Վահէ Յ Աբէլեան
See my note in English below
«Կէաւուրուն սոն ախլը՝ պենիմ օլայտը»՝ Թրքական առած մըն է որ չէի լսած։ Իմ լսածս հետեւեալն է, կամ անոր նման բան մըն է, որ կ՚ըսէ «Կէաւուրուն սոն ախլը»։ Այսինքն անհաւատին խելքը ուշատցած կը հասնի գլուխը։
Հարգուցի իմ նախկին ուսուցչիս՝ ատամնաբոյժ - լեզուագէտ եւ Թրքագետ Արմենակ Եղեայեանին։ Հետեւալ բացատրութիւնը տուաւ։
«Առածը կ'ըսէ՝ «Կէաւուրուն սոն ախլը՝ պենիմ օլայտը»:
Ուրեմն կէաւուր-ը անհաւատն է, սակայն հաւանաբար նկատի ունի յատկապէս հայը:
Այսինքն՝ «Անհաւատին վերջին խելքը իմաս ըլլար»:
Ինչպէ՞ս ծագած է այս ասոյթը կամ ինչի՞ վրայ կը հիմնուի ան:
Ուրեմն նկատուած է,-- թուրքը նկատած է,-- որ կէաւուրը ճիշդ ոդոշումը իր ժամանակին չի տար, երբ հարկն է, առիթը կը փախցնէ, դէպքերը «կէաւուրին» համար աննպաստ կը դասաւորուին եւ միայն այդ բոլորէն ետք է, որ «կէաւուրը» կ'անդրադառնայ, թէ ճիշդ ի՞նչ պէտք էր ընէր, ի՞նչ որոշում պէտք էրտար, ի՞նչ ընտրութիւն պէտք էր կատարէր: Այլ խօսքով, խելքը գլուխը կու գայ, երբ արդէն առիթը անցած է:
Թուրքը ահա այդ մտածումը գնահատելով կ'ըսէ՝ «երանի իմս ըլլար ան, քանի ճիշդ մտածում մըն էր, որ սակայն «կէաւուրը» առիթէն չօգտուեցաւ:»
Հետաքրքրական է եւ կարելի չէ ըսել որ ճշմարտութիւն չկայ այդ խօսքին մէջ։ Հետեւալ երեւոյթը մտահան չեմ կրնար ընել
Նոյեմբեր 10, 2020-ին, խուլիկաններ աւերեցին Հայաստանի Ազգային Ժողովի սրահը, ինչպէս նեաւ վարչապետին գրասենեակը եւ Ազգային Ժողովի նախագահը՝ Արարատ Միզոյեանը խոշտանգեցին մեռցնելու աստիճան։ Իսկ մեր բանիմացները, գրիչով զրահաւորուած, վարչապետը դաւաճան, հողատու կոչելու արշաւ մը սկսան քանի որ մեր հազարաւոր երիտասարդներու կեանքերուն գինով ստացած պայմանագիրին տակ վարչապետը դրած էր իր ստորագրութիւնը, որու մելանը տակաւին չէր իսկ չորցած։ Այդ խուլիկանները ներկայիս Երեւանի փողոցներուն վրայ կը շարունակեն վայելել իրենց պատկան կուսակցութիւններուն եւ իրենց հուանաւորող անձերուն անվերապահ աջակցութիւնը։ Բայց նոյն այդ բանիմացները ներկայիս կը դատապարտեն Ազրպէյճանը որ իր ստորագրած պայմանագիրը,- այդ մեւնոյն պայմանագիրը որ իրենք մերժած էին,- չի յարգեր։ Ես զիս չեմ կրնար հաւաստիացնել որ Ալիէւը նկատի առած չէր այդ ներքին պառակտումը։
Այս մէկը` «Կէաւուրուն սոն ախլը՝ պենիմ օլայտը»-ի ձայտուն մէկ օրինակը չէ՞ արդեօք։ Անկասկած որ hեգնութեամբ է որ՝ «Թուրքը ահա այդ մտածումը գնահատելով կ'ըսէ՝ «երանի իմս ըլլար ան,.....»։
Ծուռ նստինք եւ շիտակ խօսինք՝ հապա ի՞նչ էր։
*****
The attached post is relevant to the matter discussed above. I had posted it on on May 26, 2023
“I CAN'T JUST DISMISS - Today I read that Oath Keepers leader Stewart Rhodes was sentenced to 18 years of imprisonment for his role in the U.S. Capitol riot on January 6. That is one hefty, life altering price to pay. Over 1000 persons were sentenced for taking part in that riot, but his is the harshest by far. I just cannot dismiss from my mind that on November 10, 2020, unruly Armenians sacked the National Assembly Hall, the PM’s office in Yerevan for having signed the Novemeber 9, 2023 agreement between Armenia and Azerbaijan brokered by Russia. The hudloom also gave the speaker Ararat Merzoyan a beating. However, they now roam free in Yerevan and may even enjoy the appreciation of the organizations they belonged to and the storng men who supported them. To top it, our pundits joined the crowd from their offices with their pens and resorted to calling the PM traitor. Sad Armenia and poor Armenians…….”
Nowadays the same Armenian pundits decry Azerbaijan for reneging the agreement it signed, the same agreement the same pundits rejected! I cannot dismiss from my mind that the Azerbaijani cunning strong man Aliev became aware of the internal division and took advantage.
No comments:
Post a Comment