Վահէ Յ Աբէլեան
Թենի Արլէն երեւոյթը եւ իր դէպի լեզու «վերադարձն» ու «յանձնարարութիւնը» իր իսկ ուսուցիչ եւ խորհրդատու Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանի բառերով գնահատելու համար, անհրաժեշտ է անդրադառնալ Ամերիկահայ կրթական ծրագրի, որուն ուղին «երկա՜ր էր, սալարկուած էր ուղին կայծքարերով, ցանկուած՝ մուրտի փուշերով», մինչեւ որ ուղին որոշ չափով հարթուեցաւ եւ ունեցանք հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ եւ համալսարաններու մէջ՝ հայագիտութեան կաճառներ։
Կար ժամանակ, երբ Ամերիկահայ գաղութին մէջ հայերէնի - ակնարկս միշտ արեւմտահայերէնին է – պահպանման պայքարը կորսուած (lost cause) կը նկատուէր։ Բայց Ամերիկահայութիւնը, որ միշտ առատաձեռն եղած է, հսկայական ներդրումներ կատարեց եւ մենք ունեցանք հայ դպրոցներու ցանց մը Միջին Արեւելքի մէջ, ներառեալ՝ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի իրականացումը, որուն համար Ծառուկեան հետեւեալ ակնարկը ըրած էր Ամերիկահայութեան, որ սկսած էր ինքզինք կթան կով համարել։ Անդրանիկ Ծառուկեան կը յուշէ որ Սիմոն Վրացեանի հետ դրամահաւաք արշաւի մը ընթացքին ըսած է՝ «ճիշդ է որ կովի պատմութիւն կայ, բայց սխալ հասկցուած է։ Դուք այստեղ հայկական դպրոց չունիք։ Մենք շատ ունինք, բայց սուղ են։ Եկած ենք որ ձեր կովուն կաթը մեզի տաք որ մեր ձագուկներուն տանինք» («Մեծերը եւ Միւսները» գիրքէն)։
Գաբրիէլ Ինճեճիկեան հանդիսացաւ հայ դպրոցի ռահվիրան կամ նախակարապետը։ Գաղափարը այնքան արտառոց էր որ Լիբանանի «Այգ» թերթը, իր «բանբասանք կամ բանը ասանք» սիւնակին մէջ անդրադարձաւ Գաբրիէլի՝ Քալիֆորնիոյ մէջ դպրոց մը բանալու արտառոց գաղափարին։ Մնացեալը սփիւռքահայ պատմութիւնն է, իսկ Թեմի Արլէն-ը արգասիքն է այդ հարթուած ուղիին։
Յիշած էի որ Թենի Արլէն-ին «Կիրգով ըսելու՝ ինչո՞ւ հոս եմ» գիրքը հրատարակուած էր ՝ 2021-ին։ Բայց ես գիրքին մասին իմացայ գիրքին հրատարակութիւնէն չոր տարի ետք, անցեալ տարի՝ 2025-ին, իր եղբօրմէն, Դոկտ. Ճէսի Արլէն-էն, որուն գրաբարի եւ պատարագի թարգմանութեան առցանց դասընթացքին կը հետեւէի։ Հետեւաբար՝ սկսայ համացանցի մէջ փնտռել գիրքը որպէսզի կարդամ անոր մասին։ Զարմանքս մեծ եղաւ երբ անդրադարձայ որ գիրքին առնչուող գրութիւնները միայն լատինատառ հայ մամուլին մէջ տեղ գտած են, կամ՝ գէթ ես այդպէս տպաւորուեցայ, քանի որ հայատառ մամուլին մէջ գիրքին վերաբերեալ որեւէ ակնարկ եւ գրաքննադատութիւն չնկատեցի։ Գիրքը ապսպրեցի Քալիֆորնիա Ապրիլ գրատունէն։ Քանի մը ամիս ետք, գիրքին Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ որպէս երկլեզու հրատարակութիւն՝ «Կիրքով Ըսելու ինչո՞Ւ հոս եմ – To say with passion: Why am I here?”։ Թարգմանութիւնը ըրած էր եղբայրը՝ Դոկտ. Ճէսի Արլէնը, տեղադրելով գիրքին մէջ նոր յայտնուած բանաստեղծութիւններ ինչպէս նաեւ՝ գիրքի գրական գնահատական եւ ակնարկ՝ Թենի-ին երեւոյթին մասին, միշտ երկլեզու։ Կրկին անգամ, գիրքին այս երկրորդ հրատարակութեան մասին չկարդացի հայատառ մամուլին մէջ, այլ միայն լատինատառ հայ մամուլին մէջ։
Այս կը նշեմ, ըսելու համար որ սփիւռքի հայատառ մամուլը, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ դպրոցները անգիտացան Թենի Արլէնի երեւոյթին եւ չգնահատեցին իրենց իսկ առաքելութիւնը իրագործած այս հայուհիին վաստակը, Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանին գնահատանքով՝ «մօտ 120 տարիներու ընթացքին հայերէնով ստեղծուած ու լոյս տեսած գեղարուեստական գրականութեան առաջին հատորն է այս գիրքը (գրուածքային բովանդակութեան եւ ծաւալի աւանդական հասկացողութեամբ), որ արտադուած ըլլայ ամերիկածին անձի մը կողմէ։»
Թենի Արլէն-ը արդարացուց հայ կրթական աշխատանքը Ամերիկայի մէջ, այնպէս ինչպէս՝ իբր հայ դպրոցի սաներ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Դոկտոր Փաթափութեան եւ նոր գիտութիւններու ռահվիրայ Նուպար Էֆէյեան արդարացուցին սփիւռքահայ դպրոցի հիմնական առաջադրանքները։ Washington Post Ամերիկեան ծանօթ թերթը մասնաւորաբար անդրադարձաւ Նուպար Էֆէյեանի հայ դպրոցի աշակերտութեան՝ թերթին մէջ տեղադրելով Նուպարին նկարը իր դասընկերներուն հետ նկարուած։
Թէնի Առլէն-ին, «Կիրքով Ըսելու ինչո՞Ւ հոս եմ” գիրքը այսուհետեւ պէտք է իր արժանի տեղը գրաւէ սփիւռքահայ դպրոցներու դասագիրքերու ցանկին մէջ։ Պատճառներ որ այդպէս պէտք է ըլլայ շատ պարզ եւ հասկնալի են, կրկնութեան կարիք չկայ։ Թենի Արլէն երեւոյթին մասին կարելի է դասաւանդել նախակրթարանի դասարաններէն ներս եւ ուսումնասիրելով գնահատել վերի կարգերու դասարաններուն մէջ։ Ամերիկահայ դպրոցներուն համար նախընտրելի է որպէս դասագիրք գործածել երկլեզու հրատարակութիւնը, եթէ այլ եւ այլ պատճառներով առաջին հրատարակութիւնը որ ամբողջովին հայատառ է, ձեռնտու չէ։
Եթէ սփիւռքահայ դպրոցը մերժէ իր ուսումնական ծրագրին մէջ տեղ տալ Թենի Արլէնի այս ակնառու ձեռքբերումին – ինքնուս՝ հայերէն սորվիլու տրամադիր ըլլալ, ունենալ հոգատար ուսուցիչ եւ ապա հայատառ գիրք հրատարակել - ուրեմն կարելի է անվարան եզրակացնել որ սփիւռքահայ դպրոցը իր իսկ սփիւռքահայ կրթական առաքելութեան իրաւ գիտակցութիւնը չունի, եւ կը պատրաստէ իր աշակերտները իրողութեան մը համար որ սփիւռքէն չէ եւ սփիւռքի համար ալ չէ, այլ՝ ինծի անծանօթ տարբեր կրթական ծրագիր մըն է որուն ես \ծանօթ չեմ։
1/3 - Թենի Արլէնին երեւոյթը՝ նախ փիւռքահայ գրականութիւն – 1 / 3 -
2/3 - Թենի Արլէնին երեւոյթը՝ դէպի լեզու «վերադարձ»ը – 2 / 3 -

No comments:
Post a Comment