V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, February 13, 2026

«ԱՐՑԱԽԸ ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐՑԱԽԸ ԿԱ՛ ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛»`

Վահէ Յ Աբէլեան 


Այսօր, Ահարոն Շխրտըմեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայի գրառումը սկսած էր հետեւեալ պարբերութեամբ՝ որդեգրելով Ռուբէն Վարդանեանի խօսքը՝  «ԱՐՑԱԽԸ ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐՑԱԽԸ ԿԱ՛ ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛» որպէս վերնագիր։ Ահարոնը կը ճշդէ որ այդ խօսքերը  «չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ։ Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ։ Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ:  Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալ աթոռին վրայ նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը։ Երբ շատեր լռեցին, ան խօսեցաւ։ Երբ շատեր խուսափեցան «Արցախ» բառէն, ան՝ բարձրաձայնեց։» Եւ այսպէս Ահարոն Շխրտմեանն ալ կը ձայնակցի այդ կանչին որդեգրելով այդ խօսքը որպէս իր յօդուածին խորագիրը։

Բայց ես անով պիտի չի բաւականանամ, եւ պիտի ըսեմ նաեւ որ՝

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՂԵ՛Ր Է, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԱ՛ ԵՒ Ա ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛»

Պիտի բաւականանամ այս ընդհանրութեամբը եւ պիտի խնայեմ զգացումները մանրամասնելով եւ նոյնութեամբ կրկնելով մէկ առ մէկ, այն ամբողջ վայրերուն անունները որոնք կը կազմէին պատմական Արեւմտահայաստանը,  ինչպէս՝ Սասուն, Վան, Էրզրում, Մուշ, Խարբերդ,  Եւ Քոնեա գաւառին Էրէյլի քաղաքը ուր ծնած էր կեսրայրս, եւն։

Պէտք կզգամ նշել նաեւ որ՝

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԵՂԵ՛Ր Է, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿԱ՛ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛»

Հոս ալ պիտի բաւականանամ այս ընդհանրութեամբը եւ պիտի խնայեմ զգացումները մանրամասնելով եւ նոյնութեամբ կրկնելով անոր բաղադրեալ վայրերուն անունները տալով մէկ առ մէկ, ինչպէս՝ Ատանան, Զէյթունը, Հաճինը, Սիսը, Մարաշը – հանգուցեալ աներմօրս բնորանը, եւ մանաւանդ Պէյլանը, Աբէլեանն գերդասդանին պատմական ծննդավայրը զորս այցելած եմ։

Այս ամբողջ վայրերը կային, կան եւ կը մնան, բայց բացառձակապէս հայաթափ են։  Հոն այլեւս հայ կեանք չկայ։ Եւ այդ վայրերուն բացառձակ հայաթափումը, եւ հայութիւնէ ամլութիւնը, իմ տրամաբանական գիտակցութեանս ուշադրութեան կը յանձնեն որ ԿԱ՛ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛. եւ այդ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ գոյատեւումը ապահովելու համար կա՛ իրաւ ԲԱՐԻ ԴՐԱՑՆԻՒԹԵԱՆ բացառձակ հրամայականը, որ կը վարէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը։ 

Երէք ամիս եւ երէք շաբաթ մնացած է Յուիս ի ընտրութեան։ Ես ջատագով եմ Հայաստանի Խաղաղութեան Խաչմերուկի քաղաքականութեանը։ կը թելադրեմ որ Հայաստանի քաղաքացիները ընտրեն այդ քաղաքականութիւնը վարող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը։ Ընդիմադիր որեւէ կազմակերպութիւն ձարդ խաղաղ եւ բարի դրացնութեան՝ Խաղաղութեան Խաչմերուկի քաղաքականութիւնը չէ որդեգրած իր ընտրապայքարի հարթակին վրայ։ Ուր խաղաղ դրացնութիւն չկայ, կայ ոչ խաղաղութիւն եւ անոր հետեւանքները։

Կը մնայ Հայաստանի քաղաքացիներուն ընել իրենց քաղաքական ընտրութիւնը եւ տանիլ այդ քաղաքական ընտրութեան անդրադարձները Հայաստանի անմիջական դրացի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ այլ բարեկամ երկիրներու պետութիւններուն հետ. եւ բնականաբար պիտի ապրին հետեւանքները իրենց քաղաքական ընտրութեանը։

Չեմ գիտեր Ահարոնը Շխրտմեանը ինչ եզրակացուց որդեգրելով Ռուբէն Վարդանեանի խօսքը եւ որեւէ քաղաքական եւ կամ ընտրական թելադրութիւն ունի Հայաստանի քաղաքացիներուն, թէեւ երկուքս ալ Հայաստանի քաղաքացիներ չենք։

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment