայ կրթական ծրագրին համար անհրաժեշտ գիրք մը
Ակնարկս, Ամերիկահայ բանասատեղծուհի Թենի Արլէն-ին (1991 - 2015) ՚«Կիրգով ըսելու՝ ինչո՞ւ հոս եմ» գիրքն է որ հրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ՝ 2021-ին, Դոկտ. Կիւլլիւճեանին խմբագրութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբը։ Իսկ քանի մը ամիս առաջ, գիրքին Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ որպէս երկլեզու հրատարակութիւն։ Թարգմանութիւնը կատարած է եղբայրը՝ Դոկտ. Ճեսի Արլէնը, տեղադրելով գիրքին մէջ նոր յայտնուած բանաստեղծութիւններ ինչպէս նաեւ գիրքին գնահատականք եւ ակնարկ Թենի Արլէն-ին երեւոյթին մասին։
Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանին, որ եղած է Թենի Արլէնին ուսուցիչը եւ խորհդրատուն այսպէս գնահատած է գիրքը՝ «մօտ 120 տարիներու ընթացքին հայերէնով ստեղծուած ու լոյս տեսած գեղարուեստական գրականութեան առաջին հատորն է այս գիրքը (գրուածքային բովանդակութեան եւ ծաւալի աւանդական հասկացողութեամբ), որ արտադուած ըլլայ ամերիկածին անձի մը կողմէ։» Իսկ «Թենի Արլէն դուստրն է Թիմ Արլէնի եւ Թէմմի Շօուարլէթի ու կրտսերը քոյրը՝արդէն իսկ իր հայագիր գրութիւններով հրապարակ ելած Ճեսի Արլէնի։ Մեծ հայրն է որ Առաքելեան մականունը փոխած է Արլէնի։ Ծնած է ու մեծցած Գալիֆորնիա, հեռու հայկական շրջանակներէ՝ Ռիվըրսայտէն մինչեւ կեդրոնական Գալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը։ Հայերէն բացառձակապէս անտեղեակ, քսան տարեկանին է որ կը տեղափոխուի Լոս Անճէլըս, եւ UCLA Համալսարանին մէջ կը սկսի արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու. »
Թենի Արլէն-ին դէպի հայ լեզուն վերադարձը գնահատելու համար անհրաժեշտ է անդրադառնալ որ կար ժամանակ երբ Ամերիկահայ գաղութին մէջ հայերէնի - ակնարկս միշտ արեւմտահայերէնին է – պահպանման պայքարը կորսուած (lost cause) կը նկատուէր։ ԻսկԱմերիկահայութիւնը, որ միշտ առատաձեռն եղած է, հսկայական ներդրումներ կատարեց որպէսզի մենք ունենանք հայ դպրոցներու ցանցը Միջին Արեւելքի մէջ, ներառեալ՝ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի իրականացումը, որուն համար ակնարկած է Ծառուկեանը իր «Մեծեր եւ Միւսները» գիրքին մէջ։
Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը հանդիսացաւ Ամերիկահայ դպրոցին ռահվիրան կամ նախակարապետը։ Գաղափարը այնքան արտառոց էր որ Լիբանանի «Այգ» թերթը, իր «բանբասանք կամ բանը ասանք» սիւնակին մէջ անդրադարձաւ Գաբրիէլի՝ Քալիֆորնիոյ մէջ դպրոց մը բանալու արտառոց գաղափարին։ Մնացեալը սփիւռքահայ պատմութիւնն է, եւ ներկայի Ամերիկահայ կրթական իրողութեանը, ամէնօրեայ դպրոցներով եւ համալսարաններու մէջ հայագիտութեան կաճառներով։ իսկ Թեմի Արլէն-ը արգասիքն է այդ հարթուած ուղիին։
Բայց Թենի Արլէն եւեոյթին մասին սփիռքահայ հայատառ մամուլը եւ սփիւռքահայ դպրոցը չամդրադառձան այն տարողութեամբ որ երեւոյթը արժանի էր։
Թենի Արլէն-ը արդարացուց հայ կրթական աշխատանքը Ամերիկայի մէջ, այնպէս ինչպէս՝ իբր հայ դպրոցի սաներ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Դոկտոր Փաթափութեան եւ նոր գիտութիւններու ռահվիրայ Նուպար Էֆէյեան արդարացուցին սփիւռքահայ դպրոցի հիմնական առաջադրանքները։
Թէնի Առլէն-ին, «Կիրքով Ըսելու ինչո՞Ւ հոս եմ” գիրքը այսուհետեւ պէտք է իր արժանի տեղը գրաւէ սփիւռքահայ դպրոցներու դասագիրքերու ցանկին մէջ։ Պատճառներ որ այդպէս պէտք է ըլլայ շատ պարզ եւ հասկնալի ըլլալու են, կրկնութեան կարիք չկայ։ Թենի Արլէն երեւոյթին մասին, որպէս անձ եւ որպէս գրական ժառանգ, կարելի է դասաւանդել նախակրթարանի դասարաններէն ներս եւ ուսումնասիրելով գնահատել վերի կարգերու դասարաններուն մէջ։ Դպրոցներուն համար հաւանաբար նախընտրելի է որպէս դասագիրք գործածել երկլեզու հրատարակութիւնը, է։ Գիրքին համար միշտ կարելի է կապ պահել եղբօրը՝ Ճեսի Արլին-ին հետ, տնօրէնը The Krikor and Clara Zohrab Information Center-ին

No comments:
Post a Comment