V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, August 31, 2023

Արմենակ Եղիայեան՝ Ի պէտս զարգացելոց մանկանցն Թորգոմայ

 Հայերէնը կը զուարճանայ (135) և Մրցոյթ 134.


       Հայերէնը կը զուարճանայ (135) և Մրցոյթ 134.

         Կրակվառիչ  

              Կրակը կարելի՞ է վառել...

              Կարելի է վառել/այրել մատը,  լեզուն,  վրան-գլուխը, տուն մը, թէկուզ ամբողջ քաղաք մը՝  Հռոմի Ներոնին հետեւողութեամբ, բայց վառել  կրակը... ահա այս է, որ ըմբռնելի չէ հոսհոսներուս, սակայն ըմբռնելի է արեւելահայուն:

               Եթէ ծխախոտ մը ծխելու համար  յանկարծ նկատեցիր, թէ լուցկի չունիս, ապա կրնաս դիմել արեւելահայ անցորդի մը եւ հարց տալ, թէ «կրակվառիչ» ունի՞ արդեօք: 

               − Խնդրեմ,− պիտի փութայ ան եւ գրպանէն  հանէ քու գիտցած... հրահանդ: 

               Եւ այսպէս, այն սարքը, որ քեզի համար  «կրակ կը հանէ», արեւելահայուն համար  «կրակ կը վառէ», որքան ալ  տրամաբանութիւնդ մերժէ... այս այսպէս է:

                                                                     *   *   *

                Կը թուի, թէ բառս ունի ժողովրդախօսակցական   կիրարկութիւն միայն, քանի ան չէ մտած բառարաններու մէջ.

                 --Մալխասեանն ու Ակադեմիայի բացատրականները ընդմիշտ չունին զայն:

                 --Աղայեան ունի «կրակվառիչ. տե՛ս լուցիչ»: 

                 --Լուցիչ-ին կը յղեն նաեւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանն ու Բարսեղեանի ուղղագրական-ուղղախօսական բառարանը, որ եղածներուն մէջ  ամենածաւալունն է:  

                 Իսկ այդ լուցիչ-ը հազիւ թէ ընդհանրանայ  կամ կարենայ թէկուզ մասնակի ժողովրդականանալ, վասնզի շատ գրաբար կը բուրէ (լուցանել-լուցիչ), իսկ արեւելահայը լեզուական/բառային  բծախնդրութեան համար նման յանձնառութեան տակ մտնողն ու քունը կորսնցնողը չէ.  ան «կը վառէ իր կրակը», − դուն հազար  ըսես, որ կրակը վառելու պէտք չունի:    

                 Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար, որ լրագրող մը Ազգային ժողովի  լուսապսակ պատգամաւորին հարցնէր, թէ  «ի՞նչ կը հասկնայ լուցիչ ըսելով»: Նայինք թէ  մէկն ու մէկը պիտի բան մը գիտնա՞ր, թէ՞ գայթակղած հարցնէր.

                  −Էդ ինչ ա՜՜՜...        

                                                                               *   *   *

         Ափսոս է:

         Մեր երկու բարբառներու բառապաշառի  օժիտի յղացքը ակնկալուած  ներդաշնակութեամբ չէ ընթացած. եւ թերացողը արեւելահայն էր, որ ծուէն-ծուէն զոհեց  աշխարհաբարի  այնքան զոհողութիւններով առկայացող պատուաբեր բառագանձը, շնորհիւ մասնաւորաբար Մխիթարեաններու նպաստին, առանց անտեսելու պոլսահայ բառակերտիչներու  ու բառարանագիրներու այնքան փայլուն արգասիքը:

         Արեւելահայը աչքին մէկ անկիւնով միայն դիտած է այս բոլորը, շատ աւելի ականջալուր մնալով ժողովրդախօսակցական  հայերէնին՝ անյագուրդ իւրացնելով այնտեղ առկայ  թրքաբանութիւններն ու մնացեալ օտարաբանութիւնները:

         Մինչդեռ բոլոր կարելիութիւնները կային, որ  զուգահեռ ընթանային մեր ճիգերը եւ միաձեւ բարեկարգուէին  մեր զոյգ բարբառները: 

         Այսօր արդէն կը խօսուի «արեւմտահայերէնի բառարան»-ի մասին, եւ աւելի քան երեսնամեակ մըն է շրջանառութեան մէջ են Արտեմ Սարգսեանի  եւ Ռուբէն Սաքապետոյեանի «Արեւմտահայերէնի  բառարան»-ները, ուր  կ’ակնարկուի աւելի քան 20.000 բառի, որոնք... «արեւմտահայերէն են», այսինքն՝ մուտք չեն գործած արեւելահայ բառարաններու մէջ: Ուղղակի շշմեցուցիչ է. մեր լեզուները ուրեմն այսքա՞ն հեռացած են իրարմէ հոն,  ուր մենք միշտ ալ դաւանած ենք՝ ըլլալ նոյն ժողովուրդը եւ  ունենալ նոյն լեզուն:

         Ինչպէ՞ս ու ե՞րբ յառաջացաւ այս հրէշային անջրպետը:

         Ո՞ւր փնտռել պատասխանատուները այս պատկերին:

         Շատ պարզ է. արեւելահայ մտաւորականութեան մէջ,  քանզի ա՛ն է հիմնական բաժանարարը՝ իր  ռուսամոլութեամբ, օտարապաշտութեամբ եւ ասոնցմէ բխող այլասերութեամբ: Եւ նման ախտագին կացութեան մը լուծում բերելու նուազագոյն ճիգը չթափեց Տերմինաբանական կոմիտէն, որ արեւելահայերէնի բառապաշարը տնտեսող  մեծագոյն հեղինակութիւնն էր:

         Այս մտայնութեան զոհերէն մէկն ալ հրահանն է:

                                                                  *  *  *

Հազարամեակներու հնութիւն ունի  հրահան   բառը: 

Զայն զուգահեր գործածած ենք երկար դարեր ու հազարամեակներ:

Կը բնորոշէր  նախնական սարք մը, որ կը բաղկանար  դիւրավառ նիւթէ մը, որ աբեթ կը կոչուէր: Իբրեւ աբեթ կը ծառայէին զանազան սունկեր, այլազան  բոյսերու դիւրավառ կեղեւներ, բայց  նաեւ տնայնագործական կծիկներ, որոնց նախանիւթը քուրջն ու բամպակն էր: Աբեթը բռնկեցնելու համար կը գործածուէր կայծքարը, որ պողպատի շերտի մը հարուածներու տակ կ’արձակէր կայծեր, որոնք կը բռնկեցնէին աբեթը:

         Այս սարքը մեր բարքերուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հազարամեակներէ իվեր. «Նոր հայկազեան»-ը կը թուէ զայն, կու տայ բազմաթիւ  օրինակներ  ու կը սահմանէ այսպէս. 

         --որ հանէ յիւրմէ հուր (թրք.  çakmak “չաքմաք”) 

         --պողպատ եւ գայլախազ

         Գայլախազ-ը՝ կայծքարն է:

         Անշուշտ լուցկիի երեւումին հետ ան կամաց-կամաց նահանջեց, իսկ կազային այնքան կոկիկ ու գործնական սարքերու  հետզհետէ ճոխացող տեսականիի երեւումով բոլորովին անհետացաւ:

         Արեւմտահայը շատ բնական հակումով մը հրահան եզրը հետզհետէ փոխադրեց նոյն այս արդիական սարքերուն  վրայ , եւ այնքան բնական ընթացք մըն էր այս, մանաւանդ որ շփոթի տեղիք ալ չէր մնար, քանի  հին սարքը այլեւս անհետացած է մեր բարքերէն՝ ձգելով  միայն իր անունը, որ  իրերու բոլորովին բնական բերումով յատկացուած է նորին:

         Թրքերէնը յաջողեցաւ ընել նոյն բանը. երբեմնի  çakmak անունով  բնորոշեց  արդի սարքերը եւս ու վերջ:

         Այս բնական քայլը չառաւ արեւելահայը:

         Հրահան  եզրը անոր լեզուական բարքերուն մէջ շարունակած է մնալ  ու կը մնայ առ այսօր բառարաններու դիարանին մէջ՝ բնորոշելու համար միայն հին սարքը՝ պողպատ-կայծքար-աբեթ  համոյթը, իսկ նորերուն յատկացուցած է լուցիչ՝ մերժուած եւ ճոռոմ եզրը,  մինչ հանրութիւնը կը ճանչնայ կրակվառիչ այլանդակութիւնը՝ բոլորովին անհաղորդ մնալով  այնքան կիրթ ու բարեհունչ հրահան-ին, որուն հաղորդ է յետին արեւմտահայը:               

          Մրցոյթ 133. 

         ***Կէտերը փոխարինէ չորս բառերէն մէկով՝ 

                                     կարիք,  պատճառ, տեղիք, պարագայ.

         ---Ապահովական կացութիւնը մտահոգիչ չէ, եւ իրարանցումի տեղիք չկայ:

         ***Դի՛ր պակսող ստորակէտը.

         ---Տղայ թէ աղջիկ կը պարէին:

             Տղայ, թէ աղջիկ էր պարողը:

         ---Կէսօրին մեզի եկուր կամ ճաշարան մը  գնա-ճաշէ:

              Կէսօրին մեզի եկուր, կամ ճաշարան մը երթանք-ճաշենք:     

         ***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

         --- Հայրենի իշխանութիւններուն այս վարուելակերպը  ձախող քայլ մըն է:

         ---Ռ. Դաշնութիւնը  կը ցանկայ վերահսկել մի՛այն  իր  սեփական տարածքները:

         Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (9), Գէորգ եազըճեան (7), Վարդի Դանիէլեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (5),  Պերճ Տէր Սահակեան (3), Համբարձում Յարթունեան (3), Եփրեմ Թոքճեան (7), Գեղամ Խաչատրեան(4):

         Մրցոյթ 134.

         ***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

         ---Հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց միայն հետեւելու  իր կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան:

         ---Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ամէնէն վտանգաւոր թղթածրար-ներէն է:

         ---Նամակին բովանդակութիւնը, ո՛չ միայն կ’ապշեցնէ մեզի, այլ չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ մը կը պարզէ:

         ***Ո՞ր,  թէ՞ որպէսզի.

         ---Միջազգային քայլերը կրնան նպաստել, .......... վերացուի միջանցքին  փակումը:

         ---Պէտք է ստիպել Ազրպեյճանը, ..........  վերջ տայ Արցախի շրջափակման: 

         armenag@gmail.com                                                                               Արմենակ Եղիայեան 

         

         

 

 

 

           

No comments:

Post a Comment