Վահէ Յ Աբէլեան
Աւօ Կ. Պօղոսեանը, Յակոբ Կարապենցի «Գրողը ինք իր հետ» գիրքէն, հետեւեալ յատուածը տեղադրած էր, նշելով որ Յակոբ Կարապենցը այդ խօսքերը ըսած է աւելի քան քառասուն տարի առաջ: Այդ խօսքերը հետեւեալներն են՝ կը կցեմ ընդօրինակելով այնպէս ինչպէս Աւօ-ն տեղադրած էր իր ֆէյսպուքի էջին վրայ՝
«Եթէ երեկվա ուղղությունը սխալ է եղել, ապա այսօր պիտի նոր քաղաքականություն մշակել: Պիտի նստել ու ջոկել ազգային առաջադրանքները. որն է էականը, որը՝ երկրորդականը: Ազգային ԳՈՅԱՏԵՎՈՒՄԸ ավելի կարեւոր է, քան ազգային ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՎՈՒԹՅԱՆ շեփորումը: Դա չի նշանակում, թէ պիտի հրաժարվել ազգային գերագոյն երազից: Ուզում եմ ասել, որ մեր ոտքի տակ ամուր հող ստեղծելուց հետո է, որ քայլ առ քայլ եւ հանգրվան առ հանգրվան պիտի առաջանալ դէպի ամբողջական երազի իրականացում: »
Յակոբ Կարապենցի այդ խօսքերուն՝ - «մեր ոտքի տակ ամուր հող ստեղծելուց հետո է, որ քայլ առ քայլ եւ հանգրվան առ հանգրվան պիտի առաջանալ դէպի ամբողջական երազի իրականացում», - իմ մեկնաբանութիւնս հետեւալն է։
Այդ ամբողջկական երազը, որուն կ՚ակնարկէ Յակոբ Կարապենցը, կատարելագործել է Հայաստանը։ Անշուշտ որ ակնարկս ներկայ Հայաստանն է, որպէսզի ունենաք բացառձակ օրինապահ ժողովրդավար, առաջնակարգ սահմանադրական պետութիւն։ Իսկ մեզի համար այդ մէկը կատարելագործելը շատ եւ շատ երկար ուղի մըն է։ Հայոց պատմութիւնը ընդհանրապէս բռտատէրերու հպատակեցուցած, նուաճած, եւ հայ միտքը լուծի տակ առած, պատմութիւն է։ Հայաստանի այդ պատմութիւնը ձգած է իր խոր եւ նուաստացնող հետքերը, ինչպէս ցոյց կուտայ այսօրուայ իրավիճակաը ուր քաղաքականութիւնը վերածուած է սուրբ գրային մեկնաբանութեան, քանի որ այս ժողովուրդը տակաւին ժողովրդավարական պետութեան եւ եկեղեցիին սահմանդրական հասկացողութիւնը չունի։ Երէկ ընկերավարական տեսութիւնը դաւանող Դաշնակցականները, որոնք կը գործակցին եւ պէտքէ որ գործակցին առանց կրօնական նկատողութեան, խտրականութեան եւ կամ նախասիրութեան, հանդիպեցան Գարեգին Բ Կաթողիկոսին ոչ թէ ներշնչուելու ճամար անոր եւ անոր առաջնորդած էջմիածինի եկեղեցիին դաւանած Քրիստոնեայ դաստիարակութիւնէն, այլ ներկայ եղան աջակցելու Էջմիածին Եկեղեցիին հակա-պետական դիրքաւորոշումին, համարելով եկեղեցին որպէս քաղաքական ճակատ մը։
Իսկ եթէ այդ ամբողջական երազը հողային պահանջք է, ապա կը վստահեցնեմ որ ոչ մենք մեզմէ, եւ ոչ ալ մեր դրացիյին այդ երազանքը չենք կրնար պահել։ Նմանօրինակ խորքային կեղծ մտածողութիւնենէ ալ պէտք է որ ձերբազատէ ինքզինքը պետականացած այս ժողովուրդը։ Այդ պարագային, Հողային պահանջքը Հայաստանի քաղաքականութեան առանցքը կը կազմէ եւ Հայաստանը կը հետապնդէ այդ մէկը անսակարգ եւ ամէն գինով՝ կամ Հայասանին, այո՝ այսօրուայ իրաւ Հայաստանին, ամբողջջական կատարելագործման եւ վերելքին կը սատարէ անսակարգ եւ ամէն գինով։
«Ասել, որ (նախ) մեր ոտքի տակ ամուր հող ստեղծելուց հետո է, որ քայլ առ քայլ եւ հանգրվան առ հանգրվան պիտի առաջանալ դէպի ամբողջական երազի իրականացում:» Այսինքս ՀՈՂԱՅԻՆ պահանջք, ցնորական, աւելորդապաշտ միտք բանի մըն է որ մեզի պիտի զրկէ Հայաստանը կատարելագործելէ որպէս հանրապետական պետութիւն եւ տակաւին, պիտի դարձնէ Հայաստանը` այո, ներկայ իրական Հայաստանը, պատմական Հայաստանի՝ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի, պատմական Հայկական կիլիկեայի, պատմական Արցախի, կողքին։ Բայց պատմութեան էջերուն մէջ։
Կը մնայ ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական եւ կրօնական աօաջնորդներուն ընել այդ երկուքէն մէկուն ընտրութիւնը։
Իսկ իմ ընտրութիւնս՝ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան գործնապաշտ – pragmatic – քաղաքականութիւնն է, իր ամէն դերութիւններով, կատարելագործելու համար այսօրուան Հայաստանը որ է նաեւ վաղուան Հայաստանը` միշտ աւելի բարգաւաճ։

No comments:
Post a Comment