Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը, հայ քնարերգութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն ըլլալով հանդերձ, բաւականաչափ չէ ընթերցուած մասնաւորաբար իր լեզուին պատճառով, որ գրաբարախառն է, իսկ յաճախ ալ բոլրովին գրաբար է, ինչպէս ստորեւ բերուած գողտրիկ հատուածը, որ գրեթէ անծանօթ է արդի հայուն:
Ահա առիթ մը՝ մեր յարգանքի մէկ համեստ տուրքը վճարելու այս տաղանդաւոր բանաստեղծին եւ անզուգական հայուն:
***
Երգ հայրենի
Մինչդեռ յուսով խայտայ բնութիւն Մինչ յոյսով կը խայտայ բնութիւնը
Յետ դառնաշունչ ձմերայնւոյն Դառնաշունչ ձմեռէն ետք,
Եւ ի գաւառն իմ հայրենի Եւ իմ հայրենի գաւառս
Գեղածիծաղ դառնայ գարուն, Կը վերադառնայ գեղածիծաղ գարունը,
Մինչ բոյր ի բոյր փթթին ծաղկունք Մինչ բոյր առ բոյր կը փթթին ծաղիկները
Եւ ճռուողեն նորեկ ծիծռունք,− Եւ կը ճռուողեն նորեկ ծիծեռնակները,−
Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ, Քեզի պիտի վերադառնամ այն ատեն,
Ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան: Ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:
Ո՛չ հելվետեան ինձ դաշտավայրք Ո՛չ զուիցերիական դաշտավայրերը
Կամ թէ զուարթ մարգագետինք, Կամ թէ զուարթ մարգագետինները,
Ո՛չ քան զքեզ չքնաղագեղ Ո՛չ ալ քեզմէ աւելի չքնաղագեղ են
Իտալական պայծառ երկինք, Իտալական պայծառ երկինքը,
Հեռի քեզմէ պանդուխտ գոլով՝ Քեզմէ հեռու պանդուխտ ըլլալով՝
Քոյովդ յար տապիմ անձկով,− Քու անձկութեամբդ կ’այրիմ յար,−
Ի խանձարուրդ իմոց կենաց, Քեզի՝ իմ կեանքիս խանձարուրիդ,
Ո՛վ Հայաստան, առնեմ ես դարձ: Ո՛վ Հայաստան, պիտի վերադառնամ:
Գայցեն աւուրք, ուր մանկութեան Պիտի գան այն օրերը, ուր մատղաշ
Անկցի տիոցս իմ գեղ դալար, Հասակիս դալար գեղը պիտի խամրի,
Եւ յինէն խոյս տացեն վայելք Եւ ինձմէ խոյս պիտի տան կեանքի
Կենաց թեթեւ ի գարշապար, Վայելքները ՝ թեթեւ ոտքերով,
Ուր հէգ մուսայս մատն ի յերեր Երբ հէգ մուսաս, իր երերացող մատներով,
Մոռանայցէ երգել զսէր,− Պիտի մոռնայ սէրը երգել,−
Զնինջ ի ծոցդ առնում յայնժամ, Այն ատեն քու ծոցիդ մէջ պիտի ննջեմ,
Ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան: Ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:
(Բազմավէպ, 1850, թիւ 14) Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան (1828 −1868)
https://vhapelian.blogspot.com/2021/01/blog-post_17.html
Օրերը
Օրերն անդարձ, խոստմնադրուժ ճամբորդներ են,
Որոնք, նման տերվիշներու, բոկոտն անձայն,
Ժամանակի անծայր ճամբէն կ’անցնին-կ’երթան:
Ձեռքերուն մէջ իրենց ունին թագ ու աստղեր
Եւ շրթներուն՝ իմաստութիւն, վիշտ ու ծիծաղ,–
Մեծ իղձերու անոնք աներգ մեռելաթաղ:
Ոչինչ մնաց, անցեալի դուռն է յաւէտ փակ,
Եւ մանկութիւնս՝ հեռու պարտէզ կախարդական:
Մեկնող օրեր զիս խաբեցին ու ետ չեկան:
Բայց կը սպասեմ ես տակաւին իրենց դարձին՝
Ստանալու խոստումն անուշ, որ կ’ուշանայ,
Մինչ երկինքը կ’ըլլայ օրուան դագաղն անհուն:
Եղիվարդ
(Եղիշէ վ. Տէրտէրեան)
Ոչինչ չի փոխուի
Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում,
Ու չի պակասի աշխարհում ոչինչ,-
Մի լոյս կը մարի հինգերորդ յարկում,
Կը մթնեն մի պահ աչքերը քո ջինջ։
Բայց հաւքերն էլի հարաւ կը չուեն,
Մանուկներն էլի կը խաղան բակում,
Կանաչներն էլի ցօղով կը թրջուեն,
Ծաղիկներն էլի կը շնչեն մարգում։
Կը վառուի լոյսը հինգերորդ յարկում,
Կը ժպտան նորից աչքերը քո ջինջ,
Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում,
Եւ չի պակասի աշխարհում ոչինչ։
Համո Սահեան
***
«Սիրա՛ն, Սիրա՛ն , կը ճանչնա՞ս այս ձայնը, կը լսե՞ս այս շունչը եւ կը զգա՞ս այս մատներուն շոյանքը խենթ ու սէրէ գինով մարմինիդ վրայ... տառապա՜նքը այս մատներուն՝ պրկուած ու փարումի պատրաստ թեւերուդ շուրջ... Է՜հ, գիտեմ, չունի՜ն անոնք իտէալ քնքշութիւնը երազած ձեռքերուդ, բայց փոխարէնը կը ճանչնան, գիտե՜ն, գիտե՜ն բոլոր տարաշխարհիկ տենչանքները, անծանօթ ու խենթ ապրումներու անյագ ծարաւը, որ կը գալարէ մարմինդ սիրոյ գիշերներուն... Կը ճանչնա՞ս շրթներս, հեթանոսական մարմինիդ մութ ճամբաներէն երկիւղածութեամբ ու աչքերնին գո՜ց սահող այս շրթները ... մարմինիդ սրբավայրին բոլոր դարպասներուն ու բոլոր խորաններուն առջեւ նո՛յն վերացումով ու վարարող ջերմեռանդութեամբ տառապող այս շրթները... հե՜ւքը այս շրթներուն, հե՜ծքը այս շրթներուն ու վէ՜րքը այս շրթներուն, մազերէդ վեր, ուսերէդ վար, կուրծքերուդ դէմ... Կը լսե՞ս անոնց միա՛կ ու անվերծանելի աղօթքը, անոնց գիտցած միակ կանչը՝ խեղդամահ թշուառին որպէս հուսկ ճիչն աղաչական, բերկրապատա՜ռ ծիծեռնակին իբրեւ ճռո՜ւողն անմահական՝ Սիրա՜ն, Սիրա՜ն..
Անդրանիկ Ծառուկեան
[1] Սիրան Զարիֆեան՝ Սեզա
No comments:
Post a Comment